Թրքահայ կեանք

ԹԱՐՄ ՅՈՅՍԵՐՈՎ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ

Թրքահայութիւնը երէկ սրտաբուխ աղօթքներով տօնախմբեց Տիրոջ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան խորախորհուրդ տաղաւարը:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը պատարագեց Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Գումգաբուի աւանդական ընդունելութեան մթնոլորտը պայմանաւորեցին ազգային-եկեղեցական կեանքի հրատապ հարցերէն ծագած մտահոգութիւնները՝ համայնքային նորընտիր վարիչներու ներկայութեամբ:

ԿՈՒՍԱԿԱԼԷՆ ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔ

Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա շնորհաւորեց թրքահայութեան Սուրբ Ծնունդը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ Գումգաբուի պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին ընթերցեց կուսակալ Երլիքայայի շնորհաւորականը, ուր բարեմաղթութիւններ հասցէագրուած էին մեր համայնքին։

ՏԱՐԵՄՈՒՏԸ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ Ամանորի առթիւ տեղի ունեցաւ մեծ հաւաքոյթ մը։ Վարչութեան փոխ-ատենապետուհի Ալին Շէնճանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած ընթրիքը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի գատըգիւղցիներ եւ արամեանցիներ համախումբ ձեւով դիմաւորեն Նոր տարին։

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցէն ներս Ամանորի շրջանին մասնաւոր խանդավառութեան առիթ դարձաւ՝ Մխիթարեան սանուց միութեան նախաձեռնած «500 ծիծղուն աչք» ծրագիրը, որ այս տարի հերթական անգամ կեանքի կոչուեցաւ։

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂ. ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն՝ ընկերակցութեամբ Ելիզ Էօղրէթի եւ Քոզէթ Աւանուսի։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՄԱՆՈՐԸ

Մխիթարեան վարժարանի ընտանիքը Նոր տարին դիմաւորեց աւանդական խանդավառութեամբ։ Դեկտեմբեր ամսուան տեւողութեան արդէն տղաքը փուլ առ փուլ պատրաստուած էին Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի խորհուրդին եւ կազմակերպուած բոլոր հանդէսներն ալ մէկ կողմէ ստեղծեցին ոգեւորութիւն, իսկ միւս կողմէ առիթ դարձան, որպէսզի տղաքը այդ խորհուրդներուն հաղորդ դառնան։

ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆԷՆ «ԱՇԽԱՐՀԻ ՉՈՐՍ ԾԱԳԵՐԷՆ»

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երէց սերունդի մտաւորականներէն Արամ Գամպուրեան ներկայ տարեմուտին գրասէրներու տրամադրութեան տակ կը դնէ նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Աշխարհի չորս ծագերէն»։

Էջեր