ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԸՆՏՐԱՑՈՒՑԱԿՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿԱԽՈՒԻՆ ԱՅՍ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ
Համայնքային շրջանակները անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւին Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան գործընթացին։ Մարտի 12-ին նախատեսուած քուէարկութեան ընդառաջ, ատենապետ Խաչիկ Սարըլըի կողմէ գլխաւորուած ընտրական մարմինը ամբողջ թափով յառաջ կը տանի կազմակերպչական աշխատանքները։
Սթոքհոլմի մէջ, Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ Քուրանի հրկիզումը բողոքի մեծ ալիք մը ստեղծեց:
Կը տեղեկանանք, որ «Բարեկամ» ընկերային զօրակցութեան խմբակը վերջերս իրականացուցած է շարք մը երախտագիտական այցելութիւններ՝ տարեմուտի առթիւ։
CRR-ի մէջ, Հարպիյէ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ բացառիկ համերգ մը։ Բառին բուն իմաստով արտասովոր ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին սրահը բերնէ բերան լեցուցած երաժշտասէրները ունեցան անմոռանալի ապրումներ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքէն խումբ մը լուսանկարիչներ հանդէս կու գան նոր նախաձեռնութիւնով մը՝ ստեղծելով «Պոլիս լուսատու» հարթակը։ Այս խմբաւորումը կը նախատեսէ մէկտեղել պոլսահայ արհեստավարժ կամ սիրող լուսանկարիչներ եւ կեանքի կոչել համատեղ նախագիծեր։
Էսաեան վարժարանի մէջ Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ տեղի ունեցաւ տօնական փայլուն հանդէս մը։ Ի տարբերութիւն մեր համայնքային բազմաթիւ դպրոցներէն՝ Էսաեանի մէջ հանդէսը տեղի ունեցաւ տարեմուտի առաջին օրերուն։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեներգիչներ Սիպիլն ու Անտրէն։ Վաղուան համերգին ընդառաջ անոնք փափաքած էին մեզի այցելել եւ տեղեկացնել, որ բոլոր երաժշտասէրներուն կը խոստանան հաճելի ժամանց։
Երաժշտասէրները արդէն անհամբերութեամբ կը սպասեն այս չորեքշաբթի երեկոյեան՝ Հարպիյէի CRR համերգասրահին մէջ նախատեսուած Սիպիլի մեծ համերգին։ Երկար ժամանակ վերջ համակրելի մեներգչուհին Իսթանպուլի մէջ հանդէս պիտի գայ ելոյթով մը։