ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ ԵՒ ԱՌԱՆՑՔՆԵՐ
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկ երեկոյեան համայնքային շրջանակները հիւրընկալեց՝ ներկայացնելու համար շուրջ տասնմէկ ամսուան գործունէութեան արդիւնքները, որոնք ողջունելի պատկեր մը կը պարզեն եւ յոյս կը ներշնչեն մօտաւոր ապագային նոր ձեռքբերումներ ապահովելու առումով:
Ատենապետ Սարգիս Չեթինքայա երախտագիտութիւն յայտնեց Պետրոս Շիրինօղլուին, Տիգրան Կիւլմէզկիլին եւ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուին, որոնց ջանքերով իր գլխաւորած կազմը կարողացաւ գործի գլուխ գալ՝ ներառական ընտրութեան մը հիման վրայ:
Կարպիս Էվեափան եւ Սայաթ Տելիճէ մանրամասն բացատրութիւններ տուին՝ ներկայացնելով հաշուեկշիռ մը, որու երեսակները կը համընկնին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման առաջնահերթութիւններուն:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը գնահատանքի խօսքին մէջ ընդգծեց՝ բաժնելու ոգին ամրապնդելու հրամայականը: Հարցումներու եւ առաջարկներու ժամանակ ուշագրաւ ելոյթներ ունեցան նաեւ Ֆէրիգիւղի, Պէյօղլուի եւ Սամաթիոյ եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները՝ Մանուկ Էօղէր, Աքսել Թոփալեան եւ Նուրհան Տավուլճեան: