«ԱՌԱՋՆՈՐԴ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԵԼՈՅԹԸ
Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ, երէկ երեկոյեան, Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ» պարախումբի ներկայացումը։ Համակրելի արուեստագիտուհի Նաթալին Պոզ Եըլմազի առաջնորդութեամբ անցեալ եղանակին յառաջ տարուած պարի դասընթացքներուն տարեվերջի ներկայացումն էր այս մէկը։
Երեւանի մէջ ներկայիս տեղի կ՚ունենան Չինական մշակոյթի օրեր։ Բազմակողմանի յայտագիր մը կը գործադրուի այս շրջագծով։ Հայաստանի եւ Չինաստանի մշակոյթի նախարարութիւններուն համագործակցութեամբ կազմակերպուած է այս ձեռնարկը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նորութիւններու ակնառու լուսաբանման՝ «Կարճ վաւերագրական նիւթ/ֆիլմ» անուանակարգին մէջ Ամերիկեան ազգային հեռուստատեսային ակադեմիոյ՝ «Նոր Անգլիա Էմմի» մրցանակը (New England Emmy Awards - Outstanding News Report - Serious Feature) վերջերս շնորհուած է 25-ամեայ Անոյշ Էլպաքեանին: Ան նախապէս ստացած է երկու այլ հեղինակաւոր մրցանակ եւս:
Երեւանի մէջ սկսած է Արամ Խաչատուրեանի յիշատակին ձօնուած խմբավարական միջազգային մրցոյթը, որ այս տարի կը կազմակերպուի 12-րդ անգամ։ Ձեռնարկը ձօնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակի յոբելեանին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ