ՈԳԵՂԷՆ ԱՊԱՐԱՆՔԸ
ՎԱՀԷ ԹԱՇՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 2010-ին կը գտնուէի Պէյրութ։ Այցելութիւն մը տուած էի բարեկամիս, որ նոր վերադարձած էր Սիս-Քոզան կատարած աշխատանքային ճամբորդութենէ մը։ Խանդավառ ցոյց կու տար իր քաշած լուսանկարները, որոնց շարքին կարեւոր տեղ մը կը գրաւէր Եաւէրին Քոնաքը, Սիս-Քոզանի հրաշագեղ տուներէն մէկը։