Ընկերա-մշակութային

ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱՅԱՋՈՂ ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐԸ

Աշ­խար­հահռ­չակ ֆրան­սա­ցի դաշ­նա­կա­հար Ռի­շար Քլայ­տէր­ման այ­սօր հա­մեր­գով մը հան­դէս կու գայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Օ­փե­րա­յի եր­դի­քին տակ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ այս ձեռ­նար­կը։ Վա­ղը եւս Քլայ­տէր­ման գե­ղարուես­տա­սէր­նե­րուն պի­տի ներ­կա­յա­նայ երկ­րորդ հա­մեր­գով մը։ 

ՄԻՆԱՍԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԸ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Քա­ռա­սուն տա­րի ա­ռաջ, 1975 թուա­կա­նի Փետ­րուա­րին, Ե­րե­ւա­նի մէջ, ա­ռեղծուա­ծա­յին ար­կա­ծի հե­տե­ւան­քով կեան­քէն հե­ռա­ցաւ 20-րդ դա­րու հայ հան­ճա­րեղ նկա­րիչ­նե­րէն մէ­կը՝ Մի­նաս Ա­ւե­տի­սեան, որ հայ ա­րուես­տի պատ­մու­թեան մէջ մնաց Մի­նաս ա­նու­նով:

«ՓԱԽՉՈՂ ՔԱՂԱՔԸ»

«Այ­րըն­թը» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը «Ընդ­յա­տա­կեայ գրա­կա­նու­թիւն» մա­տե­նա­շա­րով հրա­տա­րա­կեց Հա­յաս­տա­նի գրա­կա­նու­թեան ե­րի­տա­սարդ ու նոր հե­ղի­նակ­նե­րէն Յով­հան­նէս Թէք­կէօ­զեա­նի «Փախ­չող քա­ղա­քը» (Kaçan Şehir) վէ­պը։ Այս ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը շար­ժա­պատ­կե­րի վե­րա­ցա­կան պա­տում մըն է, ուր միա­հիւ­սուած են խորհր­դա­ւորն ու քա­ղա­քա­յին կեր­պար­նե­րը, պատ­կե­րե­լին ու ծի­ծա­ղե­լիի նուրբ ան­ցում­նե­րը։ Հե­րոս­նե­րու իւ­րօ­րի­նակ վար­քա­գի­ծե­րը կը բա­ցա­յայ­տուին հո­գե­բա­նա­կան հար­ցազ­րոյց­նե­րու, շար­ժա­րուես­տի հնարք­նե­րու, դի­ցա­բա­նա­կան պա­տու­մի եւ բջջա­յին պատ­գամ­նե­րու մի­ջո­ցով

«ՏՈՒՏՈՒԿ ԱՆԱՏՈԼԻԱ» ՀԱՄԵՐԳԸ ՍՏԵՂԾԵՑ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

«Տու­տուկ Ա­նա­տո­լիա» հա­մեր­գը ե­րէկ ի­րի­կուն կա­յա­ցաւ Թաք­սի­մի «60m2» կո­չուած սրա­հին մէջ։ Ա­նուա­նի տու­տու­կա­հար Սու­րէն Ա­սատ­րեա­նի կող­քին բեմ ա­ռին հա­րուա­ծա­յին գոր­ծիք­նե­րու սի­րուած ա­նուն­նե­րէն Հեր­ման Ար­թուչ, դա­սա­կան կի­թա­ռի տա­ղան­դա­ւոր դէմ­քե­րէն Ռո­նի Ա­ռան Ա­տը­պել­լի եւ ճա­զա­յին կի­թա­ռի մաս­նա­գէտ Ճէմ Նա­սու­հօղ­լու։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ԿԸ ՀԱՄԱԼՐՈՒԻ ԱՐԴԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՆՄՈՅՇՆԵՐՈՎ

Ե­րե­ւա­նի նոր­ահաս­տատ Կո­մի­տա­սի թան­գա­րա­նը ար­դէն ա­ռար­կայ կը դառ­նայ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան շրջա­նակ­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Թէեւ տա­կա­ւին շատ կարճ ժա­մա­նակ ան­ցած է այս թան­գա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մէն ի վեր, սա­կայն այն­տեղ ստեղ­ծուած է մեծ ե­ռու­զեռ։

Նոր Հա­յու Տե­սակ՝ Ֆէյս­պու­քա­հայ

Կար­ծես տրա­մադ­րու­թիւն ը­սո­ւա­ծը, սանկ, տե­սակ մը «բան» մըն է, որ շատ բա­րակ թե­լէ մը կա­խո­ւած կ՚ըլ­լայ, եւ որ ա­նա­խորժ լու­րով եւ կամ վի­ճա­բա­նու­թիւ­նէ մը ծնունդ ա­ռած ցնցու­մով մը կրնայ շու­տով փրթիլ ու իյ­նալ եւ պատ­ճառ դառ­նալ, որ դուն ըլ­լաս անտ­րա­մա­դիր, մտա­հոգ, ան­խօս, լուռ եւ՝ շրջա­պա­տէդ կա­մա­ւոր ձե­ւով ան­ջա­տո­ւած:

 

Էջեր