Ընկերա-մշակութային

ԿԱՐՕՏԻ ԹԱՐԳՄԱՆ…

Հայաստանի ազգային ակադեմական երգչախումբի հիմնադրութեան 80-ամեակին ձօնուած համերգ:
Յոբելենական հանդիսաւոր երեկոյթի պատուոյ հիւրերն էին՝ Սերժ եւ Ռիթա Սարգսեան ամոլն ու Ամենայն Հայոց Հայրապետը: Մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի վաստակը միշտ արժանի բարձր գնահատանքի ու երախտագիտութեան:

«ԱԿՆԹԱՐԹ»Ի ՄԷՋ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԻՒՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Ֆոթոլուր» լուսանկարչական գործակալութեան հիմնադրութեան 15-ամեակին ձօնուած ցուցահանդէսը արժանացաւ անմիջական ուշադրութեան եւ բարձր գնահատանքի:
Մելիք Պաղտասարեան. «Նախքին Խորհրդային Միութեան երկիրներու շարքին, յետսովետական ժամանակաշրջանին ստեղծուած միակ անկախ գործակալութիւնը մենք ենք»:

ԴՈՒՆ ՔԵԶ ԹԵՐԱԳՆԱՀԱՏԵԼՈՒ ՓՈԽԱՐԷՆ՝ ՈՒԺԵՐՈՒԴ ՀԱՒԱՏԱ՛

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ինքզինք թերագնահատելը եւ անկարող համարելու թերարժէքութեան բարդոյթը որքան արտաքուստ աշխարհին հետ կապուած ըլլան, այնքան ալ ի ներքուստ արմատաւորուած համոզումներ են։ Արտաքին աշխարհի մէջ է, որ դուն քեզ կը դրսեւորես, սակայն նախքան դրսեւորելդ՝ այդ համոզումը քու ներսիդիդ հաստատուած պէտք է ըլլայ։

ԿԵԱՆՔԻԴ ԱՐԺԷՔԸ

Ալեքս Սարկաւագ Գալայճեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ հրատարակուած յօդուածները հաւաքեց հատորի մը մէջ:
Երիտասարդ հեղինակի անդրանիկ գիրքը կը բովանդակէ եզակի դիտարկումներ ու խորհրդածութիւններ արդի կեանքի մասին:

ԵՐՐՈՐԴ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՐԱՄԸ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Նոյեմբեր ամսուն հայկական դրամը դարձաւ 24 տարեկան։ Հայկական դրամին ծնունդը նկատուող՝ 22 Նոյեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատունը շրջանառութեան մէջ դրաւ 500 դրամ անուանական արժէքով նոր՝ «Նոյեան տապան» անուանումով հաւաքորդական դրամը, որ հայկական առաջին քոմփոզիթային թղթադրամն է, որ կը նշանակէ, թէ թուղթը երկու կողմէն պատուած է քանի մը նիւթերէ, ինչ որ թղթադրամը աւելի երկարակեաց կը դարձնէ եւ անոր համար կ՚ապահովէ անվտանգութեան բազմաստիճան համակարգ:

ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԵԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հայագէտ, նախիջեւանագէտ, Գրական փաստագրութեան միջազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոս, Հայաստանի Մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Արգամ Այվազեանի «Նախիջեւան. բնաշխարհիկ պատկերազարդ հանրագիտակ» եւ «Արիստակէս Զարգարեաե» գիրքերու շնորհանդէսը:

ԿԵԱՆՔԴ ՄԱՆՐՈՒՔՆԵՐՈՎ ՄԻ՛ ԽՃՃԵՐ

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Բանիմացութիւնը ուսման եւ կրթութեան հետ աղերս ունեցող գոյական մը չէ սոսկ, այլ ան միաժամանակ լայն ու հեռուն մտածելու ունակութիւն է։ Բանիմաց ըլլալու համար համալսարաններ պէտք չէ աւարտել, հաստափոր գիրքեր կարդալ, չափանիշներով ու լոզունգներով առաջնորդուիլ…։

ԴԱ­ՒԱ­ՆԱՆՔ, ՀԱ­ՒԱՏՔ, Ա­ԶԱ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆ

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Աշ­խար­հի ե­րե­սին կը գտնուին բազ­մա­թիւ դա­ւա­նանք­ներ, ա­ռար­կա­յա­կան եւ ե­րե­ւա­կա­յա­կան, տե­սա­նե­լի, շօ­շա­փե­լի եւ ա­նե­րե­ւոյթ։ Կա­րե­ւո­րը սա­կայն, ա­նոնց հե­տե­ւորդ­նե­րուն հա­ւատքն է։
Մարդ ա­րա­րա­ծը կը ծնի անկ­րօն կամ ա­ռանց դա­ւա­նան­քի եւ հա­ւատ­քի։

Էջեր