«ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը Ո՛Չ ՄԻԱՅՆ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԹԵՐԹ Է, Ո՛Չ ՄԻԱՅՆ ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ Է, ԱՅԼ ՆԱԵՒ՝ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ԶԳԱՑՈՂ, ԵՐԿՐԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ԱՐՏԱՑՈԼՈՂ ՄԱՄԼՈՅ ՕՐԿԱՆ ՄԸՆ Է։ ԱՅՍ ԹԵՐԹԸ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺՈՒԹԵԱՄԲ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԱԾ Է ԻՐ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ»
Յարգելի ներկաներ, թոյլ տուէք մինչեւ իմ խօսքիս սկսիլը շնորհաւորել ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը՝ 110-ամեակի առթիւ, շնորհաւորել Արա Գօչունեանը, անոր ծնողքը, կողակիցը, որոնք բոլորով, այս նոր ժամանակաշրջանին, պահպանելով ընտանեկան աւանդոյթը, յառաջ կը տանին շատ պատկառելի կենսագրութիւն ունեցող այս թերթը…
Լրագրողներու մօտ ընդունուած է ըսել՝ ժամանակը ցոյց կու տայ: Ես շատ ալ չեմ սիրեր այդ արտայայտութիւնը եւ բոլոր իմ ուսանողներուս կ՚ըսեմ, որ երբեք մի՛ գործածէք այս արտայայտութիւնը յօդուածներ գրելու ժամանակ:
Ազգիս Հայրապետի օրհնութեան եւ ողջոյնի խօսքը կը փոխանցենք այս գեղեցիկ, հոգեպարար շնորհանդէսի կազմակերպիչներուն, մանաւանդ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրակազմին, ի դէմս Արա Գօչունեանին: ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը արդէն 110 տարեկան է: Ուրախ ենք նշելու, որ տակաւին 2014 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տօնուեցաւ 100-ամեակի միջոցառումներու փակման ցերեկոյթը, որու ընթացքին նոյնպէս, ինչպէս այժմ, վերարժեւորուեցաւ, գնահատուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի այն նպաստները, որոնք ան ունեցած է մեր մշակութային, հասարակական, քաղաքական, կրօնական կեանքէն ներս:
Թէքէեանը մեր այն մեծերէն է, որ կարելի է անպատրաստից ըսել գնահատական խօսքեր, մարդու մը մասին, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերած է իր ժողովուրդին, հայ գրականութեան, իր կուսակցութեան, մամուլին եւ հայ որբերուն:
Անոնք որոնք քիչ թէ շատ ծանօթ են 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի արեւմտահայ մամուլին, ապա պատկերացում ունին թէ ան ինչ վիթխարի ծով է, ովկիանոս՝ տարեգիրքեր, օրացոյցներ, պարբերագիրքեր, ամսագիրքեր, հանդէսներ եւ այլն...
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Թրքական արդի գրականութեան տիրական անուններէն Ահմէտ Համտի Թանփընար երէկ ոգեկոչուեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ուր 1930-ական թուականներուն պաշտօնավարած էր՝ որպէս գրականութեան ուսուցիչ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ