ՊՂԾԱՇՈՒՐԹՆ ՀԱՅՀՈՅԻՉՆԵՐՈՒ՝ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒ ԾԱԳՈՒՄՆ ՈՒ ՄՈԼԱՐ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ (Բ.)
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Մերօրեայ կեանքին մէջ, յաճախ ականատես կ՚ըլլանք այնպիսի աստանդական անձնաւորութեանց, որոնք տունէ տուն թափառելով՝ որոմներ կը ցանեն մեր հայազգի զաւակներուն մէջ։ Այս վնասաբեր ու չարալից մոլորած մարդիկը փոխանակ Քրիստոսի քալած ճամբէն քալելու եւ Անոր Աւետարանը քարոզելու՝ ստապատում տեսութիւններ կը ներկայացնեն Աստուածաշունչին անունով, իսկ բազմաթիւ գոց սորված համարներ իրարու կապելով՝ կը մոլորեցնեն պարզամիտ քրիստոնեաները։