Հայկանոյշ Մառք. Հայ Կնոջ Հասարակական Զարթօնքին Արժանաւոր Պատգամաբերը
14 Փետրուարի ծնունդ է հայ մտքի եւ գը-րականութեան երախտաւորներէն, յատկապէս հայ կնոջ հասարակական զարթօնքին արժանաւոր դէմքերէն Հայկանոյշ Մառք։
Պոլսահայ հոգեմտաւոր մեծ ժառանգութեան մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունի բանաստեղծ ու արձակագիր, բայց մանաւանդ յանդուգն հրապարակագիր Հայկանոյշ Մառք, որ իբրեւ այդպիսին արժանի տեղ կը գրաւէ Սրբուհի Տիւսաբի, Զապէլ Ասատուրի, Զապէլ Եսայեանի օրինակով մեծանուն հայ կին հեղինակներու փաղանգին մէջ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ ամերիկահայ համայնքի նոր սերունդի ներկայացուցիչներէն Տքթ. Շէյտա Մելքոնեան վերջին շրջանին կ՚արձանագրէ յարատեւ վերելք ու որպէս հոգեբան՝ մանաւանդ Լոս Անճելըսի շրջանէն ներս կը դասուի իր ոլորտի յառաջատար մասնագէտներու շարքին։ Շէյտա Մելքոնեան ուսում ստացած է հեղինակաւոր համալսարաններու մէջ եւ ներկայիս կը ծաւալէ բազմակողմանի գործունէութիւն
Աշխարհի մէջ գրեթէ ամէն երկրէ ներս կը տօնուի Սիրահարներու օրը։ Այս տօնին առթիւ մարդիկ կը գնեն զանազան նուէրներ, իրենց սիրած անձերուն նուիրելու համար։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պատրաստեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Սիրահարներէն յաճախ կարելի է լսել․ «Ես չեմ կրնար ապրիլ առանց իրեն»։ Այս խօսքերէն ետք իւրաքանչիւր հոգեբան, իւրաքանչիւր հասուն, յարաբերութիւններու մէջ փորձառու մարդ կը մտածէ ո՛չ թէ սիրոյ, այլ՝ կախուածութեան մասին: