Ընկերա-մշակութային

ԱՇԽԱՐՀ՝ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԸ

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Աշխարհի բնակիչ իւրաքանչիւր արարածի հասարակաց բնակավայրն է բնութիւնը։ Հակառակ բանականութեամբ օժտուած ըլլալուն՝ ալարկոտ, որկրամոլ ու ծոյլ բնաւորութեամբ մարդկութիւնը դարեր շարունակ իր հանգստութեան ու քմահաճոյքին համար գորշացուցած է բնութեան երանգապնակի փարթամ գոյները եւ արագօրէն ընթացած է դէպի կործանում։

ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ

Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր, 8 փետրուար 2020-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ յիշատակի տօնը Սուրբ Սարգիս զօրավարին, անոր որդի՝ Մարտիրոսին ու տասնչորս զինուորներուն:
Սուրբ Սարգիսը ծագումով յոյն ըլլալով, մեծ յարգանք վայելած է ու կը շարունակէ վայելել մեր ժողովուրդին կողմէ:

ՍԵՒԱՆԸ

ԵՐԱՄ

Գանգուր մազերուն կը քսէ օճառը, կը փրփրին անոնք։
Պաղ ջուրը կը թափի վերէն, կը լուայ ճակատը. քառասունչորս տարեկան ուղեղը կարծես կ՚արթննայ, կը բացուին անոր ներքին գետակները։

 

ԿԱՄՐՋԵԼՈՎ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ եւ թուրք խումբ մը լուսանկարիչներ կրկին միասին ցուցահանդէս ունեցած են. Երեւանի եւ Իսթանպուլի մէջ միեւնոյն ատեն նոյն ցուցահանդէսը բացուած է: Երեւանի մէջ՝ Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոնին, իսկ Իսթանպուլի մէջ՝ UNIG ցուցասրահին մէջ:

«ՍԹԱԼՀԱՅՄԻ ՏԵՍԱՐԱՆԸ»

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Մարդու ստեղծագործ աշխատանքի, տաղանդի եւ գեղարուեստական ուրոյն ոճի համադրումէն յառաջ կու գան անզուգական, սքանչելի ու անհամեմատելի գործեր, որոնք որպէս ժառանգութիւն, սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին ու կ՚ուսումնասիրուին իրենց բովանդակութեամբ։

ԳԻՐՔԱՓՈԽԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԻՒՆ

Երեւանի Ազգային գրադարանը ստեղծած է Գիրքափոխանակութեան անկիւն մը։ Այսպէս, գիրքի, գրականութեան երկրպագուները, գալով Հայաստանի Ազգային գրադարան, այսուհետեւ կրնան օգտուիլ նաեւ Գիրքափոխանակութեան անիւնէն, որու դարակներուն դրուած են արժէքաւոր հրատարակութիւններ՝ հայերէն եւ օտար լեզուներով գիրքեր, կերպարուեստին վերաբերող գրականութիւն, մատենագիտական հրատարակութիւններ եւ այլն:

ՆՈՐ ԺԱՀՐ, ՆՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ…

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

25 յունուարին, Չինաստանի մէջ չինական Նոր տարին սկսաւ, սակայն տօնական ձեռնարկներուն մեծ մասը չեղեալ յայտարարուեցան երկրին մէջ առկայ արտակարգ իրավիճակին՝ քորոնա ժահրի տարածման վտանգին պատճառով: Միւս կողմէ, Նոր տարին չինացիներուն ամենասիրած տօներէն է եւ շատեր չդիմացան հանրային վայրեր ելլելու եւ տօնելու գայթակղութեան:

Էջեր