ՈՒՂԵՐՁՆԵՐ՝ ՔՈՐՈՆԱՅԻ ԺԱՄԱՆԱԿ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մարդկութեան պատմութիւնը համաճարակներու, պատերազմներու, աղէտներու պատմութիւն է: Յիշելով անցեալը եւ ուսումնասիրելով պատմութիւնը՝ մեր աչքին առջեւ նախ կու գան աւերները, մահերը, պատերազմները, ապա ծաղկուն կեանքի, սիրոյ, արարումի պատմութիւնները: