ԿԱԽԱՐԴԸ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Աշխարհի չորս ծագերուն լայն արձագանգ ստեղծած շարժանկարներու եւ հեռուստաշարերու արտադրութեան ընկերութիւնը՝ Netflix, վերջին տարիներուն կը թողարկէ աշխարհահռչակ եւ կամ դասական գիրքերու նիւթերու հիման վրայ նկարահանուած հեռուստաշարեր, որոնց իւրաքանչիւրը ունին միջազգային երկրպագուներու մեծ բազմութիւն։