ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՖԷՆԷՐԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ
Քրիստոնեայ աշխարհը արդէն սկսաւ տօնախմբել Ս. Ծնունդը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս շրջանակին մէջ արդէն շնորհաւորական այցելութիւններու փութաց քաղաքիս քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն։
Քրիստոնեայ աշխարհը արդէն սկսաւ տօնախմբել Ս. Ծնունդը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս շրջանակին մէջ արդէն շնորհաւորական այցելութիւններու փութաց քաղաքիս քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն։
Այսօր, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Ստեփանոսը՝ առաջին սարկաւագը, քրիստոնէութեան նախավկան։ Աւանդական տօնակատարութիւններով կը խնդրուի սուրբին բարեխօսութիւնը։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կրթական հիմնախնդիրներուն վերաբերեալ քննարկում մը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ցարդ 68 հոգեւորական վերապատրաստման դասընթացքի մասնակցեցաւ:
Վեհ. Հայրապետին խօսքով՝ հայ ժողովուրդի առկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց անհրաժեշտ է եկեղեցականի անսակարկ նուիրումը:
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ ոգեկոչուեցան երանաշնորհ Տ.Տ. Յակոբ Ջուղայեցի Ամենայն Հայոց Հայրապետը, ինչպէս նաեւ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալներէն Տ. Իգնատիոս Արք. Քաքմաճեան։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Պատմութեան անդաստանին մէջ որպէս խորարմատ ծառեր ներկայացող դէմքեր ոչ միայն իրենց վաստակով կը շարունակեն յիշատակուիլ, այլ նաեւ անդադար հոգեմտաւոր սնունդ կը հայթայթեն յաջորդող սերունդներուն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեանը, որ Ֆորտհըմի համալսարանէն ներս Աստուածաբանական գիտութիւններու տոքթորի կոչման արժանացած է։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան շաբաթավերջին ի տէր հանգած է Մոնրէալի մէջ, Գանատա։ Իր վախճանումին ցաւով անդրադարձած են Անթիլիասի աղբիւրները։
Շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի մասունքակիր խաչը հաւատացեալները համախմբեց հոգեւոր հրճուանքի պայմաններով։
Ժընեւի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Համաշխարհային գաղթի ֆորումը, որուն մասնակցեցան նաեւ զանազան կրօններէ հոգեւոր առաջնորդներ։ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքն ալ մասնակցեցաւ Ժընեւի այս երկօրեայ քննարկումներուն։