ՓՐԿՉԻՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս օրերուն կը շրջի Սուրբ Երկրի հիւսիսի Տէրունակոխ սրբավայրերը, իսկ վաղը Յորդանան գետի ափին Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան հետ կը մասնակցի աւանդական արարողութեան:
Նորին Ամենապատուութեան դէպի Երուսաղէմ ուղեւորութիւնը պիտի եզրափակուի Ս. Յարութեան տաճարէն ներս, Քրիստոսի Լոյս գերեզմանին վրայ մատուցելիք Սուրբ Պատարագով: Պոլիսէն կազմակերպուած ուխտագնացութեան մասնակիցները վառ տպաւորութիւններով, հոգեւոր խոր ապրումներով կը հետեւին իրենց բազմակողմանի ծրագրին: