ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԵՑ ԴՊԻՐՆԵՐՈՒ ՈՒՐԱՐ ԿՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՇՆՈՐՀԵՑ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։