ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ, երէկ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան Ս. Զատկի առթիւ շնորհաւորական այցելութիւններ տուին Ասորի Ուղղափառ եւ Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցիներու պատրիարքական փոխանորդներուն։
Տեղ գիւղի սահմանակից դիրքերուն մէջ նահատակուած զինուորներուն համար աղօթք՝ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ:
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Կը տեղեկանանք, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն անձնական այցելութիւն մը տուած է Հռոմ։ Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախընթաց օր նորին սրբազնութիւնը Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի փոխ-քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ քաղաքամայր Երեւանի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման ի նպաստ ձեռնարկուած քայլերուն՝ մասնաւորապէս եկեղեցիներու եւ եկեղեցական կառոյցներու բարւոք պահպանման եւ տարածքներու բարեկարգման խնդիրներուն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներու աշխատակցուհիներուն աւանդական հաւաքը:
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան Ս. Զատկի տօնին առթիւ պատարագեց Լիէժի մէջ։ Տեղւոյն հայութիւնը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս կը գտնուի, Սուրբ Զատկի տօնին առթիւ պատարագեց Մոնրէալի արուարձաններէն Լաւալի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին տօնախմբեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տաղաւարը։ Այս առթիւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը վերականգնեց իր հոգեւոր միասնութիւնը՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, այս անգամ ալ բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ