ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐԸ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԵՆ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՍՈՒՐԲ ՔԱՂԱՔԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ վերադարձաւ Սուրբ Երուսաղէմէն։ Սա իր գահակալութեան շրջանի առաջին ուղեւորութիւնն էր՝ դէպի Սուրբ Երկիր։ Համայնքային շրջանակները ուրախութեամբ կ՚ողջունեն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր Աթոռ վերադարձը։