ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԳԱՅ Տ. ԵՓՐԵՄ ԱՐՔ. ԹԱՊԱՔԵԱՆԻ ՎԱԽՃԱՆՈՒՄԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վերջին օրերուն հրաժեշտ տուաւ իր երիցագոյն միաբաններէն Տ. Եփրեմ Արք. Թապաքեանին, որու վախճանումը խոր ցաւ յառաջացուցած էր։ Հոգելոյս բարձրաստիճան եկեղեցականին վերջին օծման, յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգերը տեղի ունեցան Լոս Անճելըսի մէջ։