ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Մայսէյլի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ժան Մարք Աւըլինի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մէջ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Հայր Ալեքսանտր Ռահինիա։

Վեհափառ Հայրապետը հիւրերը ողջունելով ընդգծեց, որ Հայաստանի առջեւ ծառացած են մարտահրաւէրներ եւ անվտանգային խնդիրներ։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ առ Աստուած ապաւինութեամբ եւ առ հայրենին ունեցած սիրով, ինչպէս նաեւ բարեկամ ժողովուրդներու աջակցութեամբ հայ ժողովուրդը պիտի կարողանայ յաղթահարել առկայ դժուարութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց իր գնահատանքը Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ այս դժուարին օրերուն Հայաստանին ու Արցախի հայութեան ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։

Հանդիպման ընթացքին հիւր կարտինալը՝ ի դէմս Ֆրանսայի կաթոլիկ եկեղեցւոյ զօրակցութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին եւ Վեհափառ Հայրապետին։ Կարտինալը անդրադարձաւ նաեւ Մարսէյլի հայ համայնքի եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը յղեց իր եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթանքները Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024