Արխիւ

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2020

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Աշխարհը սարսափի մատնած քորոնաժահրը հասաւ Հայաստան եւ դիմաւորուեցաւ յատուկ սրամտութեամբ. «Մէկ հոգի նշանուեցաւ, ամէնքս տունը մնացինք» խօսքերը թեւածեցին ամէնուր, տարածուեցան ընկերային ցանցերու վրայ, դարձան դժուարին այս օրերուն եւս մէկ ժպտալու առիթ: Այո, Էջմիածին քաղաքին մէջ, մարտի սկիզբը կայացած նշանտուքի մը ժամանակ վարակուած են Հայաստանի 28 վարակակիրներուն մեծ մասը:

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարելու համար Հայաստանի մէջ երէկ արտակարգ դրութիւն հռչակուեցաւ։ Կառավարութեան նախաձեռնութեամբ առնուեցաւ այս որոշումը, որուն համար նիստ մը գումարեց նաեւ Ազգային ժողովը։

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ քորոնաժահրի համաճարակի կապակցութեամբ հանդէս եկաւ հետեւեալ յորդորով։ Քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով ամբողջ աշխարհ կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէր մը։

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2020

Պատկառելի կրօնական ժողովը իր 16 մարտ 2020 թուակիր Է. արտակարգ նիստին նկատի ունեցաւ քորոնաժահրի վարակման կապակցութեամբ արձանագրուած զարգացումները, աշխարհացրիւ ու Թուրքիոյ տեղական միջոցառումները։

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Եւ այդ օրը Շաբաթ էր» (Յհ 5.9):
Մեկնութիւն.
Շաբաթ օրուան առաջին լուծումը այս է, այդ պատճառով կ՚ըսեն, թէ հիւանդին երեսունութ տարիները հազարիննհարիւր ութսուն շաբաթներ ունին:

 

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յակոբ Պարոնեան իր «Քաղաքավարութեան վնասները» հատորին մէջ կը խօսի «տան մէջ ազատ» ըլլալու մասին եւ հիւր ընդունելու սովորութեան վրայ։ «Երբ չես ուզեր հիւր ընդունիլ…». կերպով մը դէմ կ՚արտայայտուի քաղաքավարութեան չափազանցութիւններու՝ որոնք կ՚անուանէ «փորձանքներ»։

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2020

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Հին ժամանակներէն մինչեւ այսօր արքայական գերդաստանները միշտ ներքին տարակարծութիւններ կամ անհամաձայնութիւններ ունեցած են, որոնք նոյնիսկ վերածուած են բռնարարքներու: Նորօրեայ իշխաններէն եւ իշխանուհիներէն ոմանք կը փորձեն դուրս գալ այդ կեանքէն, մթնոլորտէն:

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վերջին զարգացումները ցոյց կու տան, որ տակաւին երկար ժամանակ պիտի գրենք սարսափ տարածող քորոնաժահրի մասին։
Ճիշդ է, որ ընդհանուր առմամբ քորոնայով մահացութեան դէպքերը տակաւին չեն անցած «ընդունելիի» սահմանները, բայց եւ այնպէս, աւելի քան բացայայտ է, թէ վարակը՝ զանազան մակարդակներու վրայ կրցած է ստեղծել, պատկերաւոր ըսած՝ իր ժամանակը։

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2020

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Մարդիկ իրենց կեանքի ողջ տեւողութեան կը հանդիպին զանազան դիպուածներու, որոնք թէ՛ կը գորշացնեն եւ թէ կը լուսաւորեն իրենց աշխարհը։ Ձեռքս ամենասիրելի գրիչս առած, աչքերս տետրակի մասմաքուր էջերուն սեւեռած ու մտասուզուած՝ կ՚որոնեմ ամենայարմար բառերը, որպէսզի նկարագրեմ կեանքիս շնորհուած նոր «երանգ»ները։

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2020

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի զօրքերը կը վերահսկեն իրավիճակը Իտլիպի մէջ, «M4» մայրուղիին վրայ:
Ուաշինկթըն, Լոնտոն, Պերլին եւ Փարիզ համատեղ յայտարարութիւն մը հրապարակեցին Սուրիոյ տագնապին համար:

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Շատ սովորական կը թուի «ի՞նչ է մարդկային կեանքը եւ ի՞նչ է անոր նպատակը» հարցումը շատերուն, եւ նոյնիսկ ոմանք «անիմաստ» եւ «ունայնութեամբ զբաղիլ» կը նկատեն զայն։

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2020

Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի  գահակալութեան 7-րդ տարելիցին առթիւ շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ տեղի ունեցան արարողութիւններ։ Այսպէս, Հարպիյէի Սեն թ՚Էսփրի լատին կաթոլիկ եղեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական աղօթք՝ հանդիսապետութեամբ Անգարայի մօտ Պապական նուիրակ Մոնս. Ռասըլի։

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2020

Մեր եկեղեցիներէ ներս պաշտամունքի ատեն քորոնաժահրի դէմ նախազգուշական միջոցներ ձեռք կ՚առնուին:
Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ համայն աշխարհի մէջ յամառ դիմադրութիւն համաճարակի դէմ, որ կը շարունակէ խլել զոհեր:

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2020

Պեժանեաններու ընտանիքը վերջերս բախտաւորուած է 12-րդ զաւակով. շնորհաւորական այցելութիւն:
Հայաստանի կառավարութիւնը կը ջանայ քաջալերել ծնելիութիւնը՝ երկրի ժողովրդագրական վիճակին առումով:

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2020

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ազատ խոհեր՝ քաղաքացիի եւ հանդիսատես-վկայի իրաւունքով:
Այսօր ժողովրդավարութիւնը չէ այն, ինչ որ էր Հին Յունաստանի մէջ: 

Շաբաթ, Մարտ 14, 2020

Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ նախընթաց օր Հայ Կաթողիկէ հասարակութենէն ներկայացուցիչներ համախմբուեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններու առթիւ։ Այսպէս, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի գլխաւորութեամբ առաւօտուն ժամերգութիւն մը տեղի ունեցաւ Թաքսիմի Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ։

Շաբաթ, Մարտ 14, 2020

«Ատալէթ» կուսակցութեան ընդհանուր նախագահ փրոֆ. տքթ. Վեճտէթ Էօզի գլխաւորութեամբ՝ կուսակցականներու պատուիրակութիւն մը, 10 մարտ, երեքշաբթի, յետմիջօրէին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին կուսակցութեան Կեդրոնական վարչական խորհուրդի անդամները, որոնցմէ եօթը՝ փոխ-նախագահներ էին։

Շաբաթ, Մարտ 14, 2020

Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի խումբը ներկայ եղանակին կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւններ։ Այսպէս, շիշլիցիները Թուրքիոյ ֆութսալի լիկին մէջ յաջողեցան բարձրանալ աւարտականի փուլին։

Շաբաթ, Մարտ 14, 2020

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Ես թուրքիացի եմ, քաղաքացին Թուրքիոյ Հանրապետութեան: Երկրորդ՝ հայ եմ: Առաւել եւս, Թուրքիոյ հայ հաւաքականութեան մէկ մասնիկը ըլլալով հանդերձ, միաժամանակ Հայաստանի եւ աշխարհատարած հայկական սփիւռքին բարոյական մէկ մասնիկն եմ, անոնց ցեղակիցն եմ»:

Շաբաթ, Մարտ 14, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին՝ գահակալութեան տարեդարձին առթիւ։ Ան այս առթիւ շեշտեց, որ Հայաստան-Վատիկան միջպետական յարաբերութիւնները կը շարունակեն ներդաշնակ զարգանալ։

Էջեր