Արխիւ
Անգարայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատի իրադարձութիւններուն եւ ընդհանրապէս հակամարտութեան ընթացքին։ Երէկ, պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր ըրին հերթական յայտարարութիւններ վերահաստատելով Թուրքիոյ դիրքորոշումը ի նպաստ Ատրպէյճանին։
Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Վլատիմիր Փութինի եւ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ: Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ՝ անվտանգութեան ոլորտի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Ժընեւի մէջ քննարկումներ ծաւալեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
Հայաստանի վարչապետը գանատական լրատուամիջոցի մը տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ իր երկիրը կը գտնուի քաղաքակրթութիւններու առաջնագծին վրայ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ այսօր երեկոյեան Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերու բոլոր վանքերէն ու եկեղեցիներէն ներս կը կատարուի զօրակցութեան համազգային աղօթք յանուն Արցախի եւ հայրենեաց պաշտպաններու։
ՍԱՄՈՒԷԼ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Հայ ազգային երաժշտութեան պատմութեան մէջ իր արժանաւոր տեղը ունի Մակար Եկմալեան որպէս երաժշտագէտ, ստեղծագործող, մանկավարժ ու խմբավար. առաջին հայ երաժիշտն է, որ ուսում ստացած ու վկայուած է բարձրագոյն հաստատութենէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչ որակի ալ ըլլան ներկայացուած վարկածները՝ սա պահուն ամենաէականը յաւելեալ արիւնահեղութեան կանխումն է։ Կայ խնդիր, որ ունի երեսուն տարուան վաղեմութիւն եւ որուն լուծումը պէտք է ըլլայ միայն մէկ գլխաւոր ճանապարհով՝ «ո՛չ յաղթանակ, ոչ ալ պարտութիւն»։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայրենիքի մասին խօսիլ, կը նշանակէ խօսիլ ազգի մը, ժողովուրդի մը ողջ պատմութեան մասին: Ո՛չ միայն անցեալի, այլ նաեւ ներկայի եւ ապագայի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այսօր իրական սէր, անկեղծ սէր գտնել գրեթէ անկարելի է դարձած։ Մինչդեռ սէրը կեանքին ակնաղբիւրն է. սիրոյ արդիւնք է ամէն բարութիւն, ամէն գեղեցկութիւն, եւ եթէ չըլլայ սէր, կեանք ալ գոյութիւն չունենար։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ այցելեց Երեւանի «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնը, ուր դարմանման տակ կը գտնուին վիրաւոր զինուորներ։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ իր օրհնութիւնն ու շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքները փոխանցեց վիրաւորեալ զինուորներուն։
ԵՐԱՄ
Բեռնակառքի առաջնասենեակին մէջ նստած, դէպի Պամ, դէպի տուն կ՚երթար Զանան։ Գլուխը դուրս կը հանէր, մազերը կու տար հովին, ռունգերէն ներս կ՚առնէր օդը, որ ուշ-աշնանային էր արդէն։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Իրիքնակը տյուս ա եկալ
Տանըս յերա լյուս ա եկալ...»
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կեանքը շատ անգութ դաստիարակ մըն է՝ նախ կը քննէ, յետոյ կը դասաւանդէ»։
ANDRE GIDE
Չինաստանի մէջ հաւ մը կանաչ նախշաւոր հաւկիթ ածած է։ Այսպէս, Չինաստանի Սուցիան քաղաքին մէջ հաւ մը կանաչ նախշաւոր հաւկիթ մը ածած է։
Աշխարհի ամենափոքր Ռուպիկի խորանարդը ստեղծուած է Ճաբոնի մէջ: Ալիմինիումէ Ռուպիկի խորանարդը կը կշռէ միայն 2 կրամ:
Ճաբոնցի նկարիչը տերեւները կը վերածէ արուեստի ինքնատիպ ու տպաւորիչ գործերու։ Այսպէս, ճաբոնցի նկարիչը, որ Instagram-ի մէջ հանդէս կու գայ Lito Leaf art անունով, տերեւներու միջոցով արուեստի ինքնատիպ ու տպաւորիչ գործեր կը ստեղծէ։
Սպանացի լուսանկարիչը բացայայտած է շքեղ լուսանկարներ ստանալու գաղտնիքները։ Այսպէս, լուսանկարները, որոնց ստեղծման համար առաջին հայեացքէն կը թուի, թէ բարդ հնարքներ անհրաժեշտ են, յաճախ կարելի է ստանալ առանց դժուարին փորձագիտական միջոցներու ու յատուկ սրահի:
Հնդկաստանի քաղաքական ու հոգեւոր առաջնորդ, անկախութեան շարժման ղեկավար, փաստաբան, լրագրող, փիլիսոփայ, ինքնակենսագիր, ակնարկագիր, խմբագիր, իրաւաբան, յուշագրող Մոհանտաս Քարամչանտ Կանտի ծնած է 2 հոկտեմբեր 1869 թուականին Փորպանտար՝ Հնդկաստան։ Հայրն է Քարամչանտ Կանտի, իսկ մայրը՝ Փութլիպաի Կանտի։
Հոկտեմբեր 2-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր մեծատաղանդ արուեստագէտներէն Թաթուլ Ալթունեանի (1901-1973), որուն անունն ու գործը անմահութիւն նուաճեցին՝ իբրեւ հիմնադիր խմբավարը Հայաստանի Երգի ու պարի պետական համոյթին։
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերսկսած պատերազմը վերիվայրումներու պատճառ դարձած է նաեւ Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ։ Ատրպէյճանին արտահանուած մեծաքանակ զէնքերու եւ զինամթերքի հետեւանքով Հայաստան ունի լուրջ անհանգստութիւն։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարները երէկ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն կոչ ուղղեցին, որպէսզի ռազմական գործողութիւնները անյապաղ դադրեցուին՝ առանց նախապայմաններու եւ հակամարտ կողմերը վերադառնան բանակցային սեղանի շուրջ։