Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նեղութիւններու, դժուարութիւններու մէջ յաճախ կը յանձնարարուի «համբերութիւն», որպէս անոնց հակաթոյն կամ դարման։
Համբերութիւն իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ տանիլ հանդուրժողութեամբ որեւէ նեղութիւն, ինքնազսպել, չխռովիլ եւ տոկալ առանց դառնութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք Սարգիս Սերոբեանի 1 հոկտեմբեր 1985 թուակիր «ՔՈՒԼԻՍ» հանդէսին մէջ հրատարակուած շահեկան մէկ յօդուածը։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Զանազան վարակներ եկան ու անցան՝ թռչնակրիփ, խոզի կրիփ եւ այլն։ Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը մեծ ցաւ պատճառած էր մարդկութեան՝ խլելով բազում կեանքեր… Սակայն այս մէկը տարբեր է։
ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Բուն Պատարագը ի՞նչ խօսքով կը սկսի:
Պատասխան. Քահանային ըսելովը՝ «օրհնեալ թագաւորութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նորէն ջերմաչափի խնդիր ունինք։ Տանը եղածը լաւը չէր,- կ՚ըսէ Անուշս, իսկ ես յօնքերս կիտելէ ետք կը յիշեցնեմ, որ առնուազն երեք դեղատուն մտայ, որպէսզի նոր, լաւ, որակաւոր ջերմաչափ մը առնեմ, սակայն չկար...
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մարդկութեան պատմութիւնը համաճարակներու, պատերազմներու, աղէտներու պատմութիւն է: Յիշելով անցեալը եւ ուսումնասիրելով պատմութիւնը՝ մեր աչքին առջեւ նախ կու գան աւերները, մահերը, պատերազմները, ապա ծաղկուն կեանքի, սիրոյ, արարումի պատմութիւնները:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ օրեր առաջ մարտի 18-ը հռչակուած էր Համազգային աղօթքի օր՝ քորոնաժահրի համաճարակի յաղթահարման եւ հիւանդներու բժշկութեան համար։ Ուստի, երէկ երեկոյեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Սուրբ Գայիանէ վանքի երդիքին տակ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ հանգստեան ժամերգութիւն։
Քորոնաժահրի համաճարակը յաղթահարելու նպատակով Թուրքիոյ մէջ համատարած դիմադրութեան մթնոլորտ ստեղծուած: Պետութիւնը շարժման անցուցած է բոլոր լծակները: Անգարա պայքարը յառաջ կը տանի թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին գործօնները հաշուի առնելով: Չանքայայի ապարանքէն ներս երէկ ծաւալուն քննարկումներ տեղի ունեցան Հանրապետութեան նախագահին գլխաւորութեամբ:
Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կոչ ուղղեց՝ հնարաւորինս դուրս չգալ բնակարաններէ: Իշխանութիւնները կը ձգտին թէ՛ առողջապահութեան եւ թէ տնտեսութեան գետնի վրայ չէզոքացնել առկայ սպառնալիքները:
Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած արտակարգ դրութեան կացութեան ներքեւ առօրեան կ՚ապրուի Հայաստանի մէջ։ Փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ պարետատան առաջին ժողովը։
Քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով երէկ առաջին անգամ հիւանդ մը մահացաւ Թուրքիոյ մէջ։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ «կորսնցուցած է իր մէկ հիւանդը»։
Էրտողան, Մաքրոն, Ճանսըն եւ Մերքել անդրադարձան միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներուն:
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ նախատեսուած քառակողմանի գագաթաժողովին փոխարէն առցանց քննարկումներ:
Ամերիկահայ ձեռներէցին կողմէ գլխաւորուած «Moderna Inc.» ընկերութեան արտադրած պատուաստանիւթի փորձարկումները սկսան:
Թրքական լրատուամիջոցները մանրամասնօրէն կ՚անդրադառնան Նուպար Աֆէեանի գործարար աշխարհի փայլուն ձեռքբերումներուն եւ ընտանեկան պատմութեան:
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի Է. եւ Ը. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ՝ թիւով տասներկու, մարտի 6-8 թուականներու միջեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Քոչ վարժարանի կողմէ կազմակերպուած «Բնորդ Միացեալ ազգեր» (ԷՄ-ԵՈՒ-ԷՆ) ծրագրին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամբողջ աշխարհ այս օրերուն տարուած է քորոնա վարակի խնդրով։
Չինաստանի Ուհան քաղաքէն ընթացք առած, անսպասելի, մի քանի սերունդի ժահր իր փորին մէջ պահած քորոնա վարակը կը ճամբորդէ աշխարհով մէկ։
ԵՐԱՄ
Ուսին երկու մեթրնոց ծանր խողովակ մը դրած, կիզիչ արեւուն տակ կը քալէր Մահմուտը։ Շուկան նոր կ՚արթննար. առաջինը անկիւնի փուռն էր, ծոթրինի բոյրովն իր՝ առաւօտուն տարածուող։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Բազմիցս իմացած եմ մեծն հայոց բանաստեղծ Գէորգ Էմինի խօսքերը. «Խօսքդ զէնքի պէս զգոյշ գործածէ»։ Սակայն երբեւէ չէի իմացած, նոյնիսկ չէի խորհած, թէ կարելի է զէնքի փոխարէն կրակել ժպիտով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գորգը՝ որ անհրաժեշտ ծածկոց մըն է գետնի կամ պատի՝ առաւելապէս բուրդէ հիւսուած, կը գործածուի տուներու մէջ եւ գրեթէ ամէն տունի մէջ կան գորգեր, որոնք անբաժան տարրերն են տան մը կահաւորման։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջին օրերուն հրապարակեց Հայաստանի վերաբերեալ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան տարեկան զեկոյցը։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութիւնը մատնանշեց, որ 2019-ին Հայաստանի կառավարութիւնը քայլերու ձեռնարկած է թէ՛ նախկին եւ թէ ներկայ պաշտօնատարներու կողմէ կատարուած զեղծարարութիւնները հետաքննելու եւ մեղաւորները պատժելու ուղղութեամբ:
Ատրպէյճանի մէջ վերջերս տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Նորընտիր խորհրդարանի բացման նիստը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ժողովրդային իմաստութիւններ, առասպելներ եւ կրօններ, մարգարէանալով, միամտացած ամբոխներ յուզելով, յաճախ խօսած են աշխարհի վերջի մասին:
Այսօր արդէն գիտութիւնը կը նախատեսէ վախճան մը՝ կեանքի համար անհրաժեշտ տարրերու սպառումով. թթուածին, նաւթ, ջուր, ծովերու մակերեսի բարձրացում: