Արխիւ
Էրտողան. «Համաճարակի տարածման թափը կրնանք կասեցնել երկու-երեք շաբաթուան ընթացքին»:
Թուրքիոյ մէջ ինն օրերու կտրուածքով քորոնաժահրի զոհերու թիւը հասաւ 59-ի, մինչ կայ նաեւ 2433 վարակուած՝ ըստ վերջին տուեալներուն: Հեռակայ դրութեամբ ուսուցումը պիտի շարունակուի մինչեւ յառաջիկայ ապրիլի 30-ը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Սա լարուած ու ճգնաժամային օրերուն մեր զուարճասէր ժողովուրդը չէ կորսնցուցած կատակելու զգացումը։ Հայերը համաճարակէն պաշտպանուելու լաւագոյն միջոցը կը համարեն ծիծաղն ու բարձր տրամադրութիւնը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամուր, կազմակերպուած եւ կուռ թուացող աշխարհը մուտք գործած է անկանխատեսելիութեան ժամանակաշրջան մը: Վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ: Պարզ ու համառօտ հարցում մը, որուն այսօր ոչ ոք կրնայ պատասխանել:
ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Սարկաւագը Սուրբ Աւետարանը բարձրացնելով՝ ժողովուրդին համբուրել տալով, ի՞նչ խորհուրդ ունի:
Պատասխան. Որովհետեւ քիչ ետք Աւետարան պիտի կարդացուի, սարկաւագը ժողովուրդին հաւատքն ու ուշադրութիւնը կ՚արթնցնէ՝ Սուրբ Աւետարանը բոլորին առջեւ բարձրացնելով եւ ժողովուրդին կամ քահանաներուն մէջէն պատուաւոր մէկու մը համբուրել տալով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թէ մարդիկ մինչեւ իսկ քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ՝ ո՛րքան ենթակայ են անիրական երեւոյթներէ եւ անիմաստ ու անբանաւոր վախերէ ազդուելու եւ տարուելու, ասոր մէկ ապացոյցը տրուեցաւ նոյեմբեր 1938-ին, երբ ձայնարձակի միջոցով Նիւ Եորքի Մըրքըրի թատրոնը բեմադրած էր «Աշխարհներու պատերազմը» անունով թատերախաղ մը՝ որուն մէջ ճարպիկ դերասան՝ Օրսըն Ուէլս՝ կենդանի կերպով կը պատկերացնէր, թէ ի՛նչպէս Հրատ մոլորակի «բնակիչներ»ը վար իջած են մեր երկիրը՝ մարդոց հետ պատերազմելու համար։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Ս. Պատարագ՝ Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ:
Չարխափան Սուրբ Աստուածածնի սրբապատկերին առջեւ. «Ընկալ Տէր զաղաչանս մեր, ներեա, քաւեա եւ թող զմեղս մեր…»:
Սպանացի բժիշկները նշած են ժահրերէն մարմինը պաշտպանող մթերքները։ Այսպէս, սպանացի բժիշկները թուարկած են այն մթերքները, որոնք կրնան օգնել իմունային համակարգի աշխատանքին։
Բժիշկները բացատրած են, թէ ինչպէս գրպանի խելացի հեռաձայնները եւ համակարգիչները ուղեղը կը վերածեն «աղբակոյտի»։ Այսպէս, բջիջային խելացի հեռաձայններու եւ համակարգիչներու չափէն աւելի օգտագործումը կրնայ յառաջացնել ուղեղի գերյոգնածութիւն, ինչ որ կը յանգեցնէ խելագարութեան եւ ճնշուածութեան զարգացման:
Թայլանտի մէջ մարդամեքենաները կը խնամեն քորոնաժահրով հիւանդները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Չուլալոնկքոռնի համալսարանը եւ Advanced Info Service (AIS) կապի գործարկուն Թայլանտի մէջ մշակած են 5G փորձագիտութիւնով խելացի մարդամեքենաներ, որոնք կրնան հետեւիլ եւ խնամել քորոնայով վարակուած հիւանդները:
Փլասիտօ Տոմինկօ վարակուած է քորոնաժահրով։ Այսպէս, սպանացի աշխարհահռչակ օփերայի երգիչ Փլասիտօ Տոմինկօ վարակուած է քորոնաժահրով։
Մալտիւներու մէջ աշխարհի վրայ առաջին առողջարանը բացած են քորոնաժահրով վարակուածներու մեկուսացման համար։ Այսպէս, Մալտիւներու մէջ աշխարհի վրայ առաջին կղզային առողջարանը բացած են մեկուսացնելու համար այն զբօսաշրջիկները, որոնք կրնան ախտահարուած ըլլալ COVID-19 քորոնաժահրով:
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ երէկ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով մահացած է եւս 7 հոգի։ Այսպէսով զոհերու թիւը բարձրացած է 44-ի։ Երէկ երկրին մէջ կատարուած է 3 հազար 952 քննութիւն, որու հիման վրայ յայտնաբերուած է 343 նոր հիւանդ։
Քորոնա համաճարակի դէմ պայքարի օրերուն, Իսթանպուլի մէջ առօրեան յառաջ կը տարուի՝ մասնաւորապէս դէպի բնակարաններ առաքումներու բարենպաստ ազդեցութեամբ:
Խանութպաններու կողմէ մատուցուած ծառայութիւնը չի սահմանափակուիր միայն առեւտրական նշանակութեամբ, այլեւ՝ ընկերային զօրակցութեան տեսակէտէ դարձած է օրինակելի:
Sevgili cemaatimiz,
Patrikliğimiz tarafından yapılan duyurular ile Coronavirüsü ile ilgili düzenlemeler yoluna gidilmişti.
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Չկայ չարիք, առանց բարիքի…
Ամէն սկիզբ ունի վերջ ու հակառակը…
Անձրեւէն վերջ կ՚երեւի արեւը…
Կեանքը բաղկացած է սեւ ու ճերմակ գիծերէ…
ԵՐԱՄ
Եկեր է։
Մի քանի օր է արդէն, որ գոյները տարբեր են։
Տարբեր է երկինքը, ուրիշ է հողը, այլ է օդը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Միջնադարեան աշուղներէն է Սարկաւագ Բերդակցի, որուն ո՛չ ծննդավայրը յայտնի է եւ ոչ ալ կեանքը։ Բանասէր Կ. Կոստանեան այս աշուղին գեղեցիկ մէկ տաղը գտած է՝ 1617 թուականին գրուած տաղարանի մը մէջ։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Իսկ այն, որ Ոսկեբերանը Տիրոջ վարդապետութեան եւ նշաններուն համար կ՚ըսէ. նախ՝ որովհետեւ անոնցմէ մէկուն օգուտը երբեմն միւսէն առաջ կ՚ըլլար: Երկրորդ, որպէսզի իրարու վկաներ ըլլան, այսինքն՝ նշաններուն քարոզութիւնը եւ քարոզութեան նշանին հաստատութիւնը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աշխարհը կը փոխուի: Մենք բացառիկ հնարաւորութիւն ունինք տեսնելու փոխուող աշխարհը եւ այդ փոփոխութեան մասնակից ըլլալու: Մեր աչքերուն առջեւ, քանի մը օրուան մէջ, փլաւ նախորդ աշխարհը, որուն մէջ կը բնակէր մոլորակը եւ նոր աշխարհ ստեղծելու առաջին քայլերը սկսած են արդէն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այսօր եւս մեր շա՜տ սիրելի ընթերցող բարեկամներուն կը ներկայացնենք Գրիգոր Զօհրապէ հատուած մը՝ «Կոտրելէն ետքը»։
Արդարեւ, կան հատուածներ, որոնք թուականի հաշուով որքան ալ «հին» համարուին, մշտանորոգ են, քանի որ անոնց մէջ կը գտնուի «կեանքի դաս»եր, կեանքի փորձառութիւններ։