Արխիւ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Իրիքնակը տյուս ա եկալ
Տանըս յերա լյուս ա եկալ...»
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կեանքը շատ անգութ դաստիարակ մըն է՝ նախ կը քննէ, յետոյ կը դասաւանդէ»։
ANDRE GIDE
Չինաստանի մէջ հաւ մը կանաչ նախշաւոր հաւկիթ ածած է։ Այսպէս, Չինաստանի Սուցիան քաղաքին մէջ հաւ մը կանաչ նախշաւոր հաւկիթ մը ածած է։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան Արցախի ճակատի առկայ սաստիկ բախումներու մթնոլորտին մէջ նամակ մը ուղարկեց Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլինին։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ կոչ ուղղեց, որպէսզի դադրեցուին Իսրայէլի կողմէ զէնքի մատակարարումները Ատրպէյճանի համար։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ գումարուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի կարեւոր ժողով մը:
Նահատակներու եւ վիրաւոր զինուորներու ընտանիքները առարկայ կը դառնան մասնաւոր ուշադրութեան եւ հոգածութեան:
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնը։ Առկայ պատերազմական գործողութիւններու մթնոլորտին մէջ անոնք ընդգծեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը այլ լուծում չունի՝ քան խաղաղ կարգաւորումը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի լայնածաւալ բախումներու մթնոլորտին մէջ երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։
Արցախի ճակատին վրայ երէկ գիշեր բոլոր ուղղութիւններով ընթացան սաստիկ մարտերը, որոնք այս օրուան սկիզբին ալ շարունակուեցան՝ միշտ ծանր հետեւանքներով:
Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնի հաղորդումներով՝ Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակողական գործողութեան օդային ղեկավարումը յանձնած է Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն:
Անգարա անդրդուելի կը մնայ Պաքուի կողմին, որու պնդումով՝ հայկական կործանիչները անկում կրած են լեռ բախուելով: Ալիեւ կրակը դադրեցնելու նախապայմանը կը համարէ Հայաստանի ետ քաշուիլը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, նախընթաց օր, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ, Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի անդամներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ժողով մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
• Մարդուն ամենէն մեծ հիւանդութիւնը իր ունեցած կարծիքն է, թէ ինք ինչ որ հիւնադութեամբ կը տառապի: Այս մտածումը անոր ցաւ եւ մտահոգութիւն կը պատճառէ ու զինք նեղուածութեան կը մատնէ, որով ուտելիքի համը կը կորսնցնէ եւ քունն ալ կը կորսնցնէ, ու կը սկսի դեղեր առնել, որով հիւանդ կը դառնայ, ինք՝ որ լաւ ու առողջ էր:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կ՚ըսեն, թէ մարդ իր կեանքի հոլովոյթին կրնայ տեսնել երկու պատերազմ: Իմ կեանքի գարունին ես արդէն երրորդ պատերազմն է, որ կ՚ապրիմ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2020-ը յոբելեանական է հայ ընկերային գործիչ, ուսուցչուհի, հրապարակագիր, գրագէտ եւ թարգմանիչ՝ Արշակուհի Թէոդիկին համար: Լրացաւ անոր ծննդեան 145-ամեակը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կանգուն կեցի՛ր բայց դուն հոդ.
«Հոգիդ ծուխ թող ծիւրի
«Սիրով դուն միշտ կեանքդ հեւքոտ
«Որ տան մուխը չի մարի…»։
Ամերիկահայ աստղ Քիմ Քարտաշեան աշխարհահռչակ նորաձեւութեան տան հագուստով լուսանկարներ հրապարակած է։ Այսպէս, Ամերիկեան Keeping Up With the Kardashians շոուի աստղ Քիմ Քարտաշեան Instagram-ի իր էջին վրայ հեղինակաւոր Balmain նորաձեւութեան տան հագուստով լուսանկարներ ու տեսանիւթեր հրապարակած է՝ նորաձեւութեան տան ստեղծագործութեան տնօրէն Օլիվըր Ռուսթէնին շնորհակալութիւն յայտնելով նուէրներու համար:
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը դռնփակ նիստով մը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին:
Զօրակցութիւն՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներու միջնորդական կեդրոնական դերակատարութեան նկատմամբ:
Արցախի ռազմական գործողութիւնները շաբաթավերջէն ի վեր կը շարունակուին ամբողջ թափով։ Այս մթնոլորտին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ընթերցողներս ինչքա՛ն կրնան զարմանալ կարդալով այս խորագիրը։
Անցեալ կիրակի առաւօտուն Արցախի սահմանին երկայնքով ընթացք առած ռազմական տարողունակ գործողութիւնները ամբողջութեամբ փոխեցին մեր առօրեան ու մեր ընդհանուր օրակարգը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը։
Հայաստան հաղորդեց, որ իր օդային մարզէն ներս թրքական F-16 մը խոցած է հայկական զօրքերու ռազմաօդանաւ մը, որու օդաչուն ալ զոհուած է. Թուրքիա հերքեց լուրերը:
Արցախի ճակատի երկայնքով բախումները կը շարունակուին:
«Բացառիկ են այս պատերազմի ո՛չ միայն թափն ու ծաւալը, այլեւ՝ ռազմագիտական բաղադրիչները։ Փաստացիօրէն, մենք կը վարենք հինգերորդ սերունդի պատերազմներուն բնորոշ գործողութիւններ»:
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս կատարուած արարողութեան ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Հայաստան եւ Արցախ աշխարհի խաղաղութեան եւ անսասանութեան համար։