Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային կեանքի հիմնաքարերէն մէկը եղած է երազը եւ գուցէ այդ գիտակցութեամբ է, որ հոգելոյս Զարեհ. Արք. Ազնաւորեան իր գրութիւններէն մէկուն մէջ խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան՝ հետեւեալ յորդորը կը բարձրացնէ. «երա՛զ ունեցէք»:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ ընդունելութիւն-հաւաք մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս երեկոյթի ընթացքին համախմբուեցան՝ անցեալ տարուան ընթացքին կառոյցի զանազան ծրագրերու մասնակցած կամ տարբեր նախագծերու առթիւ կառոյցի հետ համագործակցած կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ կամ անհատներ։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Պաքուի մէջ հիւրընկալեց Վատիկանի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու գծով քարտուղար Փոլ Ռիչըրտ Կալակհէր Արքեպիսկոպոսը։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահի ռազմական խորհրդական զօրավար Ֆապիէն Մանտոյի հետ։
Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի յիշատակութեան տօնակատարութիւնը։ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան նախագահեց արարողութիւններուն, որոնց մասնակցեցաւ նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Մինչ շաբաթավերջին Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի յիշատակի տօնը կատարուեցաւ, երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ իր մասունքներու աջով բարեխօսութեան աղօթք՝ մասնակցութեամբ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատենական կազմի անդամներուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց՝ պաշտամունքի վերաբացման յաջորդած անդրանիկ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նկարչուհի Պերճուհի Պէրպէրեանի անհատական ցուցահանդէսին բացումը։ «Հոգւոյս գոյները» խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումը համախմբեց բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ, որոնք կը համակրին Պերճուհի Պէրպէրեանի ստեղծագործութեան։
Վրաստանի մէջ յետընտրական կարճատեւ խմորումներէ ետք, երբ կը թուէր, թէ հանրային յուզումներու ալիքը դէպի մարում կ՚երթայ, ներքաղաքական իրավիճակը կրկին ահագնացաւ: Թիֆլիզ ցնցումներու մէջ է: Ուսումնասիրութիւններու լայն դաշտ մը բացուած է հոգեբաններուն, հասարակագէտներուն ու մարդաբաններուն առջեւ, թէպէտ վերջիններուս աւագ գործընկերները նման աշխատանքի գործնական փորձ բաւականաչափ կուտակած են՝ շարք մը երկիրներու մէջ յաջողելով ազդել մարդոց վարքագծի եւ հոգեբանութեան վրայ։
Շաբաթավերջին Իսթանպուլէն անցաւ դասական երաժշտութեան աշխարհի տիրական դէմքերէն սոփրանօ փրոֆ. Էլէնա Փանքրաթովա, որու գլխաւորութեամբ կազմակերպուած էր վարպետութեան դասընթացք մը։ Աւստրիայէն ժամանած աշխարհահռչակ մեներգչուհին վարպետութեան դասերը իրականացուց Սաքըզաղաճի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երդիքին տակ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Մա՛րդ, որու հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութեան առանցքներէն մին էր մասնակցութիւնը՝ մինչ կը յաջողէր կրել իր տարբերութիւնները:
Եդուարդ Թովմասեանի՝ «Արաս»ի Թոմոյի կեանքի փիլիսոփայութեան մէջ դիմադրութեան գործօն էր ծիծաղը, որով առաջնայինն ու երկրորդականը զանազանելու հորիզոնը կ՚ուրուագծուէր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տարածաշրջանի քարտէսը կը բնորոշուի՝ յառաջատար դերակատարներու ազդեցութեան գօտիներու վերադասաւորումով
Իսրայէլ-Լիբանան հրադադարն ու Սուրիոյ մէջ տասնամեակներ տեւած իշխանութենէն վերջ Պեշար Էսատի անկումը գրեթէ նոյնաժամանակ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Տ․ Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեանի «Սրբալոյս Միւռոն» եւ «Կնքահայրութեան դերն ու նշանակութիւնը» խորագրերով գիրքերը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երանի՜ անոր, որ Աստուծոյ Արքայութեան մէջ հաց պիտի ուտէ». (ՂՈՒԿ. ԺԴ 15)։
Կեանքի հրաւէր մըն է Յիսուսի խօսած առածին մէջ նկարագրուած հիւրասիրութեան կոչը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Հասուննալը այն բառերէն մին է, որ յաճախ կը լսենք եւ կ՚օգտագործենք: Բայց երբ կը հասուննանք, մեր խորհուրդներն ու ըսելիքներն ալ կը փոխուին: Երեխաները կ՚ուզեն մեծնալ. անոնց համար մեծնալ կը նշանակէ ըլլալ ազատ ու անկախ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ցաւը, վիշտն ու տրտմութիւնը մեր մարդկային կեանքին անբաժան մէկ մասն են եւ դարեր շարունակ մարդ արարած այդ ցաւէն ու անորոշութենէն խուսափելու ձեւերը փնտռած է՝ նոյնիսկ եթէ լաւապէս գիտակցի, որ այդ խուսափումը ժամանակաւոր է. անցեալին ինչ ձեւեր օգտագործած են, չենք գիտեր, սակայն, վերջին տասնամեակին կը տեսնենք, որ մարդիկ անոր լուծումը կը փորձեն գտնել թմրանիւթ կոչուած թոյնին մէջ, որուն վերջ տալը արդէն իսկ դարձած է անկարելի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ազգեր, որոնք կը յայտնուին եւ իրենք զիրենք կը գտնեն մրցակցող ուժերու եւ հակասական շահերու միջեւ, պարտին իրենց քայլերն ու որոշումները լաւապէս ընտրել, որովհետեւ քաղաքականութիւն ըսուածը տարբերութիւն չունի ճատրակէն, որուն իւրաքանչիւր քայլը կրնայ ապագայ դրական կամ ժխտական ելքը որոշել:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան, որով ստեղծուեցաւ հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց «Eski İstanbul Sesleri» խումբի ներկայացուցիչները, որոնք փութացած էին մօտալուտ համերգի մը հրաւէրը ուղղելու։