ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կը շարունակէ եղբայրական կապերը ամրապնդել՝ Սուրբ Քաղաքի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր կեդրոններուն հետ։ Այս հանգամանքի լաւագոյն դրսեւորումները տեղի կ՚ունենան տօնական շրջաններուն։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարի շրջանին փոխադարձ այցելութիւններ կ՚իրականացուին հոգեւոր կեդրոններուն միջեւ։ Այս դրական աւանդութիւնը կը շարունակուի անկեղծ բարեմաղթանքներու մթնոլորտին մէջ՝ մինչ քրիստոնեայ հոգեւորականները զիրար կ՚ողջունեն տօնական աւետիսով։
Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան հիւրընկալեց Ֆրանսիսքեան միաբանութեան ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Հայր Ֆրանչեսքօ Իէպլօ Քուսթոսին։ Հայոց վանքէն ներս ջերմ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորուեցան Ֆրանսիսքեան միաբանութեան ներկայացուցիչները։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ անոնք համախմբուեցան Նորին Ամենապատուութեան շուրջ։ Տօնական աւետիսով ծաւալուած զրոյցի ընթացքին բոլորի հասարակաց մաղթանքն էր խաղաղութիւնը եւ Սուրբ Երկրէ ներս քրիստոնեաներու յարատեւութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին՝ Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ Տ. Սեւան արք. Ղարիպեան եւ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութենէն այլ անդամներ։
Բաց աստի, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան անունով, երէկ, շնորհաւորական այցելութիւն մըն ալ տրուեցաւ տեղւոյն յունաց պատրիարքարանը։ Տ. Թէոդորոս եպիսկոպոս Զաքարեանի գլխաւորութեամբ, Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը շնորհաւորութիւններ յղեց յունաց Տ. Թէոֆիլոս Գ. Պատրիարքին եւ միաբանակից անդամներուն։ Նորին Սրբազնութիւնը զրոյցի ընթացքին յունաց պատրիարքին փոխանցեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքին եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթանքը։
