Շաբաթ 18, Ապրիլ 2026
ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երուսաղէմի մէջ Ս. Զատկի շրջանին միջեկեղեցական շնորհաւորական այցելութիւնները կը շարունակուին։ Երէկ, այս ծիրէն ներս, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան հիւրընկալեց Երուսաղէմի Յոյն Ուղղափառ Տ. Թէոֆիլոս Գ. Պատրիարքը։ Հայոց վանքէն ներս, Պատրիարքարանի գահասրահին մէջ երկու հոգեւոր առաջնորդները եղբայրաբար ողջագուրուեցան եւ բարեմաղթանքներ փոխանակեցին՝ շրջապատուած իրենց միաբանակիցներուն կողմէ։
Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026