Արխիւ
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Բանտին մէջ, պաշտօնակիցներդ կ՚ուղղուին դէպի քեզի, որպէսզի քեզմէ լուր մը քամեն: Թշնամիին հրապարակած լուրերէն բացի, այլ լուրերէ կտրուած էինք: Ո՛չ մէկ բանի կը հաւատային եւ քեզմէ մէ՛կ լուր մը միայն կ՚ուզէին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ոմանք այն համոզումը ունին, թէ՝ փոխելով մեր մտածելակերպը կը փոխուի նաեւ մեր հաւատքը։ Սակայն «փոխել» եւ կամ «փոխուիլ» այնքան ալ դիւրին եւ հեշտ բան չէ։ Խրթին, աւելին՝ դժուա՛ր է չափահաս անհատին մտածելակերպը փոխել։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աւետարանները կը խօսին Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան ժամանակ պատահած որոշ դէպքերու մասին. օրինակի համար, երեք ժամ երկիրը կը խաւարի եւ բոլորը ականատես կ՚ըլլան այդ իրողութեան։ Սակայն, Փիէռ Պէյլի հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ ժամանակակից պատմիչներէն մէկը երբեւէ անդրադարձ չէ ունեցա՝ մա՛նաւանդ, որ երկու մեծ երկրաշարժ տեղի ունեցած է. ասոնք տեղեկութիւններ են, զորս պատմիչներ կը յիշեն:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կարեւոր ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է՝ դէպի Ռիատ եւ Գահիրէ։
Երէկ, Էրտողան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ռիատ, ուր հիւրընկալուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի կողմէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նիկողոս Սարաֆեանի անմոռանալի յօդուածին հետքերով. այսօր հայ գրականութիւնը թշնամի ունի՞:
Մարդիկ՝ ներառեալ գրողները, դարձած են խուսափող, ինչ որ անվիճելի ապացոյցն է հաւաքական անտարբերութեան:
Երէկ, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Ղազախիստան Համատեղ ռազմավարական ծրագրաւորման խմբակի նիստը, որ ութերորդն էր իր նմաններու շարքին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Գիրքերու աշխարհի մեծ տիրակալ Հռութ Քէշիշեան, որ մեզի համար բացած էր լուսաւոր ուղի մը:
Երբ մտքերն ու երազները կը փոխանակուին՝ պատրաստ ընդունելու նոր գաղափարներ եւ նոր մարդոց ներկայութիւն:
Շահապաշտ խօսոյթին ազդեցութիւնը այնքան խոր է, որ մարդիկ ամէն ինչի մէջ կը փնտռեն օգուտ մը։ Սա չի սահմանափակուիր ուրիշներու հետ շփման կամ գործակցութեան պարագաներով, այլ սեփական նախաձեռնութիւնները կամ քայլերն ալ նոյն ծիրին մէջ են։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան յայտարարեց. «Չեմ կրնար յստակ որեւէ բան ըսել, թէ կը կայանա՞յ Եպիսկոպոսական ժողովը կամ ոչ»։
Երէկ, Պէյօղլուի գաւառապետ Աթաքան Աթասոյ այցելեց Էսաեան վարժարան՝ ընկերակցութեամբ Պէյօղլուի կրթական տնօրէն Ճեւաթ Տերվիշօղլուի։ Հիւրերը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան՝ գլխաւորութեամբ Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկանի, որու կողքին ներկայ էին նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն անդամներ, Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներն ու կրթական մշակները եւ Պէյօղլուի ընտանիքէն այլ դէմքեր։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պատմական արժէքով նամակներու հաւաքածոյ մը օրերս յանձնուած է Ռուսաստանի Պետական արխիւին։ Անոնք խորհրդային ժամանակաշրջանի ամենանշանաւոր եւ հակասական արուեստագէտներէն մէկուն՝ Վլատիմիր Վիսոցքիի եւ անոր կնոջ՝ ռուսական արմատներով ֆրանսացի նշանաւոր դերասանուհի եւ երգչուհի Մարինա Վլատիի սիրային նամակներն են։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հետաքրքրական է յիշել, որ իմ տարիքիս մարդիկ, երբեմն համարձակ, յաճախ ալ ցած ձայնով կ՚արտայայտուին, թէ արդէն ծերացած են: Իմ կարգիս չեմ ուզեր այդ «բառը» գործածել: Կը գոհանամ՝ մենք ալ «մեծցանքով» մը:
Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
1.Ինչո՞ւ համար Քրիստոս աշխարհ եկաւ, ինչո՞ւ պատկերի ենթակայ եղաւ: 2. Ի՞նչ կը կոչուէր Քրիստոս մարմին առնելէն առաջ եւ յետոյ ի՞նչ կոչուեցաւ: 3. Ի՞նչ ըսել է Յիսուս, ինչո՞ւ համար Մեսիա, Օծեալ, Էմմանուէլ անունները կու տանք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը եւ այն ամէնը, որ իմ ներսիդիս է՝ անոր սուրբ անունը։ Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իրականութեան մէջ բոլոր այն առարկութիւնները, որոնք կը հերքեն Յիսուս Քրիստոսի գոյութիւնը՝ անիմաստ ու այնքան ալ համոզիչ փաստարկներ չեն. օրինակի համար, Յիսուս Քրիստոսի գոյութիւնը հերքող հեղինակը՝ Փիէռ Պէյլի կը խօսի Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան մասին եւ այդտեղ դարձեալ ժամանակագրական հարցեր կը բարձրացնէ.
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս ձեռքս անցաւ հայ քերական, բանասէր Եփրեմ Պօղոսեանի (1897- 1972թթ.) մէկ ուսումնասիրութիւնը՝ նուիրուած հայոց մէջ ամուսնութեան տարիքին եւ ամուսնութեան արարողութիւններուն՝ համեմատաբար նոր շրջանին՝ 18-19-րդ դարերուն։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Պարապ միտքը սատանայի աշխատանոցն է» խօսքը շատերու կողմէ Պղատոնի կը վերագրուի, էապէս խորիմաստ արտայայտութիւն մըն է մարդու հոգեկան ու բարոյական կեանքին մասին։ Ան կը հրաւիրէ մեզ խորհելու այն մասին, թէ ինչ կը պատահի, երբ մարդու միտքը անգործ կը մնայ, առանց նպատակի, առանց իմաստալից զբաղումի ու առանց ճշմարտութեան որոնումի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Լաւ եւ օգտակար արարքներ բարձրագոյն բարի գաղափարականի մը արդիւնք են ընդհանրապէս, բայց անպայման նուիրումի եւ զոհողութեան արդիւնքը չեն։ Անձնական շարժառիթներ, անարգ նկատումներ, սխալ մտածումներ կրնան տուն տալ՝ պատճառ դառնալ օգտակար գործունէութիւններու եւ շողշողուն բարեգործութիւններու։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յիսուսի գոյութիւնը հարցականի տակ դնող Փիէռ Պէյլի յաջորդ հարցադրումը հետեւեալն է. «Աւետարանները կը յիշեն, որ Յիսուս Քրիստոսի համբաւը տարածուեցաւ.- նոյնիսկ հազարաւոր մարդիկ իրեն հետեւեցան. Յիսուս հինգ հազարէն աւելի մարդոց կերակրեց եւ անոնց դիմաց հրաշագործութիւններ ըրաւ. մեռելները կենդանացուց, պալատականներու հետ գործ ունեցաւ.- այս բոլորը նկատի ունենալով ինչո՞ւ համար ժամանակակից պատմիչներ իրենց աշխատութիւններուն մէջ չյիշեցին Քրիստոսը:
Շաբաթավերջին, Բանկալթիի «Նոսթալժի» գրախանութին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որ համախմբեց հոծ թիւով գրասէրներ: Այս հաւաքոյթի ընթացքին ծանօթացուեցաւ՝ արժէքաւոր արուեստագիտուհի Սոնկիւլ Էօտէնի կողմէ հրատարակուած գիրքը, որ կը կոչուի՝ «#eşrefimahlukat»: