ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ»Ի ՊՈԼԻՍ ՈՒՂԱՐԿՈՒԱԾ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՍԱՔԸԶԱՂԱՃԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ՝ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ
Երէկ, Աստուածաշունչի ընկերութեան կողմէ հրատարակուած «Մանուկներու Աստուածաշունչ»ի Պոլիս ուղարկուած օրինակներու շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Սաքըզաղաճի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի։ Արեւմտահայերէնով հրատարակուած է այս Աստուածաշունչը։ Փոքրիկները Աստուծոյ խօսքին հաղորդ դարձնելու առաջադրութեամբ, Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի ջանքերով կեանքի կոչուած նախաձեռնութեան մը մասին է խօսքը։ Հինգ հազար օրինակով տպուած «Մանուկներու Աստուածաշունչ»էն 450 օրինակ արդէն ուղարկուած է քաղաքս։ Երէկ այդ աստուածաշունչերու ծանօթացման հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Հարկ է նշել, որ «Մանուկներու Աստուածաշունչ»ի օրինակներէն քաղաքս հասնելուն եւ երէկուան շնորհանդէսի կազմակերպման ուղղութեամբ դերակատարութիւն ստանձնած էր նաեւ Աստուածաշունչի Թուրքիոյ մասնաճիւղը, որու պատասխանատուներու շարքին է մեր համայնքէն Թամար Քարասու։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ հովանաւորուած եւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան թ. ծայրագոյն վարդապետ Գազանճեանի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած երէկուան հաւաքոյթի պատուոյ հիւրերու շարքին էր վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։
«Գովեա Երուսաղէմ» շարականի երգեցողութեամբ սկսաւ ձեռնարկը՝ քանի կազմակերպուած էր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ ու մանաւանդ՝ կը զուգադիպէր Ս. Զատկուան տօնական շրջանին։ Ներկաներու շարքին էին բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր, կրթական մշակներ եւ այլ հիւրեր։ Բոլորն ալ համակուած էին ուրախութեամբ՝ քանի այս նախաձեռնութիւնը բացառիկ նշանակութիւն ունէր թէ՛ փոքրիկներու ներաշխարհին վրայ Ս. Աւետարանի ճշմարտութիւններու լոյսը սփռելու եւ թէ կրթադաստիարակչական տեսակէտէ։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլուի։ Զանազան ատենախօսներ խորհրդածութիւններով հանդէս եկան ծրագրին շուրջ։ Բնականաբար, հիմնական ատենախօսն էր տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ «Մանուկներու Աստուածաշունչ»ին շուրջ։ Հրայր Ճէպէճեան ներկաներուն հետ բաժնեց իր զգացումները՝ հերթական անգամ Պոլիս գտնուելու առիթին կապակցութեամբ։ Այսպէս, ան շեշտեց, թէ պոլսահայ ժառանգութիւնը, մշակոյթը միշտ բարձր ձգողականութիւն ունեցած են իր տեսակէտէ։ Ապա ան «Մանուկներու Աստուածաշունչ»ի պատրաստութեան եւ արտադրութեան փուլերուն շուրջ ներկայացուց տեղեկութիւններ՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով հեղինակի իրաւունքներու վերաբերեալ բարդ խնդիրներու կարգաւորման ծալքերուն։ Հրայր Ճէպէճեան մաղթեց, որ այս մատչելի գիրքին շնորհիւ փոքրիկները հաղորդ դառնան Ս. Աւետարանին, իրենց ներաշխարհին մէջ արձագանգէ Աստուծոյ պատգամը։ Ի լրումն այս բոլորին, ան դիտել տուաւ, որ «Մանուկներու Աստուածաշունչ»ը այնպէս մը պատրաստուած է, որ կարելիութիւն կրնայ ընձեռել ծնողներու կամ մեծ ծնողներու հետ ընթերցման, ինչ որ տարբեր հարթութեան մը վրայ կրնայ դնել սերունդներու յարաբերութիւնը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ հուսկ բանքին մէջ հետաքրքրական խորհրդածութիւններ եւ ուշագրաւ դիտարկումներով հանդէս եկաւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրեց, որ աշխարհ թէեւ կը կառավարուի չափահասներու, մեծերու կողմէ, սակայն, անոնց ամբողջ գործունէութիւնը կ՚ըլլայ մանուկներու ուղղեալ։ Այսինքն, իր բնորոշմամբ՝ աշխարհ մանուկներու շուրջ կը դառնայ։ Այս իրողութեան լոյսին տակ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ընդգծեց յաջորդականութեան, շարունակականութեան կարեւորութիւնը։ Արդարեւ, բոլոր մարդիկ այս աշխարհէն կ՚անցնին ու կ՚երթան եւ անոնց կողմէ ամբողջ ամբարուածի փոշիացումը, շոգիացումը կանխելու միակ ճանապարհն է այդ բոլորի փոխանցումը, ժառանգումը։ Ուստի, այս կէտէն սկսեալ ամէն ինչ կ՚ընթանայ՝ մանուկները ուշադրութեան կեդրոնին պահելով։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին, ներկայ կրթական մշակներուն բաժնուեցան Իսթանպուլ բերուած «Մանուկներու Աստուածաշունչ»էն օրինակներ։
Հուսկ, արքեպիսկոպոսարանի սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ անմիջական մթնոլորտ։ Թէ՛ հոգեւոր հայրերը եւ թէ միւս ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան զրուցելու տքթ. Հրայր Ճէպէճեանին հետ, որ մինչեւ շաբաթավերջ կը մնայ քաղաքս։
Բացի այս շնորհանդէսէն, տքթ. Հրայր Ճէպէճեան երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Պատրիարքարան, ուր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը։ Հրայր Ճէպէճեան Պոլսոյ մէջ կեցութեան օրերուն կ՚այցելէ նաեւ զանազան կրթական հաստատութիւններ։
