Արխիւ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Յանկարծ սենեակին մէջ տիրեց ճերմակ լռութիւն: Տխուր մինակութիւն մը զգաց: Կրկին անգամ, այդ երեկոյ, իր միտքը կարծես դարձեալ նոր ու տարբեր հոգեդարձ մը կ՚ապրէր: Ճակատը անժամանակ քրտինք թափեց:
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Հակառակ աւանդական դարձած մեր անհարկի վայնասուններուն՝ ներկայիս մի քանի նոր անուն ունինք Սփիւռքի գրական անդաստանին մէջ, ինչ որ մեզ կ՚ուրախացնէ: Կարեւոր չէ, թէ ո՛վ ինչ արժէքի ու որակի գործեր կ՚արտադրէ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Յունական դասական փիլիսոփայութեան գլխաւոր ներկայացուցիչներէն է Արիստոտել, որ անջնջելի հետք թողած է յետագայ դարերու փիլիսոփայական մտքի զարգացման վրայ։ Արիստոտել առաջին փիլիսոփան է, որ ծաւալուն աշխատանք կատարած է բարոյագիտութեան մասին։
Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցին յայտարարեց, որ «Տաւիտ Կարեճի» վանական համալիրը վրացական ինքնութեան անբաժանելի մասն է։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ սրբազան սինոդի վերջին օրերուն տեղի ունեցած ժողովներէն վերջ, շաբաթավերջին այս մասին յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ։
Իսթանպուլի նախկին գլխաւոր քաղաքապետներէն Քատիր Թոփպաշ շաբաթավերջին մահացաւ յետերկարատեւ հիւանդութեան։ Իր յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Նախկին քաղաքապետին կորուստը լայն արձագանգ ստեղծեց հանրային կարծիքին մօտ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Մենք դիւանագիտական տեսանկիւնէ ուժեղ էինք, երբ խնդիրը կը գնահատուէր Արցախի հայ մեծամասնութեան մարդկային իրաւունքներու առումով եւ տկարացանք, երբ այդ իրաւունքներու համար ջանքերը փոխակերպուեցան մեծ կամ միացեալ Հայաստանի տեսլականի ջատագովութեան»:
Աթանէսեան. «Առաջին հերթին մեծ ընելիքներ ունի հայկական դիւանագիտութիւնը՝ մասնաւորապէս Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի ուղղութեամբ։ Նախապաշարումներէն պիտի կարողանայ վեր կանգնիլ։ Դիւանագիտութիւնը պէտք չէ կաշկանդուած ըլլայ «պատմական թշնամի» կամ «դարաւոր բարեկամ» բարդոյթներով՝ մանաւանդ, որ «թշնամին» եւ «բարեկամ»ը շատ հարցերու մէջ գործընկերներ են»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գայիանէի վանքի երդիքին տակ։ Տեառնընդառաջին զուգադիպած Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Նորապսակներու օրհնութեան կարգ։
Կը տեղեկանանք, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր յետմիջօրէի ժամերուն քաղաքէս հրաժեշտ կ՚առնէ մեկնելու համար Հայաստան։ Նորին սրբազնութիւնը Քիեւի վրայով կ՚ուղեւորուի Երեւան։
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Վաղը ամբողջ աշխարհ կը նշէ սիրահարներու տօնը:
Եկէք՝ ծանօթանանք, թէ տարբեր ժողովուրդներ ինչպէ՛ս կը նշեն այս տօնը, սիրահարները ինչեր կը նուիրեն իրարու:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Օրերս մեր մեծագոյն եւ իւրայատուկ գրական-մտաւորական անձնաւորութիւններէն մէկուն՝ Կոստան Զարեանի «Սպանիա» գիրքը կը կարդամ: Այնքան հետաքրքրական եւ միաժամանակ այնքան խորունկ հատոր մը, որ կարելի չէ հատորին մէջ արձանագրուած խոր, այժէմական եւ կեանքի փիլիսոփայութեան հետ առընչութիւն ունցող մտածումներուն մասին պահ մը չմտածել, չբերել ներկայ, խորհրդածել, մտմտալ եւ փորձել հասկնալ մեր ներկան:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Գեղեցիկ սովորութեան մը համաձայն, նոր տարուան առաջին իսկ օրը, սենեակիս պատէն կախուած հին տարուան հայկական մեր օրացոյցը, երբ նորով կ՚ուզեմ փոխարինել, անպայման, նախ հինը էջ առ էջ աչքէ կ՚անցընեմ եւ ապա հոն տեղ գտած զաւակներուս, թոռներուս եւ մտերիմ բարեկամներուս ու զարմիկներուս ծննդեան կամ ամուսնութեան թուականներուն եւ այլ նօթերուս հետ, «նորին» վրայ կ՚արտագրեմ, ամէն տեսակի մոռացութիւններու եւ թիւրիմացութիւններու առաջքը առնող, իբրեւ շատ օգտաշատ եւ արդարամիտ որդեգրում:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պէյրութի սրտին գտնուող հայկական թաղամաս՝ Պուրճ Համուտը յայտնի է ոսկիի առեւտրականներու մեծ ցանցով եւ ցայսօր ալ կը համարուի այդ արհեստին գլխաւոր կեդրոններէն մին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընտանեկան, ընկերային, բարոյական եւ կրօնական կեանքին հետ սերտ յարաբերութիւն ունի շաբաթներու այն շրջանը՝ որ կը կոչուի «Մեծ պահք»։ Եւ ահաւասիկ, անգամ մը եւս հասաւ այդ շրջանը։
Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան զուգահեռ ստեղծուած՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու եռակողմանի աշխատանքային խումբին երկրորդ ժողովը երէկ տեղի ունեցաւ հեռավար ձեւաչափով։
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը միշտ ահազանգ կը հնչեցնէ Սիւնիքի սահմաններու պարագային:
Ընդդիմադիր ուժերը նորովի թափ կու տան իրենց ջանքերուն՝ իշխանութեան հրաժարականը ապահովելու համար:
Գումգաբուի աղբիւրները երէկ դրական լուրեր հաղորդեցին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու անդամներու առողջական վիճակին կապակցութեամբ։
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Ս. Ծննդեան պատարագին 2021 տարին հռչակեցինք «Աղօթքի տարին» մեր թեմական կառոյցէն ներս բազում նկատառումներով։ Արդարեւ, այսօր մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ աղօթքը պէտք է արտայայտուի մեր բովանդակ կեանքով, ե՛ւ անհատական, ե՛ւ հաւաքական առումներով։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Ա. Քհնյ. Մելիքեան յայտարարեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած «Աջակցինք Արցախին» ծրագիրը պէտք է շարունակուի աշխարհասփիւռ հայութեան հանգանակութիւններուն շնորհիւ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմագերիներու փոխանակման վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։ Ըստ իրեն, այս հարցի կապակցութեամբ տրամաբանական լուծումն է «Բոլորը՝ բոլորի դիմաց» ձեւաչափը։
Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Հարաւային Կովկասէ ներս կը ձեւաւորուին նոր հաւասարակշռութիւններ եւ այս ամբողջին մէջ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն նաեւ Վրաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ երեսակները։