Արխիւ
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ փետրուարի 21-ը նախատեսուած է՝ որպէս Մայրենի լեզուի միջազգային օր։ Այս կարգադրութեան նպատակն է ուշադրութիւն հրաւիրել այն լեզուներուն վրայ, որոնք անհետանալու վտանգին ենթակայ են։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն։
Արցախի տարածքներու զգալի կորուստով եւ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակով պայմանաւորուած առկայ մթնոլորտին մէջ Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը շարունակէ հետամուտ մնալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած իշխանութիւններու հրաժարականին։ Ամիսներէ ի վեր ընդդիմութիւնը պայքար կը մղէ եւ այդ մէկը շաբաթավերջին մեծ հանրահաւաքով արդէն նոր հարթութեան մը վրայ եկած է։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Քորոնա»ն շատ բաներ արդէն իսկ ամբողջովին փոխած է: Եղափոխութիւնը թափով կը շարունակուի. դրակա՞ն է ընթացքը, թէ՞ ժխտական, տակաւին ոչ ոք հաստատ կարծիք կրնայ յայտնել:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վարչապետի առաջուան պատկերը քայքայուած է եւ սա է այն հիմնական գործօնը, որ ուղղակի ազդեցութիւն կը գործէ ապագայ գործընթացներուն վրայ:
Յետպատերազմեան իրավիճակի պայմաններով Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած իշխանութիւններու հրաժարականի պահանջը հետզհետէ համաժողովրդական բնոյթ կը ստանայ Հայաստանի մէջ:
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Սէ՜ր, որքա՜ն հեռու է ինձմէ այս զգացումը ու որքա՜ն օտար, մինչդեռ ատենօք այնքան սերտ բարեկամներ էինք մենք: Չեմ յիշեր, թէ ե՛րբ խզուեցան մեր յարաբերութիւնները, վստահ ալ չեմ, թէ արդեօք պիտի կարենա՞նք զանոնք վերստին բարւոքել:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մտային ճարպակալութիւն անուան տակ բացատրուած է, թէ մտքի աւելորդ «բեռները» ինչպէս վտանգ կը սպառնան մտային առողջութեան եւ մարդկային յոյզերու համար։ Յատկապէս համացանցի օգտագործման տարածմամբ եւ անոր մարդկային առօրեայ կեանքի ներմուծումով, յոյս կը յայտնուէր, թէ համացանցի ընձեռած հնարաւորութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ աւելի արագ եւ հեշտութեամբ հասնիլ ճիշդ տեղեկատուութեան։
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ներդրումով՝ 1999 թուականէն սկսեալ ամէն տարի 21 փետրուարին աւանդութիւն դարձած է յիշատակել Մայրենի լեզուի միջազգային օրը։ Այս առիթով Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան պատգամ մը հրապարակեց եւ շնորհաւորեց Մայրենի լեզուի միջազգային օրը ու խօսեցաւ արեւմտահայերէնի գործածութեան մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Թէպէտ որպէս անդամներ իրարու կապուած ենք, բայց Աստուծոյ շնորհքը իւրաքանչիւրիս տարբեր պարգեւ մը տուած է, որ պէտք է գործածենք». (ՀՌՈՄ. ԺԲ 5-6)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամբողջ աշխարհը եւ տիեզերքը ստեղծելէ յետոյ Աստուած վեցերորդ օրը ստեղծեց մարդը։ Մարդուն տուաւ ապրելու համար հրաշալի վայր մը, որ կոչեց Եդեմական դրախտ, եւ մարդուն ըսաւ. «Այս դրախտին մէջ ապրէ, որքան կեանք կու տամ քեզ, այս բոլոր ծառերու եւ կենդանութեան պտուղներէն օգտուէ, բացի մէկ հատէն՝ չարի եւ բարիի գիտութեան ծառէն»։
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Ունեցածդ ամուր բռնէ, որպէսզի մէկը չառնէ քու պսակդ» Յայտնութիւն Յովհաննու 3.11:
Երեւի ասկէ առաջ ըսած եմ, որ երկու պատկանելիութիւններուս հաւասարակշռութեան մէջ է, որ գտած եմ ինքնութեանս գիտակցութիւնը եւ արժէքը: Սփիւռքեան իրականութեան մէջ ապրող ոեւէ հայու իրավիճակն է ասիկա:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
• «Քերիր հրէան եւ տակը կը գտնես կիսաքանդ լացի պատը: Քերիր հայը եւ տակից Արարատը կը ցցուի:
Պոլսոյ մէջ, տարիներ շարունակ Մեծ պահոց շրջանին աւանդութիւն եղած է քաղաքի զանազան եկեղեցիներուն մէջ Արեւագալի արարողութիւններ կատարել եւ Բանին Կենաց քարոզութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ մատակարարել։
Այս աւանդութիւնը այս տարի եւս սկիզբ առաւ Մեծ պահոց առաջին չորեքշաբթի օրէն սկսեալ։
Անգարայի Հանրապետական աւագ դատախազութիւնը մեղադրականներ պատրաստեց խորհրդարանի 9 ՀՏՓ-ական երեսփոխանին դէմ։ 2014 թուականի Քոպանիի դէպքերուն բերումով պատրսատուած են այս մեղադրականները՝ այն պատգամաւորներու պարագային, որոնք այդ ժամանակ մաս կը կազմէին կուսակցութեան կեդրոնական վարչական խորհուրդին։ Յիշեալ դէպքերուն հետեւանքով 37 հոգի զոհուած էր։
Էնթընի Պլինքըն. «Կլիմայի փոփոխութեան սպառնալիքներուն արձագանգելը մեր գերակայութիւններու կիզակէտին է»:
Ճօ Պայտընի տնօրինութեամբ երէկուան դրութեամբ վերականգնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մասնակցութիւնը՝ Փարիզի համաձայնութեան:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին երկկողմանի օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ։ Նախարարները գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստան-Հնդկաստան յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին առընչութեամբ՝ նշելով, որ անոնք խարսխուած են աւանդական բարեկամութեան եւ փոխադարձ ըմբռնման հիման վրայ։
Հարաւային Կովկասի յետպատերազմեան պայմաններով արագ փոփոխութիւն չի կանխատեսուիր Թուրքիա-Հայաստան առանցքին։
«Քառնեկի» հիմնարկի վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ. «Ռուսաստանին արդարացում պէտք է՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս իր խաղաղապահները պահելու համար։ Այլապէս, եթէ լիակատար խաղաղութիւն ըլլայ, ապա անոնք պէտք է տուն վերադառնան։ Բայց նաեւ ան չի փափաքիր որեւէ ապակայունացում։ Թէեւ շատ մեծ ազդեցութիւն ունի, սակայն սա շատ բարդ խաղ մըն է։ Ռուսական կողմը անընդհատ պէտք է պաշտպանէ հաւասարակշռութիւնը ու կ՚ուզէ պատասխանատուութիւնը բաժնել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ։ Երեւանի եւ Պաքուի համար ալ նախընտրելի չէ, որ Մոսկուա մենաշնորհ ունենայ այս հարցին մէջ»։
Հայաստանի Սիւնիքի մարզէն ներս ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ ամէն օր անհաւատալի հաղորդումներ կը կատարուին։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացը հրատապ կացութիւն մը ստեղծած է այս մարզի պարագային։
Իրանի միջուկային ծրագիրներուն վերաբերեալ հարցերը ներկայիս վերստին առաջնահերթ դարձած են միջազգային օրակարգի վրայ։ Այս ուղղութեամբ կարեւոր գործօն մը դարձած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահ Ճօ Պայտընի իշխանութեան գլուխ գալը։
Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպանի գլխաւորած աշխատանքային խումբին կողմէ այցելութիւն:
Եթէ նոյնիսկ Ատրպէյճանի զինուորները կը կրակեն դէպի օդ, սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները կրնա՞ն հանգիստ ըլլալ: