Արխիւ
Թուրքիա-Ատրպէյճան՝ Հայաստանի սահմանին վրայ կազմակերպուած ռազմափորձերը կ՚աւարտին:
Զօրավարժութիւններու եզրափակիչ փուլին կը մասնակցի նաեւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով:
Արա Այվազեան. «Թուրքիա այլեւս որեւէ պատճառ չունի Հայաստանի հետ սահմանը փակ պահելու համար»:
Երեւանէն առաջին անգամ դրական տեսակէտ մը հնչեց՝ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առթիւ հանդէս եկաւ պատգամով մը։
Պատրիարքական Աթոռը 10 փետրուար 2021, չորեքշաբթի, վերահասու դարձաւ, թէ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնի առթիւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագիչ՝ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան ազդուած է քորոնա համավարակէն եւ ներկայիս առտնին դարմանման տակ կը գտնուի։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կը պակսի ազնուութիւնը: Մարդիկ դադրած եմ իրարու հանդէպ ազնիւ ըլլալէ: Նախապատուութիւնը տուած են շողոքորթութեան ու քծնանքի: Մինչդեռ բոլորը կը շարունակեն խօսիլ անկեղծութենէ եւ դիմացինէն կը պահանջեն զայն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան տակ կը նշուի որպէս Գիտութեան մէջ կիներու եւ աղջիկներու միջազգային օրը: Օրը տօնի կը վերածեն՝ մեծարելով գիտութեան նուիրուած կիներն ու աղջիկները:
Հայաստանի Բարձր փորձագիտութիւններու եւ արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան յայտարարեց, որ հայկական արտադրութեան հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը արդէն կ՚անցնին պետական փորձարկումներէ, որոնց յաջող աւարտէն վերջ պիտի սկսի անոնց արտադրութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Յակոբ Արշակեանի մականին ներքեւ կը գործէ նաեւ Հայաստանի Ռազմաարդիւնաբերութեան պետական կոմիտէն։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան բժիշկներու թոյլտուութեան պարագային այս շաբաթավերջին պիտի վերադառնայ Երեւան։ Ինչպէս ծանօթ է, ան քորոնաժահրով վարակուած ըլլալով դարմանման տակ կը գտնուի Լոնտոնի մէջ, ուր մեկնած էր տարեմուտին։
Սրբոց Ղեւոնդեանց յիշատակութեան առթիւ արարողութիւններ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը կանգ առաւ եկեղեցականներու ծառայութեան ոգիին եւ կոչումի գիտակցութեան վրայ:
Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ սկսած աշխատանքը:
Հեռավար առաջին ժողովին ժամանակ արժեւորուեցաւ տարածքաշրջանի հաղորդակցութիւններու այժմու կացութիւնը:
Երէկ, Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ մեծահանդէս տօնակատրութիւն՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ մասնակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասուն։
Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ այս շրջանին կը նկատուի նոր աշխուժութիւն:
Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Էնթընի Պլինքընի միջեւ այսօր հաւանաբար տեղի ունենայ զրոյց մը:
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Հետաքրքրութեամբ կարդացինք Յարութ Կիւլիւզեանի անդրադարձը Պէյրութի «Բագին» հանդէսին մէջ լոյս տեսած՝ Ռուբէն Խաժակ ստորագրութեամբ բանաստեղծութեան մը («Ժամանակ», 8 Փետրուար, 2021) (*)։ Գնահատելի է, որ հեղինակը իր լուսարձակը ուղղած ըլլայ գրական հարցի մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ Տէր Զօր նահանգէն հասած լուրերը չարագուշակ են։
Խնդիրն այն է, որ Սուրիոյ կանոնական բանակի վաշտ մը ենթարկուած է յարձակման, որուն հետեւանքով ալ զոհուած են 26 զինուորներ։
ԵՐԱՄ
Դուրսը անձրեւ էր։ Ծառերը լաւ լոգանք կ՚առնէին։
Աննան նստած էր խոհանոցի սեղանին, փայտէ քառակուսի աթոռակին վրայ։ Քանի՞երորդ օրն էր։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Վերջին մէկ տարուայ հոլովոյթին տեւական կը տեսնամ նոյն երազը: Շրջանաւարտ ըլլալու շեմին եմ: Թերեւս ամիսներէն մայիս է: Շուտով պիտի սկսին աւարտական քննութիւնները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կ՚անդրադառնանք հայերէնի նրբերանգներուն մասին՝ օգտուելով այս մասին հմուտ անձերու փորձառութիւններէն։ Այս ուղղութեամբ կը ներկայացնենք «Յուսաբեր» թերթի խմբագիր Բենիամին Թաշեանի (1896-1971) «Լսարան Հայ Լեզուի» հատորէն հատուածներ։
Շատ տարածուած ու տհաճ հարցեր են յօդացաւերը, որոնք կրնան պայմանաւորուած ըլլալ ամենատարբեր գործօններով: Նման ցաւը կը դառնայ շարժումներու կաշկանդուածութեան պատճառ եւ խիստ բացասաբար կ՚անդրադառնայ մարդու կեանքի որակի վրայ, ուստի զարմանալի չէ, որ այս խնդիրէն մարդիկ կը փորձեն հնարաւորինս արագ ձերբազատուիլ:
Առաւօտուն մարդիկ երբ արթննան՝ կը կատարեն որոշ գործողութիւններ, որոնց մեծ մասը արդէն սովորութիւն դարձած են եւ ինքնաբերաբար կը կատարուին, սակայն այդ բնական թուացող սովորութիւններէն մէկը կրնայ շատ վտանգաւոր ըլլալ ու յանգեցնել լուրջ խնդիրներու։ Խօսքը առաւօտեան արթննալուն պէս անմիջապէս անկողինը կարգի բերելու սովորութեան մասին է, որ շատեր կը համարեն օգտակար։
«Nike» ստեղծած է նոր մարզակօշիկներ, որոնք կարելի է հագնիլ վայրկեաններու ընթացքին՝ առանց ձեռքերը օգտագործելու։ Այսպէս, աշխարհահռչակ «Nike» ընկերութիւնը յարմարաւէտութիւնը գնահատող իր յաճախորդներու համար ստեղծած է նոր մարզանքի կօշիկներ, որոնք «հեշտ է հագնիլ եւ նոյնքան հեշտ է հանել», կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն»։