Արխիւ

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները զրոյցի ընթացքին քննարկեցին տարածքաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշական պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջեւ նախատեսուած առաջին հեռախօսազրոյցը տեղի պիտի ունենայ մօտաւոր ապագային։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

Կարսի մէջ կազմակերպուած «Ձմեռ 2021» լայնածաւալ զօրավարժութիւնները հասան իրենց աւարտին:
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարները ներկայ եղան համատեղ ռազմափորձերու եզրափակիչ փուլին:

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

Այս շաբաթավերջին քանի մը ազգային եւ եկեղեցական տօներ իրար կը յաջորդեն. այսպէս՝ Տեառնընդառաջ, Բուն Բարեկենդան եւ երկուշաբթի, փետրուարի 15-ին Մեծ պահք։
Տեառնընդառաջի տօնը Տիրոջ ընդառաջ երթալու հրաւէր մըն է բոլորին։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Ս. Վարդանանց զօրավարներու եւ 1036 վկաներու յիշատակը ոգեկոչուեցաւ աւանդական շուքով։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Պահպանակ մը օդապարիկի տեսքով
պաշտպանութիւն
գմբէթ
սաղմ
հաւկիթ
երկրին խեղաթիւրումը
ձուաձեւ շրջագիծ
պատմական բողբոջում
աշխարհագրական մաշկի փոփոխութիւն...»

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

ԵՐԱՄ

Գիւղ էր եկեր միջին տարիքն անց արդէն, վաթսունի մօտերուն, մօտ տասնհինգ տարի առաջ։ Եկեր էր մինակ, բայց շատոնց քաղաք գացած գիւղի բնակիչներէն մէկուն ուղեկցութեամբ։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Վերջալոյսը երկունքի շրջան մըն է շատերուն համար, քանի որ անոր կը յաջորդէ խորհրդաւոր գիշերը՝ մութը եւ խաւարը։ Մութը, արդարեւ ունի իր խորհուրդը, ան կը ծածկէ ամէն իրողութիւն, ամէն երեւոյթ եւ ամէն ճշմարտութիւն։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

Աշխարհ ենթարկուած է քորոնաժահրի համավարակի սահմանափակումներուն ու մարդկութեան համար ստեղծուած է նոր աշխարհ մը։ Այս նոր աշխարհին մէջ ջնջուած են գրեթէ բոլոր աւանդութիւնները, սովորութիւնները, սակայն առանց հինը գիտնալու՝ նոր աշխարհ մը հիմնել կարելի չէ…

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

«Ահա եկաւ հայոց ազգին օրերը», կ՚երգուի բարեկենդանեան յայտնի երգով։ Ուրեմն կարելի է երեւակայել՝ որքա՜ն սիրուած ու սպասուած տօն մըն էր այն։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

Ս. Վարդանանց եւ Ս. Ղեւոնդեանց սուրբերու յիշատակութեան տօնական օրերը Երեւանի մէջ այս տարի եզակի գեղարուեստական ձեռնարկով մը արժեւորուեցան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Երեւանի մէջ բացուեցաւ ցուցահանդէս մը՝ ձօնուած հայոց զինուորներուն։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը օժտուեցաւ «Yamaha» նոր նուագարաններով:
Երաժշտասէրները ողջունեցին՝ Ռոպերթ Մլքէեանի մականին ներքեւ մատուցուած բարձրորակ կատարումները:

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմագերիներու փոխանակման վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։ Ըստ իրեն, այս հարցի կապակցութեամբ տրամաբանական լուծումն է «Բոլորը՝ բոլորի դիմաց» ձեւաչափը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2021

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի հետ։ Պայտըն պաշտօնի կոչուելէ վերջ այսպէսով առաջին անգամ շփուեցաւ իր չինացի պաշտօնակցին հետ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2021

Հայաստանի մէջ քաղաքական տագնապը կը շարունակէ մնալ առկայ՝ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումն ալ յարատեւ բողոքի ցոյցերով հանդէս կու գայ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով, ինչ որ երկրէն ներս համատարած ակնկալութեան վերածուած է։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2021

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար զօրավար Ռուստամ Մուրատովը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Վաղարշակ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց գերիներու փոխանակման գործընթացէն ներս Ռուստամ Մուրատովի ստանձնած աշխոյժ դերակատարութեան համար։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2021

Թուրքիա-Ատրպէյճան՝ Հայաստանի սահմանին վրայ կազմակերպուած ռազմափորձերը կ՚աւարտին:
Զօրավարժութիւններու եզրափակիչ փուլին կը մասնակցի նաեւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով:

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2021

Արա Այվազեան. «Թուրքիա այլեւս որեւէ պատճառ չունի Հայաստանի հետ սահմանը փակ պահելու համար»:
Երեւանէն առաջին անգամ դրական տեսակէտ մը հնչեց՝ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2021

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առթիւ հանդէս եկաւ պատգամով մը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2021

Պատրիարքական Աթոռը 10 փետրուար 2021, չորեքշաբթի, վերահասու դարձաւ, թէ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնի առթիւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագիչ՝ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան ազդուած է քորոնա համավարակէն եւ ներկայիս առտնին դարմանման տակ կը գտնուի։

Էջեր