Արխիւ
Իրանի միջուկային ծրագիրներուն վերաբերեալ հարցերը ներկայիս վերստին առաջնահերթ դարձած են միջազգային օրակարգի վրայ։ Այս ուղղութեամբ կարեւոր գործօն մը դարձած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահ Ճօ Պայտընի իշխանութեան գլուխ գալը։
Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպանի գլխաւորած աշխատանքային խումբին կողմէ այցելութիւն:
Եթէ նոյնիսկ Ատրպէյճանի զինուորները կը կրակեն դէպի օդ, սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները կրնա՞ն հանգիստ ըլլալ:
Նախագահներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ նոյն օրը իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներ։
Թուրքիա-Ռուսաստան օրակարգին վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը անմիջական ուշադրութեան առարկայ։
Կը տեղեկանանք, որ «Քուլիս. թատերական յիշողութիւն մը, Յակոբ Այվազ» խորագրեալ ցուցահանդէսը երկարաձգուած է մինչեւ 25 յուլիս 2021 թուականը։
ԵՐԱՄ
Իր իսկ կռունկներու ձայնին հետեւելով, մէկ-երկու, մէկ-երկու, կը մտնէ բեմ։ Ծափողջոյններու տարափին տակ կը քալէ գործընկերներուն հետ, կը նստի իրեն յատկացուած տեղը, ջութակահարներու բաժնի վերջին շարքին։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Տան գրադարանին դիմաց կանգնած նախ կը կարդայ կողք կողքի շարուած շեղ վերնագրերը: Հարիւրաւոր գիրքեր: Իւրաքանչիւրը պատգամ մը փոխանցած, բան մը սորվեցուցած է իրեն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն տարի փետրուարի 19-ին, Հայաստանի մէջ կը նշուի «Գիրք նուիրելու օր»: Ան սահմանուած է 2008-ին, Հայաստանի «Գրողների միութեան» օրուայ նախագահ՝ Լեւոն Անանեանի որոշումով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին կը ձգտի հասնիլ «բարոյական բարի»ին։ Բարոյական բարին՝ Աստուծոյ պատգամներուն կենսագործումն է։
Աշխարհի մեծահարուստներէն, ամերիկեան «Microsoft» ընկերութեան հիմնադիր Պիլ Կէյց վերջին օրերուն զանազան հարցազրոյցներու ժամանակ խորհրդածութիւններ ըրաւ, թէ քորոնաժահրի համաճարակի յաղթահարումէն յետոյ երկու գլխաւոր վտանգ պիտի սպառնայ մարդկութեան։
Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբի եւ Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի համերգը:
Երեւանի Օփերային մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Յովհաննէս Չեքիճեանի մականին ներքեւ:
Եւրոմիութիւնը քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթի ներածման համար երկրորդ պատուէրը տուած է «Moderna» ամերիկեան ընկերութեան, որու համահիմնադիրներէն է ամերիկահայ յայտնի գիտնական, գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան։ Կը հաղորդուի, որ 300 միլիոն դեղաչափ եւս ստանալու համար նոր պայմանագիր մը կնքուած է Եւրոյանձնաժողովի եւ «Moderna»ի միջեւ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Անգլիոյ Արտաքին գործոց, համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան Եւրոպայի հետ հարեւանութեան եւ Ամերիկայի հետ հարցերու գծով նախարար Ուենտի Մորթընը, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։
Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյց եւ Այվազեան-Լաւրով հանդիպում՝ նոյն օրը:
Ատրպէյճանի կողմէ գերիներու վերադարձի ձգձգումը Երեւան-Մոսկուա քննարկումներու առարկայ:
Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի տուած վերջին բացառիկ հարցազրոյցի արձագանգները կը շարունակուին՝ բնորոշելով հայկական քաղաքական օրակարգը։ Իրերայաջորդ երկու օրերով հրապարակուած լայնածաւալ հարցազրոյցին ժամանակ Սերժ Սարգսեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները լոյս սփռեցին Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմի ծագած մթնոլորտի եւ ընթացքի բազում մանրամասնութիւններուն վրայ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ զարգացումները կը շարունակեն մնալ կիզակէտային։
Խնդիրն այն է, որ արդէն 2020 թուականի օգոստոսին երկիրը մեծ տագնապի մատնած աղէտալի պայթումէն ետք, նաեւ վարչապետ Հասսան Տիապի հրաժարական ներկայացնելէն ի վեր, Լիբանան չկարողացաւ նոր կառավարութիւն մը կազմել։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա կ՚ընթանայ յստակ նպատակներով:
Նախագահ Էրտողան տեղեկացուց, որ երկրէն ներս յաջորդ ամիս աստիճանաբար բնականոնացում պիտի սկսի:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովը վերջին օրերուն առցանց ձեւաչափով ժողով մը գումարեց։ Անթիլիասի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ նիստը տեղի ունեցած է փետրուարի 13-ին։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կ՚ըսեն, թէ մարդ ինքզինք կրնայ յիշել մանուկ տարքէն, բայց ոչ օրօրոցէն: Կը նշանակէ՝ ես բացառութիւն եմ, կամ ալ ինծի պէս բացառութիւններ կան, պարզապէս ես չեմ ճանչնար:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընթացիկ փետրուարին ծնունդն էր հանրայայտ հայու մը եւս՝ գրող, խմբագիր, հրապարակագիր Արշամ Տատրեանի, որ ծնած է Անգարայի վիլայէթի Չորում քաղաքը, 1909 թուականին, ապրած եւ մահացած է Գահիրէ, 1956 թուականին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Ո՜վ Ռոնտա. կրտսեր քոյր մը հարցուց ինծի. «Հայր Պաիսիոսը երբ սկսնակ վանական էր, իր պայքարին մէջ անկումներ չէ՞ ունեցած: Ո՛չ մէկ ձախակողմեան մտածում չէ՞ ունեցած: Դատապատութեան մէջ չէ՞ ինկած»: