Արխիւ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Դարերու ընթացքին, հայ ժողովուրդը բազմազան առիթներով, իր պատմութեան էջերուն վրայ արձանագրած է տխուր եւ հպարտալի, ցաւալի, եւ օրինակելի եւ յիշատակելի թուականներ, ու ամէն տարի արժանավայել կերպով մէկ առ մէկ զանոնք ոգեկոչած է, պարտաճանաչ եւ յարգալիր:
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
• Տեսանելիին հետ մի՛ համաձայնիր, Անտեսանելիին հաւատայ։
• Աղօթքը մեր առաջին արձագանգը պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ վերջին յոյսը։
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ պիտի բացուի հոյամողէզներու ժամանակաշրջանի ձեւագծումով «Բրիտանական Տիզնէյլանտ»։
Այս ծրագրին անդրադարձած է բրիտանական «Daily Mail» պարբերականը։
«Annie Awards» գծաժապաւէնի մրցանակաբաշխութեան առաջին հորիզոնականը գրաւած է «Հոգի»ն։ Ամերիկեան «Հոգի» (Soul) գծաժապաւէնը արժանացած է հեղինակաւոր «Annie Awards» մրցանակաբաշխութեան առաջին մրցանակին՝ դառնալով տարուայ «Լաւագոյն գծաժապաւէնը»:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն անգամ, որ փողոցներու մէջ ցուցարարներ տեսնեմ, կամ հանդիպիմ եւ կամ այդ մասին կարդամ կամ լսեմ, անպայման ողորմած հօրս այս մասին իր օրինակելի պատումները կը վերյիշեմ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Կը սկսի յօդուածը կարդալ: Դիւրահաղորդ լեզուն կը գրաւէ ուշադրութիւնը եւ կը սրէ միտքը: Աչքը անթարթ կը սահի տողերուն արանքէն, կը դիտէ տառերուն, բառերուն խաղը, իմաստներուն յարափոփոխ հնչիւնները կը լսէ եւ տպաւորութիւնը կը սկսի իր հաճելի աշխատանքը կատարել:
ԵՐԱՄ
Երեկոյեան, Ապարանի Քուչակ գիւղի իրենց գոմի հին սովետական սառնարանէն վեց խոշոր դոյլ կաթը հանելու ելաւ պապիկը, ինչպէս ամէն կիրակի։
Օդերը փոխուեր էին արդէն. տան դուռը բացած-չբացած՝ տօթը հպաւ ձեռքերուն, դէմքին, պատեց մարմինը ամբողջ ու մտաւ թոքերէն ներս։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարար Վարդինէ Օհանեանը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Իրեն կ՚ընկերանար Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Ադաբէկեան:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ կը շարունակէ երաժշտասէրներու ուշադրութեան առարկայ դառնալ՝ իր «Անվերջ խաւար» երգով։ Այս երգը նոյնացած է Մարալ Այվազի հետ, գեղարուեստասէրները այդ գործի՝ այնքան դիպուկ կատարումով ընկալել սկսած են Մարալ Այվազի արուեստը։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ իր երկիրը կողմնակից է գերիներու վերաբերեալ խնդրի կարգաւորման՝ «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով։ Ան աւելցուց, որ ռուսական կողմը վճռական ու գործօն քայլերու կը ձեռնարկէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ այս ամենազգայուն հարցին շուրջ։
Ռուսահայ գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեան կը շարունակէ տեղ զբաղեցնել Ռուսաստանի ամենահարուստ անձնաւորութիւններու շարքին։ «Forbes» հանդէսը 2021 թուականի հինգերորդ համարին մէջ հրապարակեց Ռուսաստանի ամենաունեւոր 200 գործարարներու ցուցակը։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ պատրաստ է տեսակցիլ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Փութին պատրաստակամութիւն յայտնեց Զելենսքին Մոսկուայի մէջ հիւրընկալելու համար՝ անոր տեսակէտէ յարմար որեւէ ժամանակ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան որոշեց չվաւերացնել երկրի բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին օրէնքին մէջ եւ յարակից օրէնսդրութեան գծով նախատեսուած փոփոխութիւններու ծրարը, որ վերջերս Ազգային ժողովի հաւանութեան արժանացած էր։ Նախագահ Սարգսեանի աշխատակազմը երէկ տեղեկացուց, որ այդ օրէնքի Սահմանադրութեան համապատասխանութիւնը ճշդելու համար որոշուած է դիմել Սահմանադրական ատեան։
Փաշինեանի Սիւնիքի մարզ այցելութիւնը իսկական գայթակղութեան մը ծնունդ տուաւ Հայաստանի մէջ:
Լեւոն Տէր-Պետրոսեան շատ ծանր արտայայտութիւններով քննադատեց վարչապետը: Երեւանի կեդրոնին ընդդիմութեան ցոյցերը վերստին թափ հաւաքեցին: Սպառած իշխանութիւնը միշտ կը զբաղի ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնով:
Հանրապետութեան նախագահի առընթեր Բարձրագոյն խորհրդակցութեան մարմինը ժողով մը գումարեց:
Նախագահ Էրտողան պատմական զրպարտութիւն որակեց ցեղասպանութեան պնդումը. Քըլըչտարօղլու համամիտ:
Այսօր բովանդակ Թուրքիոյ մէջ մեծ հրճուանքով կը նշուի Ապրիլ 23-ի Ազգային գերակայութեան եւ մանկանց տօնը։ Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւնները։ Պայմանները թէեւ արտասովոր են, սակայն ոգեւորութիւնը նուազ չէ երկրին մէջ՝ հաշուի առնելով թէ՛ այս տօնին նշանակութիւնը եւ թէ ժողովուրդի՝ միասնականութեան խոր գիտակցութիւնը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս շաբթուան սկիզբը Հայաստանի մէջ վերջ գտաւ Ազգային գրադարանային աւանդական շաբաթը, որ ապրիլին սպասուած շաբաթ մըն է Հայաստանի գրադարանային համայնքին համար:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Պատերազմը մեզմէ շատ բան խլեց. ժպիտ, լիաթոք ծիծաղ, գունեղ երազներ... Ես այլեւս անկարող եմ լսելու հայրենասիրական երգեր, առհասարակ երաժշտութիւն չեմ կրնար մտիկ ընել, ինչպէս նաեւ անկարող եմ առանց սրտի կսկիծի, չոր աչքերով նայիլ փողոցի մէջ ինծի հանդիպած զինուորական համազգեստ կրող մեր քաջերուն:
«Գեղանկարչութիւնը բեմի վրայ» ցուցահանդէսին ներկայացուեցան ռուս անուանի հեղինակներու թատերական էսքիզները։ Այսպէս, «Գեղանկարչութիւնը բեմի վրայ» ցուցահանդէսին ընդգրկուած է 19-րդ դարու վերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի յայտնի ռուս նկարիչներու տասներեք թատերական էսքիզ՝ գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆ. Արամ Աբրահամեանի հաւաքածոյէն:
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի գլխաւորութեամբ, բազմաթիւ երկիրներէ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, նախկին դիւանագէտներու, լրագրողներու եւ ակադեմականներու նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է մասնաւոր յանձնաժողով մը, որ հետամուտ պիտի ըլլայ Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ժամանակ կատարուած պատերազմական յանցագործութիւններու ուսումնասիրութեան։