Արխիւ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Երէկ մեր ընթերցողներուն տեղեկացուցած էինք, որ այսօր խորհրդածութիւններու շարքի մը սկսէինք այս սիւնակին մէջ։ Օրակարգի ծանրաբեռնուածութեան պատճառով յօդուածաշարքի սկիզբը կը յետաձգենք վաղուան՝ ապաւինելով մեր ընթերցողներու հասկացութեան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն եւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան արդէն ընդունեց կառավարութեան հրաժարականը։
Սա ձեւական հրաժարական մըն է՝ յետպատերազմեան շրջանին Հայաստանէ ներս ծագած քաղաքական լուրջ տագնապի մը մթնոլորտին մէջ։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
15 ապրիլին իր մահկանացուն կնքեց ամերիկահայ պատմաբան, ակադեմական, բարեսիրական գործիչ Վարդան Գրիգորեան: Ան ծնած է Իրան, ուր ստացած է իր տարրական կրթութիւնը, ապա միջնակարգ կրթութիւնը շարունակած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ:
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Ներկայիս մեր գրական իրականութիւնը, որ, ի դէպ, նոյնն էր երէկ ալ ու նոյնն է նաեւ այսօր, բայց որ, անտարակոյս, կատարելապէս պիտի կերպարանափոխուի ապագային, էր ու կը մնայ վանողական ու մանաւանդ արգահատելի: Խոր ցաւով պէտք է նշել, որ դպրոցական գրասեղաններէն մեծապէս օժտուած աշակերտ-աշակերտուհիներ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք այլեւս չեն յաջողիր առաջուան նման բաւարար ժամանակ տրամադրել գրական աշխատանքներու:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Աշխարհի նոր իրողութիւնը սա է. «բոլորը կախեալ է բոլորէն»։ Չկան տարածքային կամ կրօնական որեւէ սահման այն հարցերու մէջ, որոնք կը հետաքրքրեն ամբողջ մարդկութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երկար տարիներ Անգարայի դէմ՝ որպէս «զսպող գործիք» օգտագործուած Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգը ինչ-որ առումով սպառեցաւ. սպառեցաւ, անշուշտ, Միացեալ Նահանգներու կողմէ, որ, բնականաբար, այս քայլով համալրեց «ռէէլ փոլիթիք»ի իր կանոնները, անոնց տալով նաեւ մարդասիրական բաւական անհիմն շեշտադրում մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Ապրիլի 24-ի առթիւ հանդէս եկաւ խորհրդածութիւնով մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ստորեւ կը ներկայացնենք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր պատգամը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
2021 թուականի իրադարձութիւնները եկան անանտեսելի փոփոխութեան ենթարկել այն հաւասարակշռութիւնները, որոնք վերջին աւելի քան տասն տարիներու կտրուածքով ձեւաւորուած էին հայկական հարցին շուրջ։ ԱՄՆ-ի նախագահ Պայտընի շաբաթավերջի յայտարարութիւնը խնդիրը նոր հարթութեան մը վրայ դրած է։
Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն ժամանակ այս տարի աւելի ընդգծուած ձեւով ակնարկութիւններ կատարուեցան Հարաւային Կովկասի իրադրութեան եւ տարածքաշրջանային հեռանկարներուն:
Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէ. «Մենք կը փափաքինք անցնիլ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման ճանապարհով»:
Այս տարուայ Ապրիլի 24-ին Սպիտակ տունէն կատարուած յայտարարութիւնը հայկական հարցին տեսակէտէ նոր վիճակ մը ստեղծեց միջազգային բեմահարթակի վրայ: Նախագահ Ճօ Պայտընի պատգամին մէջ 1915-ի դէպքերը որակուեցան ցեղասպանութիւն, ինչ որ գտաւ շատ լայն արձագանգ:
Անգարայէն եւ Պաքուէն բուռն բողոքներ. բառերը չեն կրնար փոխել պատմութիւնը: Երեւան ողջունեց Ուաշինկթընի կողմէ առնուած քայլը:
Էրտողանի եւ Ալիեւի միջեւ հեռախօսազրոյց: Փաշինեան շաբաթավերջին խօսեցաւ Փութինի եւ Մաքրոնի հետ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին Ապրիլի 24-ի առթիւ հրապարակեց պատգամ մը։ Իր յայտարարութիւնը այս տարի ալ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքին հասցէագրուած ուղերձի մը ձեւաչափին մէջ էր։ Նախագահ Էրտողան դրական մօտեցումներ արտայայտած եւ հաշտ ապագայի մը ձգտումը ընդգծած է այս պատգամին մէջ, որու թրքերէն բնագիրը կը ներկայացնենք ստորեւ։
Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքը այս օրերուն կազմակերպած է ցուցահանդէս մը, որ ձօնուած է հայկական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ նահատակուած թուրք դիւանագէտներու յիշատակին։
Ապրիլի 24-ի այս տարուայ ոգեկոչումներու ծիրէն ներս, երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական համերգ մը։ Այսպէս, «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ հանդէս եկան Հայաստանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը եւ Պետական ակադեմական երգչախումբը։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան վերջին օրերուն հանդէս եկաւ համաշխարհային պատգամով մը։ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի աղբիւրները 15 ապրիլին հրապարակեցին այդ պատգամը։
Էրտողան-Պայտըն ուշագրաւ ժամկէտով հեռախօսազրոյց մը:
Անգարայի եւ Ուաշինկթընի հաղորդումներուն մէջ որեւէ ակնարկութիւն չկայ հայկական հարցին: Երկու ղեկավարները ժամադրուեցան ՆԱԹՕ-ի մօտալուտ գագաթաժողովի օրերուն հանդիպելու համար:
«Reuters» եւ «Bloomberg» Սպիտակ տան աղբիւրներուն յղում ընելով արձագանգ հանդիսացան պաշտօնապէս հրապարակուածներէն յաւելեալ մանրամասնութիւններու, ըստ որոնց ամերիկեան կողմը տեղեկացուցած է հայոց տեսակէտներուն ընթացք տալու մտադրութեան մասին:
Հայաշխարհը այս 24 Ապրիլին ցեղասպանութեան սրբադասեալ նահատակներու բարեխօսութեան հայցին հետ ընդելուզած է Արցախի երկրորդ պատերազմի զոհերու սուգը:
Հայոց Մեծ Եղեռնի 106-րդ տարելից:
Անժամանցելի վիշտին նկատմամբ հաւատարմութեան սահմանումները կը բիւրեղանան Հայաստանի Հանրապետութեան յաւերժութեան համար պայքարով՝ երաշխաւորուած գոյութիւնով, համախմբման ընդունակութիւնով, նաեւ որպէս ինքնիշխան պետութիւն, միջազգային ուրոյն դերակատար, խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ համագործակցութեան միջավայրով հանդերձ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Աշխարհի վրայ չկայ հայ մը, որ կը մոռնայ, կ՚անտեսէ կամ կ՚ուրանայ 24 Ապրիլի ամեհի վիշտը։
Կորուստէն ու վիշտէն անդին ալ արդէն հարիւր եւ աւելի տարիներէ ի վեր հայկական օրակարգին մէջ կը շարունակեն իրենց վսեմ հասակը բարձրացնել մեծ ու տագնապեցուցիչ հարցումներ, որոնք երկար տարիներու հաւաքական անտարբերութեան, նաեւ հաւաքական անլրջութեան հետեւանքը կը հանդիսանան։
Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն մասնակցելու նպատակով այս տարի Հայաստան կ՚այցելէ Կեդրոնամերիկեան խորհրդարանի նախագահ Ֆանի Քարոլինա Սալինաս Ֆերնանտեզի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը, որ բարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ։
Ապրիլի 24-ի առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքի առկայ լարուածութիւնը այս տարուայ 24 Ապրիլին դարձած է այն հիմնական գործօնը, որ կը պայմանաւորէ Թուրքիոյ մէջ բարոյահոգեբանական մթնոլորտը։ Այս առումով թրքահայութիւնն ալ փուշի վրայ է։