Արխիւ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ կիրակի առաւօտ պր. Մարտիրոս սովորականէն շատ կանուխ ոտքի ելաւ: Արթննալ հագուիլն ու պատրաստուիլը եւ ապա դէպի փողոցի դուռ հասնիլը, գրեթէ մէկ եղաւ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնով հայկական հարցը արդէն նոր հարթութեան մը վրայ է։ Լայն արձագանգներէն, համակրանքի կամ հակակրանքի հարցերէ, բողոքներու եւ հակազդեցութիւններու սաստկութենէն բոլորովին անկախ՝ առարկայական պարագայ մըն է այս մէկը։
Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած ներկայ շրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս բոլորովին նոր իրադրութիւն մը ստեղծուած է, այս ժամանակահատուածին բնորոշ առաջնահերթութիւններով հանդերձ։ Յամենայնդէպս, ինչքան որ ալ արտասովոր պայմաններ խնդրոյ առարկայ ըլլան, համայնքային կեանքի հրատապ օրակարգէն դուրս չեն մնար պոլսահայ վարժարաններու նիւթական կարիքները։
Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս նախընթաց օր երեկոյեան ներկայացուեցաւ Պարոյր Սեւակի «Եռաձայն պատարագ» պոէմը։ Պարոյր Սեւակ այսպէս անուանած էր լաւատեսութեան, վերածնունդի եւ յոյսի այս պոէմը, զոր գրած էր «Անլռելի զանգակատուն»էն եօթ տարի վերջ, քսան օրուայ ընթացքին ու նոր էջ մը բացած՝ հայ գրականութեան մէջ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Մոսկուայի դիւանագիտական աղբիւրները հաղորդեցին, որ երկու նախարարները քննարկեցին յառաջիկային բարձր մակարդակի վրայ նախատեսուած շփումներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տնտեսական ու փոխադրական միջոցներու ապաշրջափակման հարցերով գործի լծուած եռակողմանի աշխատանքային խումբի գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր։
Արցախի վտանգուած ժառանգութիւնը միշտ օրակարգի վրայ կը պահուի զանազան միջոցառումներով:
Երեւանի Մատենադարանին մէջ կազմակերպուած համաժողովի մասնակիցներու շարքին էին մասնագէտներ եւ հոգեւորականներ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան «BBC Weekend» ծրագրին տուաւ հարցազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ 24 Ապրիլի առթիւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ կատարուած յայտարարութեան։
Ազգային մեծ ժողովը երէկուան քննարկումներով կոչ ուղղեց, որպէսզի Ճօ Պայտըն ետ առնէ իր խօսքը:
Խորհրդարանի կուսակցութիւնները հաւանութիւն տուին, որպէսզի ԱՄՆ-ի նախագահի յայտարարութիւնը համարուի առ ոչինչ:
Փութին եւ Մաքրոն հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները կանգ առին գերիներու վերադարձի, մարդասիրական աջակցութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման վրայ: Արմէն Սարգսեան նամակ մը ուղարկեց Անթոնիօ Կութերեսին:
Երեւանի ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս արձագանգեց Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ 24 Ապրիլին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքին ուղարկուած նամակին, որու բովանդակութեան մէջ պատրաստակամութիւն յայտնուած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատման ուղղութեամբ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ յայտարարեց, որ Երեւան նկատած է այդ յայտարարութիւնը, սակայն կը նախընտրէ գործնական քայլեր տեսնել Անգարայէն։
Պատրիարքական Աթոռը այս օրերուն հրատարակած է յատկանշական գիրք մը, որ ոգեկոչման մատեան մըն է։ Աթոռի նախորդ գահակալին՝ երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յիշատակին ձօնուած է սոյն հատորը։
Ուաշինկթընէ 24 Ապրիլին հնչած յայտարարութեան լոյսին տակ Անգարա կոչ կ՚ուղղէ ետ կանգնիլ սխալ քայլէն. «Յունիսի մեր ժամադրութեան ընթացքին այս հարցերը երես առ երես պիտի արժեւորենք ու կը հաւատամ, թէ նոր շրջանի մը դուռը պիտի բանանք։ Մենք պատրաստ ենք բոլորին հետ խօսելու ամէն գետնի վրայ»:
Էրտողան. «Հայ հասարակութեան հետ որեւէ հարց չունինք»:
Ազգային մեծ ժողովը կը պատրաստուի հակազդել Սպիտակ տան պատգամին: Ճօ Պայտընի քայլը կը շարունակէ բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը: Ամերիկեան հիւպատոսարանին առջեւ բողոքի ցոյց:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Գրութիւններովս՝ յաճախ անդրադարձած եմ կենդանիներու մասին, որոնց առիւծի բաժինը խլած են շուները։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ շունը եղած է մարդուն լաւագոյն հաւատարիմ բարեկամը եւ մարդիկ միշտ շունը նկատի ունեցած են որպէս իրենց ընտանիքի հարազատ մէկ անդամը։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Եթէ Դուն ես Քրիստոսը, յստակ ըսէ մեզի» (Յհ 10.24):
Մեկնութիւն. ասով կը ցուցնեն, թէ պատրաստ ենք հաւատալ եւ ընդունել Քեզ ճշմարիտ Քրիստոս, սակայն անոնց սիրտը նենգութեամբ լեցուն էր:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օսմանեան կայսրութեան դէպքերէն անցեալ դարասկզբին փրկուած հայ մանուկ մը՝ Գեղամը, թափառելով Լիբանան, Սուրիա, ապա Երուսաղէմ, ի վերջոյ հաստատուած է Միջերկրական ծովու արեւելեան ափին գտնուող Կազզէի մէջ, որուն հանդէպ մեծ սէր տածելով երբեք չէ լքած այս վայրը:
Սփիւռքահայ նորոգ հանգուցեալ գիտնական ու հասարակական գործիչ Վարդան Գրիգորեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ս. Գայիանէի վանքին մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին, ողբացեալ Վարդան Գրիգորեանի համար կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
Պալաթի երբեմնի Խորէնեան վարժարանի շէնքը պիտի վերածուի մշակոյթի կեդրոնի։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը քանի մը օր առաջ տեղեկութիւններ հաղորդեց այս մասին՝ նշելով, որ շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր այդ շէնքը լքուած է իր ճակատագրին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Երէկ մեր ընթերցողներուն տեղեկացուցած էինք, որ այսօր խորհրդածութիւններու շարքի մը սկսէինք այս սիւնակին մէջ։ Օրակարգի ծանրաբեռնուածութեան պատճառով յօդուածաշարքի սկիզբը կը յետաձգենք վաղուան՝ ապաւինելով մեր ընթերցողներու հասկացութեան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն եւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան արդէն ընդունեց կառավարութեան հրաժարականը։
Սա ձեւական հրաժարական մըն է՝ յետպատերազմեան շրջանին Հայաստանէ ներս ծագած քաղաքական լուրջ տագնապի մը մթնոլորտին մէջ։
Լիթվայի Արտաքին գործոց նախարար Կապրիէլիուս Լանտսպերկիս երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեցին հիւր նախարարը։