Արխիւ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ի՞նչ է ձեր կարծիքը ջուրի մասին սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։ Ընդհանրապէս, այն համոզումը կ՚ընդունուի, թէ ջուրը կեա՛նք է։ Ուրիշ խօսքով՝ կեանքը ջուրէն գոյութիւն կը ստանայ եւ ջուրը ամէն ինչի սկիզբն է։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ կրթութեան մասին խօսելով, անդրադարձած ենք ծնողքի ունեցած կարեւոր դերին մասին, որովհետեւ տան մէջ հիմքը կը դրուի մանուկին կրթութեան. այդտեղ է որ կը կազմուի մանուկին լեզուամտածողութիւնը. եթէ հայրը, մայրը ըլլան օտարախօս եւ կամ թրքախօս, բնականաբար այդ մանուկը պիտի դառնայ օտարախօս եւ այս դժբախտ երեւոյթն է, որ մեզ կը ստիպէ յաճախ խօսիլ ընտանեկան կարեւորութեան մասին. այս երեւոյթն է յաճախ որ օտար ամուսնութեան դէմ ըլլալ կը ստիպէ մեզ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2023

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարար Ճինա Ռէյմոնտօ այս օրերուն կ՚այցելէ Չինաստան։ Քառօրեայ ուղեւորութեան ծրագրի առաջին փուլը կը հանդիսանան Փեքինի իր շփումները։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2023

ԱՔ կուսակցութիւնը կը պատրաստուի համագումարի։ Այսպէս, կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը պիտի գումարուի հոկտեմբերի 7-ին։
«Մեր համագումարները որքան որ մեր կուսակցութեան պատմութեան տեսակէտէ յատկանշական են, այնքան ալ թրքական ժողովրդավարութեան համար անկիւնաքարեր կը սահմանեն։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2023

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի պետ Հիքմէթ Հաճիեւ BBC-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ պաշարեալ Արցախի վիճակին շուրջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2023

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ երկուշաբթի՝ սեպտեմբերի 4-ին Սոչիի մէջ պիտի ընդունուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023

Պաշարեալ Արցախի մէջ զգայացունց իրադարձութիւնները կը շարունակուին բոլոր հարթութիւններու վրայ։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները մէկ կողմէ կը կրակեն՝ սովամահութեան եզրին հասած բնակչութեան վրայ, իսկ միւս կողմէ այդ երկրի պաշտօնական աղբիւրները ապատեղեկատուութիւններ կը տարածեն՝ հայկական կողմէն հրադադարի խախտումներու մասին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ՝ Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ բարեյիշատակ Կարօ Գալէնտէրի ոգեկոչման համար կազմակերպուած պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ սկսած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանի օրակարգին վրայ կը գտնուին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ հարցեր։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ներկայիս Սուրիոյ ապրած պատերազմական վիճակին հետեւանքով սուրիահայութիւնը, նաեւ երկրի բնակչութեան բոլոր շերտերը, ունեցան շատ մեծ կորուստներ եւ կրեցին մեծ վնասներ՝ ըլլան անոնք անհատական կամ հաւաքական մակարդակներով:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Առակաց 17.14-ին մէջ կը կարդանք. «Կռիւին սկզբնաւորութիւնը ջուրին արձակմանը կը նմանի, ուրեմն վէճը չբռնկած ետ քաշուէ»: Ինչպէ՞ս հասկնալ այս համարը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023

Մաքրոն կը պատրաստուի այս փուլին դարձեալ շփման մէջ անցնիլ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ:
Պաքու հակազդեց Փարիզէն հնչած յայտարարութիւններուն՝ անընդունելի համարելով ճնշումներու լեզուն:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Իրաւաբանական տեսակէտէ ամուսնական պայմաններու կամ արգելքներու մէջ գլխաւորներէն մին է «ամուսնական չափահասութիւն»ը, այսինքն ամուսնութեան տարիքը։
Այս կարգին կարեւորութիւն կը ստանայ «մանկական ամուսնութիւն»ը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ֆրանսա, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդ եւ Ռուսաստան. պաշարեալ Արցախի տեսանելի ապագան հաւանաբար բիւրեղանայ այս առանցքներուն շուրջ:
Համաշխարհային դերակատարները չեն կրնար նոր իրավիճակ մը ստեղծել առանց Մոսկուայի, որ կը նահանջէ Հարաւային Կովկասէ ներս եւ իր ներուժը կը ծառայեցնէ շատ աւելի ճակատագրական խնդիրներու լուծման:
Միջազգային հանրութիւնը ակնյայտ չկամութիւն կը դրսեւորէ Պաքուն պատժելու համար դրութիւններ մշակելու ուղղութեամբ՝ մինչ հարցականի տակ է նաեւ, թէ Մաքրոն ի վիճակի՞ է լուրջ ճնշում մը բանեցնելու Աւիեւի վրայ: Ատրպէյճանի հաւանական քայլերու պարագային պէտք է հաշուարկել ամենայոռետես վարկածները՝ քանի ան հետամուտ է լաւագոյնս օգտագործելու իր աստեղային պահը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Պաշարուած Արցախին մէջ կեանքը կը շարունակուի, բայց՝ պաշարման պարտադրած օրէնքներուն համապատասխան:
Երթեւեկի մեծ մասը հետիոտն է կամ մարդիկ կը տեղաշարժուին ձիերով, աւանակներով, հեծանիւներով… 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մտաւորականութեան համար մեծագոյն խնդիրներէն մին օտարախօս մանուկները հայախօս դարձնելն էր եւ հետեւաբար անհրաժեշտ էր գտնել մէկը՝ իրագործելու լաւագոյն միջոցները գտնելը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 28, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պատմութիւնը ուսումնասիրելով կը տեսնենք, թէ թրքախօս դպրոցներէ բացի անցեալին գոյութիւն ունեցած են վրացախօս եւ չերքեզախօս հայկական դպրոցներ, ոչ միայն Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ, այլ Հայաստանի, մինչեւ իսկ Ռուսաստանի տարածքին:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 28, 2023

Երեւանեան աղբիւրները, ընկերային ցանցերու վրայ յայտնուած տեսանիւթի մը հիման վրայ հաղորդեցին, որ երէկ գիշեր զգայացունց դէպք մը պատահած է Արցախի մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 28, 2023

Անգարա եւ Աթէնք կը ձգտին նոր մեկնարկ մը ապահովել՝ փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան հիմամբ:
Ֆիտան յառաջիկայ օրերուն պիտի հիւրընկալէ Երափեթրիտիսը, որուն այցելութենէն վերջ Էրտողան եւ Միցոթաքիս ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման փուլի օրերուն պիտի տեսակցին Նիւ Եորքի մէջ, իսկ Թուրքիա-Յունաստան բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդի ժողովին ժամադրավայրը պիտի ըլլայ Թեսաղոնիկէն:

Էջեր