Արխիւ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր պաշտօնական այցելութեան կը ձեռնարկէ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։
Թուրքիա կը ձգտի անմասն չմնալ Եւրոմիութեան յառաջիկայ ընդլայնման ալիքէն, որ կը նախատեսուի 2030-ին:
Հաքան Ֆիտանի խօսքով՝ Անգարա-Պրիւքսել յարաբերութիւնները պէտք չէ կարգ մը երկիրներու շահերուն պատանդը դառնան:
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու միջեւ վաղը հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Էսկիշեհիրի մէջ։ Հայկական ընտրանին այսօր արդէն ժամանած է Թուրքիա։
Արցախի առկայ պաշարման մթնոլորտին մէջ ո՛չ միայն մարդասիրական տագնապը կ՚ահագնանայ, այլեւ Պաքուի կողմէ նոր արկածախնդրութիւններու հաւանականութիւնն ալ կը մագլցի։ Հայաստանի կառավարութեան այս առաւօտեան նիստի սկիզբին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով, որոնցմով վերահաստատեց այն մտահոգիչ իրադարձութիւնները, որոնք արդէն օրերէ ի վեր ուշադրութիւն կը գրաւէին լրահոսին վրայ։
Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց Հայաստանէն հիւրաբար քաղաքս փութացած՝ Մասիացոտնի թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Եզնիկ Քհնյ. Մարտիրեան։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, ներկայ էր նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հայաստան երկրորդ անգամ ըլլալով դիմեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին՝ Արցախի շրջափակումով յառաջացած մարդկային աղէտին առաջքը առնելու, Արցախի ժողովուրդը սովամահ ըլլալէ փրկելու միջոցները քննարկելու համար։
Երեւանի Նկարիչներու տունը այս օրերուն հերթական անգամ կը հանդիսանայ գեղարուեստասէրներուն ժամադրավայրը։ Այսպէս, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է յատկանշական ցուցահանդէս մը՝ ձօնուած յայտնի քանդակագործ Սարգիս Պաղտասարեանի ծննդեան 100-ամեակի յոբելեանին։
Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ փոխադարձ մեղադրանքները դուս կու գան դիւանագիտական ոճի սահմաններէն:
Զախարովա թիրախաւորեց Փաշինեանը, իսկ Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսաստան չի պատրաստուիր հեռանալ Հայաստանէն:
Բոլոր ժամանակներու ամենանշանաւոր հայ մարզիկը:
Երեւանէն բօթ. ոչ եւս է առասպելական ախոյեան, Ողիմպիականներու ոսկէ մետայլակիր Ալպերթ Ազարեան, որ կեանքէն հեռացաւ 94 տարեկանին:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն կը պատրաստուի այցելել Հայաստան։ Ֆրանսահայ աղբիւրները կը հաղորդեն, որ այցելութիւնը նախատեսուած է սեպտեմբերի 10-ի շուրջ, այսինքն այս շաբաթավերջին կամ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին։
Անգարա եւ Աթէնք համամիտ՝ առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ նոր մօտեցումներ որդեգրելու համար:
«Ապօրինի գաղթի հարցը պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ մրցակցութեան, այլ համագործակցութեան ոլորտ՝ նոր մահերը կանխելու նպատակով»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պատիժի վա՞խն է միակ արգելքը յանցագործութեան։ Պատիժի, նախատինքի եւ անպատուութեան վախը բարերար «թումբ» մը՝ արգելք մըն է ընկերային օրինազանցութեան եւ զեղծումի դէմ։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայ գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն Լեւոն Շանթ իր «Մեր անկախութիւնը» աշխատութեան մէջ կը գրէր. «Կովկասի մէջ մինչեւ այսօր ժողովուրդին բերանը լիքն է թաթար բառերով, ոճերով, երգերով ու կատակներով, իբրեւ հետեւանք դարաւոր տիրապետութեան, կը ստանանք այն լեզուն, որ հիմա կը խօսուի եւ օր օրի խեղճանալու եւ խառնակուելու վրայ է». հայ ժողովուրդը տարիներ շարունակ այլ պետութիւններու տիրապետութեան տակ ըլլալով, ո՛չ միայն ֆիզիքապէս, այլ հոգեպէս եւս ունեցած են իրենց ազդեցութիւնը, որմէ անմասն չէ մնացած նաեւ լեզուն:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Սովորութիւն դարձած էր: Լաւ սովորութիւն: Այսպէս ընթրիքէն ետք, կամաց մը հեռանալ ճաշասեղանէն ու դուրսը բակին մէջ հաստատուած կրակարանին շուրջ անխօս դիտել կրակի բոցերուն հետզհետէ մարող կարմիր անհամար աչքերը:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ֆիզիքական ու բարոյական ժառանգականութիւն: Առհաւութիւն (Atavism): Առաջգնաց ու յառաջընթաց եւ յետընթաց ժառանգականութիւն: Ծնողներուն համանման եւ հակասական յատկանիշներուն փոխանցումը սերունդներուն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան նախարար Օսման Աշքըն Պաքին։
2023-2024 կրթական շրջանի սկզբնական փուլին Էսաեան վարժարանէն ներս կը տիրէ մեծ խանդավառութիւն։ Վերամուտին ընդառաջ, 9-րդ դասարանի սաները երէկ համախմբուեցան դպրոցին մէջ, ուր տնօրէնուհի Տենչա Չընարի ջերմ վերաբերմունքին արժանացան։
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականները դարձեալ պիտի հանդիպին այս ուրբաթ:
Անցեալ մարտէն վերջ երկու ընտրանիներուն պատասխան մրցումը տեղի պիտի ունենայ Էսկիշեհիրի նոր մարզադաշտին վրայ:
Թուրքիա-Յունաստան առանցքին վրայ ներկայ աշունը կ՚ենթադրէ զգալի աշխուժութիւն մը։ Անգարայի եւ Աթէնքի ղեկավարութիւններու միջեւ դիւանագիտական խտացեալ շփումներ կը նախատեսուին այս շրջանին։
Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի փոխադրութեան գործարքի վերակենդանացման ուղղութեամբ յոյսեր:
Էրտողան եւ Փութին Սոչիի երէկուան բանակցութիւններէն վերջ ներկայացուցին Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի դիրքորոշումները: