Արխիւ
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հեռաձայնով կապ հաստատեց Սարգիս Չեթինքայայի հետ, որու կողմէ գլխաւորուած Կապոյտ ցուցակը ընտրութեան արդիւնքին հիման վրայ իրաւունք շահած է յառաջիկայ շրջանին Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղ. խորհուրդի ղեկը ստանձնելու
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու նոյն կազմի սիւներէն Նուրհան Փալաքօղլուն եւ Գարէն Թէրզեանը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեք տարուան բացակայութենէն ետք, այս հոկտեմբեր ամսուն, երկշաբաթեայ ծրագիրով մը Հայաստան կը գտնուէր պոլսահայ եւ ամերիկաբնակ աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունի: Ան Հայաստանի հինգ քաղաքներու մէջ աշխատանոցներ վարեց պատանի երաժիշտներուն համար, նոյն քաղաքներուն մէջ համերգներ ունեցաւ:
ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Հալէպահայ մեր կեանքին մէջ առանցքային դեր կը կատարէր ազգային մշակոյթը: Բնականաբար տարաբնոյթ եւ բազմերես այս բնագաւառը, կը յագեցնէր մեր հոգեւոր քաղցը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր օրերուն իսկական ԳՐՈՂներ գտնելը գրեթէ անկարելի դարձած է, որովհետեւ գրիչ շարժողները շատցած են: Իւրաքանչիւր անձ որ գրիչ կը շարժէ կամ մատները ստեղնաշարին վրայ կը պարեցնէ, ինքզինք գրող կը համարէ…:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կան մարդիկ, որոնք կ՚երթան հոն՝ ուր որ կը յուսան գտնել երջանկութիւնը, կան մարդիկ, որոնք արդէն երջանիկ են, բայց չեն անդրադառնար իրենց երջանկութեան, կան դարձեալ մարդիկ, որոնք ո՛ւր որ երթան, հոն երջանկութիւն կը բերեն իրենց հետ, եւ վերջապէս կան մարդիկ, որոնք եթէ մեկնին եւ հեռանան իրենց գտնուած տեղէն, հոն երջանկութիւնը կու գայ անմիջապէս։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ներկայ աշխարհը մարդը համոզեց չքննադատել միասեռականներն ու սեռափոխները, որոնք մինչեւ վերջին տասնամեակներ ընկերութեան կողմէ մերժուած, իսկ վերջին շրջանին մեծ ընդունելութիւն գտած են։
Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական տարեկան մրցանակի պարգեւատրման արարողութիւնն ու յարակից կարգ մը ձեռնարկներ։
Երէկ, նորոգ հանգուցեալ Անժէլ Արսլանեան ոգեկոչուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Անժէլ Արսլանեանի կորուստը վերջին շրջանին խոր ցաւ պատճառած էր համայնքային շրջանակներուն, որոնք երէկ հերթական անգամ իրենց խոնարհումը բերին իր ազնիւ ու անթառամ յիշատակին առջեւ՝ աղօթելով հոգւոյն խաղաղութեան եւ յաւիտենական հանգիստին համար։
Համայնքային ընտրութիւններու ներկայ շրջանին Կեդրոնականի ընտանիքը արդէն որոնումներու մէջ է՝ Ղալաթիոյ խնամակալութեան նոր կազմի ձեւաւորման ճանապարհին։ Կեդրոնականի զանազան սերունդներէ սաներ շաբաթավերջին դպրոցին մէջ համախմբուելով խորհրդակցութիւն մը ունեցան յառաջիկայ շրջանի օրակարգին, խնամակալութեան նոր կազմին ու ստեղծման եւ դպրոցի կայուն ընթացքը երաշխաւորելու առաջադրութեամբ։
Սարգիս Չեթինքայա եւ գործակից ընկերները դրական ու շինիչ պատգամներ կու տան՝ կոչ ուղղելով միասնականութեան ոգիի ու ներդաշնակութեան վերահաստատման նպատակով:
Ամառը հրապարակուած կանոնադրութենէն վերջ, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմի վերանորոգման համար տեղի ունեցած ընտրութիւնը պատմական անկիւնադարձի մը վերածուեցաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, ուր շրջան մը փակուեցաւ եւ նոր էջ մը բացուեցաւ՝ համայնքի հաւաքական հարստութեան տնօրինման ճանապարհին նոր մտայնութեան մը ակնկալութիւններով: Շրջանային համակարգը ապահովեց, որ քուէարկութեան մասնակցի լուրջ զանգուած մը, որու շնորհիւ նորընտիր մատակարար մարմինը ունի ներկայացուցչական բարձր կարողութիւն:
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմի վերանորոգութեան համար երէկ կատարուած ընտրութեան 3 հազար 527 հոգի մասնակցեցաւ։ Բացի Օրթագիւղէն, քուէատուփեր տեղադրուած էին նաեւ Ֆէրիգիւղի, Սամաթիոյ, Գումգաբուի եւ Ենիգիւղի մէջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին համար երէկ կատարուած ընտրութեան արդիւնքը իսկապէս պատմական է։ Կանխաւ պէտք է արձանագրել, որ համայնքը շահած է այս ընտրութենէն։
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին ուսման համար կը գտնուի Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս ընծայարանին մէջ, երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ մատոյց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր տաճարի երդիքին տակ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Շրջապատուած ըլլալով ինքնաքննադատութեան անսահմանութեամբ՝ մենք բաւարար չափով գիտե՞նք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ինքնասիրութիւնը: Այս հարցի շուրջ խորհելու ժամանակ յիշենք Մէյսթըր Էքհարթի խօսքերը. «Եթէ մէկ ուրիշը ձեզմէ աւելի քիչ կը սիրէք, ապա իրական յաջողութիւն չէք ունենար դուք ձեզ սիրելու հարցին մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օրեր առաջ Հայաստանի Կոտայքի մարզի Պռոշեան գիւղին մէջ, 5-րդ փողոցի 12-րդ նրբանցքի վրայ դրուեցաւ պոլսահայ արձակագիր, հանրային գործիչ, նշանաւոր մտաւորական Զապէլ Եսայեանի արձանը: Այն գրողին առաջին արձանն է Հայաստանի մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրական դէպքէ մը առնուած է պատմուածը։
Ֆրանսացի ազնուական մը Լոնտոն կ՚երթայ մասնագէտ բժիշկ Dr. Forbes Winslow-ը տեսնելու։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հաւանաբար մեզմէ իւրաքանչիւրին համար սեւամորթ մարդոց տարբեր ըլլալը կը թուին. քիչ մը տարօրինակ ու արտասովոր. հաւանաբար մենք ալ իրենց համար տարբեր ու արտասովոր ըլլալ կը թուինք՝ հակառակ այն ճշմարտութեան որ մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնը պարզապէս արտաքին է եւ ո՛չ ներքին:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Պոլիսէ այնքան հեռու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, երբ պահ մը կը թղթատէի պոլսահայ կեանքի մասին որոշ իրադարձութիւններ, առաջին հերթին տեսայ համայնքային շրջանակներու ծանօթ նուիրեալ սպասաւորներէն օր. Նուարդ Յակոբեանի մահուան լուրը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կիպրահայ տքթ. Անդրանիկ Աշճեանի հետ ունեցանք շահեկան հարցազրոյց մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն հարցազրոյցին սղագրութիւնը։