Արխիւ

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարեց, որ կը սկսին Երեւան-Ջուլֆա-Օրտուպատ-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղիի՝ Մեղրիի հատուածի դաշտային աշխատանքները։ Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութեան մէջ, երբ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման գործընթաց մը յառաջ կը տարուի, այս երկաթուղիի վերագործարկման շուրջ, ըստ երեւոյթին, ընդհանուր փոխըմբռնում մը գոյացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2022

Վահագն Խաչատուրեան Ազգային ժողովին կողմէ ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ:
Ըստ Սահմանադրութեան՝ երդման արարողութիւնը պէտք է տեղի ունենայ տասն օրուան ընթացքին: Փութինէն շնորհաւորական:

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ուքրայնայի աղիտալի պատերազմը կը շարունակուի 9 օրէ ի վեր. սպասելով «կարճ» հրադադարին:
Եւրոպա չի կրնար ապրիլ առանց Ռուսաստանի, որու համար էական դարձած է ռազմական առաւելութիւններ ապահովելը, իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համար գերխնդիր է զայն ջլատել ու խզել Ռուսաստան-Եւրոպա կապերը:

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Օլիվիէ Կովենը։ Ֆրանսացի դիւանագէտը Գումգաբու փութացած էր՝ տեղեկութիւններ քաղելու համար Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան եւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ, ինչպէս նաեւ ծանօթանալու համար Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի հինգերորդ օրն է:
Անոնք որոնք հաւատքով ու ճշմարտութեամբ պատրաստուած էին այս ճանապարհորդութեան, վստահ օր օրի կը ջերմանան իրենց աղօթական կեանքին մէջ, քայլ առ քայլ մօտենալով Գողգոթային, ուրկէ անդին անցնելով հաղորդակից պիտի դառնան Յաւիտենական Լոյսին:

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2022

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Կոտայքի մարզի Թեղենիք գիւղի եկեղեցին, որ արտաքնապէս շքեղ տեսք մը ունի, ուխտի պտուղն է երջանկայիշատակ Ներսէս Արք. Պոզապալեանի։ 2000-ական թուականներու սկիզբը Ներսէս Սրբազան իր քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակին առթիւ կը ձեռնարկէ եկեղեցաշինութեան ի յիշատակ իր ծնողներուն՝ Գրիգոր եւ Մաքրուհի Պոզապալեանին։

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2022

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երբ աչքերս կը սուզեմ աչքերուդ մէջ,
Խոր արշալոյսը կը նշմարեմ,
Կը տեսնեմ վաղնջականը
Եւ կը տեսնեմ ինչ որ չեմ գիտեր,
Կը զգամ՝ օդոլորտը կը քալէ
Աչքերուդ եւ իմ միջեւ:

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Դար մը առաջ ապրող անգլիացի կին ընկերային ծառայող Էկլանթին Ճէպի (Eglantyne Jebb) ամենէն նշանաւոր խօսքերէն մէկն է հետեւեալը.- «Իւրաքանչիւր պատերազմ պատերազմ է երեխաներուն դէմ». մարդասէր կինը մեր թուականէն 103 տարիներ առաջ՝ 1919 թուականին հիմնած է «Փրկենք մանուկները» անունով կազմակերպութիւնը, որուն առաքելութիւնն էր փրկել մանուկները պատերազմէն ու անոր յառաջացուցած վնասներէն. երկու տարիներ առաջ՝ 31 յուլիս 2020 թուականին Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս անդամ դարձաւ այս կազմակերպութեան:

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Մեր անցեալ կիրակին սկսաւ սովորականին նման. օրուայ սկիզբին ոչ մէկ փոփոխութիւն: Ինչպէս միշտ, առաջինը արթնցայ ես: Պատրաստուեցայ: Իմ նորածին մանուկի տակը փոխեցի, լուացի, փորիկը կշտացուցի եւ անցայ իմ միւս պարտականութիւններուն:

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ո՞վ է մեր ժամանակներուն հերոսը: Սերունդներ կրթող ուսուցի՞չը, ախտերով լեցուն այս դարաշրջանին մարդը դարմանող բժի՞շկը, սահմանին կեցած զինուո՞րը… Շարքը կարելի է շարունակել:

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի կարիքը ունինք ուժերու, որոնք կարողութիւնը ունին փշրելու բոլո՛ր շղթաները եւ անձնուիրաբար ծառայելու ա՛յն սրբազան նպատակին, որ կը կոչուի հայրենասիրութիւն:

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2022

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ յայտարարութիւններ ըրաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Երկրի խորհրդարանէն ներս երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ նախարար Միրզոյեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի միջեւ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումը կը գնահատէ դրական։

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երէկ ամբողջ օր կը սպասուէր Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցային հանդիպման։ Ըստ «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան, հանդիպումը նախատեսուած էր Սպիտակ Ռուիսոյ եւ Լեհաստանի սահմանային հատուածէն ներս, սակայն առանց յստակ պատճառներու բանակցութիւնները առկախուեցան։

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն այցելել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ 7-11 մարտին, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով հերթական նստաշրջանը։

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2022

Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի քահանայապետական համալսարանի՝ Անճելիքումի համալիրէն ներս միջեկեղեցական հանդիսաւոր աղօթք եւ գրքի ծանօթացման հաւաքոյթ:
Կարտինալ Քոխ. «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին բոլորէն աւելի կարողացաւ արտայայտել հայ ժողովուրդի զգայնութիւնը, իր պատգամը թէեւ խորապէս կը պարփակէ իր ժողովուրդի  փորձառութիւնը, սակայն ունի համընդհանուր եւ համամիութենական արժէք։ Սա հնարաւորութիւն է տօնելու Հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու բարեկամութիւնն ու անոնց իսկական հաղորդութիւնը»:

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2022

Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 75-ամեայ յոբելեանը այս շրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առանցքային իրադարձութիւններէն մին դասուելու ճանապարհին է։ Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Վարդուհի Մսըրլեանը, միութեան հովանիին տակ գործող «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանն ու յոբելենական կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանը։

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Պօղոս Առաքեալ Հռոմայեցիներուն ուղղած նամակին 6-րդ գլուխին 1-14 համարներուն մէջ կը խօսի, թէ մենք՝ մարդիկս, մեռած պէտք է ըլլանք մեղքին համար եւ կենդանի՝ Քրիստոսի համար: Առաքեալը իր այս սահմանումը կը բացատրէ ըսելով, թէ՝ որովհետեւ միացանք Քրիստոսի, մեր այդ միացումով մկրտուեցանք, «մկրտութեամբ՝ Անոր մահուան հաղորդակից դարձանք» (6.3):

Չորեքշաբթի, Մարտ 2, 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին, Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման։

Չորեքշաբթի, Մարտ 2, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այսօր կը թեւակոխենք Ռուսաստանի կողմէ Ուքրայնայի ներկայ իշխանութիւններուն դէմ շղթայազերծուած զինուորական գործողութեան 7-րդ օրը։ Ինչպէս անցեալ օրերուն, կը փորձենք ներկայացնել ուշագրաւ տուեալները, անկիւն մը առնել դիտելու համար։

Չորեքշաբթի, Մարտ 2, 2022

Էականն ու երկրորդականը անպայման պէտք է զանազանուին իրարմէ, միանշանակ։ Յաճախ, սակայն, մանրամասնութիւններու մէջ թաքնուած կ՚ըլլայ գաղտնիքը, խորհուրդը։ Զանազանութիւններու մէջ ինքնին առանձնանալը չունի՞ նշանակութիւն։

Էջեր