ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԺԱ.)
Պատմութիւնը ուսումնասիրելով կը տեսնենք, թէ թրքախօս դպրոցներէ բացի անցեալին գոյութիւն ունեցած են վրացախօս եւ չերքեզախօս հայկական դպրոցներ, ոչ միայն Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ, այլ Հայաստանի, մինչեւ իսկ Ռուսաստանի տարածքին: Այդ մանուկներուն համար հայերէնը մայրենի լեզու ըլլալով հանդերձ օտար լեզու մըն էր, որովհետեւ ի տարբերութիւն մեր օրերուն, անոնց ծնողները եւս օտարախօսներ էին. այսօր շատ մը հայրեր ու մայրեր լաւապէս կը տիրապետեն հայերէն լեզուին, սակայն չես գիտեր ինչպէ՞ս իրենց զաւակներուն համար հայերէն լեզուն կը մնայ օտար:
Վերոյիշեալ թրքախօս, վրացախօս ու չերքեզախօս մանուկները դէպի հայութիւն բերելու համար այլ աշխատանք մը կատարած է Երեմիա Վրդ. Ստեփանեանց՝ «Ուղեցոյց հայոց լեզուի աւանդական բնական ձեւը» խորագրով, որ հրատարակուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տպարանէն՝ 1907 թուականին: Երեմիա Վարդապետ լաւապէս ուսումնասիրած կ՚երեւի թրքախօս, վրացախօս եւ չերքեզախօս մանուկները եւ իր աշխատութեան յառաջաբանին մէջ կը գրէ. «Ամէն մինի մայրենի լեզուն համարւում է այն լեզուն, որով նոքա խօսում են», սակայն այս տողին տակ գրողը կը գրէ հետեւեալ կարեւոր նշումը. «բայց ազգով ու կրօնով շատ լաւ ՀԱՅ են»:
Այդ իսկ պատճառով անցեալին հայերէնի ուսուցիչ ընտրած ժամանակ իր հայերէն լեզուի իմացութեան կողքին կարեւոր էր նաեւ օտար լեզուի գիտութիւնը. օրինակի համար, Թուրքիոյ հայկական գաւառներուն մէջ կարելի չէր հայերէն լեզուի ուսուցիչ ըլլալ՝ առանց թրքերէնի իմացութեան, որովհետեւ կար այն զաւեշտը, որ հայ աշակերտներուն հայերէն մայրենի լեզուն պէտք էր սորվեցնել թրքերէնով:
Յայտնենք, որ այդ ժամանակուան ժողովուրդը այս օտարախօսութեան համար եւս կը մեղադրէր եկեղեցին, որովհետեւ գաւառներու «ղեկավարութիւն»ը իրենց ձեռքը ըլլալով՝ անոնք չէին կրցած տեղական դպրոցներու մէջ լաւապէս հաստատել հայերէն լեզուի գիտութիւնը: Երեմիա Վարդապետ այդ բացթողումը կը վերագրէ մանկավարժութենէ չհասկցող առաջնորդներու գոյութեան, որովհետեւ կարծուածէն շատ աւելի բարդ ու նուրբ խնդիր մըն է այդ օտարախօս մանուկները հայախօս դարձնելը եւ գուցէ մի քանի օրուան ընթացքին ըլլալիք բան մը չըլլայ:
Օտարախօսութեան հարցը քննարկուած է թէ՛ ազգային եւ թէ եկեղեցական բազմաթիւ ժողովներու եւ հանդիպումներու ընթացքին. 1900-ական թուականներուն կազմակերպուած ժողովի մը ընթացքին պատգամաւոր մը հետեւեալ մտահոգութիւնը կը բարձրաձայնէր.- «Մեզ ամօթ է, որ ինքներս մեր լեզուն չգիտենք. ո՞ւր մնաց որ մեր որդիքն էլ պիտի զրկուին, էլ ինչո՞վ պէտք է ցոյց տալ, որ մենք հայ ենք»։ Ան այս մտահոգութիւնը կը բարձրաձայնէր, որովհետեւ կը հաւատար, թէ լեզուն հզօր կապ մըն է անձը իր ազգութեան հետ կապող:
Գոյութիւն ունէր կարեւոր հետեւեալ խնդիրը. շատեր դպրոցը կ՚ընդունէին որպէս ազգապահպանման օրրան, իսկ շատեր ազգապահպանումը մէկ կողմ դրած շեշտը կ՚ուզէին դնել մանուկի զարգացումին. օրինակի համար, շատեր կ՚առաջարկէին դպրոցի բոլոր նիւթերը դասաւանդել հայերէն լեզուով, իսկ շատեր լեզուն մէկ կողմ դրած կը պնդէին, թէ դասանիւթերը պէտք է դասաւանդուին մանուկին հասկնալի լեզուով՝ որպէսզի աւելիով հասկնայ ու տիրապետէ նիւթին. հետեւաբար պէտք էր որոշել, թէ ո՞ր մէկը աւելի կարեւոր է՝ ուսումը թէ ազգապահպանումը:
Անցնինք մեր բառերուն.-
ԼԶ.- ԽՈՒՄԱՇ
Այս բառը գործածուած է թէ՛ մատենագիրներուն մօտ եւ թէ գրողներուն. օրինակի համար, առակագիր Վարդան Այգեկցի իր «Արուեստք կնոջ» աշխատութեան մէջ կը յիշէ այդ բառը՝ ըսելով. «մեծարեաց 'ի տուն իւր եւ առեալ գնացհամարելով, թէ խումաշ եւ ոսկի եւ արծաթ շատ ունի»:
Բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան եւս «Առ Թագուհի Այտային» բանաստեղծութեան մէջ կը գործածէ այս բառը՝ ըսելով. «Ժամանակէն միշտ անմաշ/ Ըլլայ կենաց քո խումաշ»:
Խումաշ բառը իր նամակներուն մէջ կը գործածէ նաեւ Գրիգոր Զօհրապ. օրինակի համար, իր կնոջ՝ Գլարա Զօհրապին 23 օգոստոս 1911 թուականին գրած իր մէկ նամակին մէջ Զօհրապ կ՚ըսէ. «Գացեր էի եւ երկու խումաշ զատեր էի....»:
Այս բառը կարելի է գտնել նաեւ Յակոբ Պարոնեանի «Խիկար» եւ «Գրպանի տետրս» աշխատութեան մէջ:
Յովսէփ Մալէզեան խումաշ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել կերպաս հայերէն բառը:
ԼԷ.- ԽՈՒՅՈՒՄՃԻ
Խույումճի բառը որպէս ածական գործածուող բառերէն մէկն է, ուրկէ առաջ եկած է Գույումճեան մականունը: Գրողներու մօտ կը հանդիպինք շատ մը խույումճիներու. օրինակի համար, Գրիգոր Զօհրապ «Լուռ ցաւեր» աշխատութեան «Լուսահոգին» գուլխին տակ կը յիշէ Խույումճի Նիկողայոս մը, իսկ Երուխան իր «Ամիրային աղջիկը» աշխատութեան մէջ կը յիշէ Խույումճի Նշան մը: Խույումճի բառը գործածողներէն մէկն է նաեւ Արփիար Արփիարեան՝ իր «Ոսկի ապրջան» աշխատութեան մէջ:
Յովսէփ Մալէզեան խույումճի բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել ոսկերիչ բառը:
ԼԸ.- ԽՈՒՇ
Այս բառին կարելի է հանդիպիլ հին բանաստեղծութիւններու եւ երգերու մէջ. օրինակի համար, Նահապետ Քուչակ իր «Անտունիներ» գործին մէջ կ՚ըսէ.
«Ձըգեց խուշ թիւյիւ տէօշէկ, մարգըրտէ եոռղան ի վըրան։
Սազեց խուշ թիւյիւ տէօշէկ, մարգըրտէ եոռղան ի վըրան»:
Այս բառը կը գտնենք Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներուն մէջ» աշխատութեան մէջ, ուր գրողը կ՚ըսէ. «Չիֆթէներով խուշ կը զարնուի, մարդ չզարնուիր»:
Յովսէփ Մալէզեան կ՚առաջարկէ գործածել թռչուն հայերէն բառը:
ԼԹ.- ԽՈՒՐՈՒՇ / ՂՈՒՐՈՒՇ
Այս բառը շատ գործածուած բառերէն մէկն է, որ գրեթէ կարելի է հանդիպիլ բոլոր պոլսահայ գրողներու մօտ: Բառ՝ որ կարելի է գտնել Արփիար Արփիարեանի, Յակոբ Պարոնեանի, Գարեգին Սրտուանձտեանցի, Գրիգոր Զօհրապի, Մելքոն Կիւրճեանի եւ բազմաթիւ այլ գրողներու մօտ:
Օրինակի համար, Զօհրապ իր նամակներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Երէկ իրիկուն մեկնելս իմացնող ուրիշ հեռագիր մը տուի. 788 ղուրուշ (1 ա.) մը քաշեցի եւ հոն ալ ճամբայ ելլելս գրեցի»:
Արփիարեան կը գրէ. «Երսուն ղուրուշ ալ խթումի իրիկուան եւ Զատկի կիրակիին ուտելիքին համար տուած էր, չէօրէկը մէջը չըլլալով»:
Մելքոն Կիւրճեան կը գրէ. «Վարդան աղբար, էսօր քեզի շատ փարա տի տամ. քանի՞ ղուրուշ կ’ուզես»:
Յովսէփ Մալէզեան խուրուշ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել դահեկան հայերէն տարբերակը:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -327-
Արեւելահայեր յաճախ զարմանքով հարց կու տան, թէ սփիւռքի հայութիւնը առանց Թուրքիա ապրելու եւ կամ դպրոցին մէջ թրքերէն լեզուն սորվելու, ինչպէ՞ս թրքերէն գիտեն. պատասխանը պարզ է. տամ իմ օրինակս:
Մէկ մեծ մայրս ծնած էր Թուրքիոյ մէջ, իսկ միւս մեծ մայրս, հակառակ Թուրքիա ծնած չըլլալուն, մեծաւ մասամբ թրքախօս էր. անոնք առտուները սուրճ խմելու ժամանակ իրարու հետ թրքերէն կը խօսէին՝ մանաւանդ եթէ նիւթ մըն էր, որ կ՚ուզէին մեզմէ գաղտնի պահել: Այնպէս ինչպէս մանուկը հայերէնը լսելով, նոյնպէս ալ թրքերէնը լսելով է որ կը սորվի։ Ժամանակ մը ետք կը նկատես, որ սկսած ես վեր ի վարոյ հասկնալ անոնց խօսածներն ու ըսածները մինչեւ հասնի տեղ, որ գաղտնի խօսակցութիւնները այլեւս գաղտնի չեն ըլլար քեզի համար ու կը սկսիս ամբողջովին հասկնալ:
Սփիւռքի տարածքին ապրող հայերու մեծամասնութիւնը այս ձեւով է որ սորված է թրքերէն լեզուն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 05/01/2025
- 05/01/2025