«ՅՈՅՍ» ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՁԳՏԻ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ԶՕՐԱՇԱՐԺ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵԼ՝ ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱԳՐԱՒՄԱՆ ՆՊԱՏԱԿՈՎ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս 2022 թուականէն ի վեր ուշագրաւ գործունէութիւն կը ծաւալէ «Յոյս» միաւորումը, որ հետամուտ է յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներու խնամքը ապահովելու։ Այս խմբաւորման գործունէութիւնը այնպիսիս կէտի մը հասած է, որ աւելի արդիւնաւէտ եւ նպատակասլաց ըլլալու տեսակէտէ անհրաժեշտ դարձած է պաշտօնական կարգավիճակ մը ձեռք բերել։ Ուստի, հիմնադրուած է «Յոյս» միութիւնը։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Յոյս»էն խումբ մը ներկայացուցիչներ. յանձինն՝ քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեանի, Թանիա Մարուքեանի, Յովհաննէս Սիւյլիւնօղլուի եւ Լեւոն Եըլտըրըմեանի։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մէկ կողմէ բացատրեցին իրենց մարդասիրական մղումը, իսկ միւս կողմէ մասնագիտական մակարդակի բացատրութիւններ տուին՝ «նէօրոտարբերութեամբ» տղոց պարագային նախատեսուած քայլերը։ Հիւրերը շեշտեցին, որ համայնքէ ներս համեստ խաւերէ բազում ընտանիքներ ունին յատուկ խնամքի կարօտ զաւակներ եւ այդ երեխաներու պարագան չի կրնար միայն այդ ընտանիքներու խնդիրը համարուիլ։ Այդ ընտանիքները բառին բուն իմաստով կը կքին այդ երեխաներու խնամքի դժուարութիւններուն ներքեւ, ուստի, իրենք շարժման անցած են այդ գործը յարաբերաբար դիւրացնելու կամ տանելի դարձնելու համար։
«Յոյս»ը բաց, հասանելի եւ թափանցիկ միաւորում մը ըլլալով գործունէութիւն կը ծաւալէ եւ իր հիմնական նպատակն է համայնքէն ներս զօրակոչի մը մթնոլորտը ստեղծել՝ այդ երեխաներու խնդիրները արծարծուած պահելու եւ անոնց վրայ հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու տեսակէտէ։
«Յոյս»ի ներկայացուցիչները մեզի յայտնեցին, որ վերջին տարիներուն յարատեւ աշխատանք կը տանին, իւրաքանչիւր քայլափոխին կը յայտնաբերուին նոր պարագաներ եւ իրենք համոզուած են, թէ այս պահու դրութեամբ տեսնուածէն իրականութեան մէջ շատ աւելի մեծ է հասնելիք զանգուածը։ Միութեան կողմէ աշխատանքները կը ծաւալուին համայնքային վարժարաններու հետ համագործակցութեամբ։ Սեմինարներ կը կազմակերպուին, որպէսզի մեր վարժարանները յաճախող յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներու նկատմամբ անհրաժեշտ վերաբերմունքը ապահովուի կրթական մշակներու կողմէ։ «Յոյս»ի տեսակէտէ չափազանց նշանակութիւն ունի նաեւ այս զօրակոչի պարագային համայնքի երիտասարդներուն զգայնութիւնը չափելը. բան մը, որու առաջին արդիւնքները կը համարուին դրական։
Յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներու ուղղեալ գործունէութեան պարագային, բնականաբար, բոլորի միտքին կու գան բաղդատութիւններ ZİBEÇ-ի հետ, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը նոյն նպատակներով կը գործէր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս։ Թէեւ նպատակները ունին նմանութիւններ, սակայն, «Յոյս»ի ներուժը այս պահուն շատ հեռու է ZİBEÇ-էն։ Հիւրերը յայտնեցին, որ ժամանակի ընթացքին կը նախատեսեն իրենց գործունէութիւնը հասցնել այնպիսի մակարդակի մը, որ կարողանան մասնաւոր երդիք մը ունենալ եւ ծնողներուն տեսակէտէ ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ մը, որ անոնք վստահ ըլլան, թէ իրենցմէ վերջ ալ յատուկ խնամքի կարօտ իրենց զաւակները անտէր եւ անպատսպար պիտի չմնան։