Շաբաթ 27, Դեկտեմբեր 2025
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ
Երէկ, Սուրբ Ծնունդի առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորական այցելութեան փութաց Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ քաղաքիս Պատրիարքական փոխանորդին՝ Եուսուֆ Չեթին մետրապոլիտին։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն շնորհաւորեց մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթինը եւ անոր անձին մէջ Ասորի ուղղափառ համայնքը՝ Սուրդ Ծնունդի եւ Ամանորի առթիւ։
Եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ընթացած զրոյցի աւարտին մետրապոլիտ Չեթին շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր՝ մինչ կրկնուեցան բարեմաղթանքները։
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025