Արխիւ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2024

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թրքահայ կեանքէն ներս շրջանառութեան մէջ են Գալֆաեան տան վերաբերեալ լսումներ։ Այսպէս, խնամակալութենէն ներս ծագած են տարաձայնութիւններ, յառաջացած է պառակտում եւ ատենապետ Ալֆրէտ Սունա հրաժարած է, եւս քանի մը խնամակալ կրնայ հրաժարիլ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարանի խոշորագոյն նուիրատուներուն մէջ առանձնակի երախտիքով կը նշուի կեսարացի Յարութիւն Հազարեանի անունը: Այդ անուան հետ սերտ առընչուած է հայկական մշակոյթի գանձերու հայրենադարձութեան շարժումը, որ սկիզբ առած է անցեալ դարու կէսերուն եւ կը շարունակուի մինչ այսօր:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Յաճախ կը խօսինք եւ կը լսենք անորոշութեան մասին, բայց թերեւս մեզմէ շատերը չեն մտածած, թէ խորքին մէջ ի՛նչ է անորոշութիւնը, կամ ուրկէ՞ կու գայ:
Բառարանները անորոշութիւնը կը բացատրեն որպէս անստուգութիւն, տարտամութիւն, անյստակութիւն: 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սա անուրանալի իրականութիւն մըն է, թէ՝ դժուար է պատմութիւնը անջատել առօրեայ քաղաքականութենէն, եւ աւելի կամ նուազ ճշդուած լուրերու խիտ ցանցին մէջէն զատորոշել այսօրուան, ներկայ երեւոյթները, որոնք վաղուան «պատմութիւն»ը պիտի ըլլան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդ արարած ունի բազմաթիւ զգացումներ ու յուզումնական վիճակներ, սակայն, անոնց մէջ կան որոշ աստիճանաւորումներ, որովհետեւ իւրաքանչիւր զգացում մարդուն մօտ տարբեր ազդեցութիւն կը գործէ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2024

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ ոգեկոչուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալներէն Տ. Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Քաքմաճեան, որ գաւազանագիրքին մէջ կ՚առանձնանայ՝ միայն տասներկու օր գահակալած ըլլալով։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2024

Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Եդուարդ Թովմասեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը, որ վերածուեցաւ իր վայելած համատարած սիրոյ ու համակրանքի վառ դրսեւորման։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2024

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու յատուկ ներկայացուցիչն է, երէկ, Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի դիւանագիտական հարցերով խորհրդական Էնվէր Կարկաշի հետ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2024

Դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունուեցաւ Ֆրանսայի բանակի նախարար Սեպաստիան Լըքոռնիւի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2024

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համատ էլ Սանին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2024

«Շուշիի հռչակագրով Անգարա եւ Պաքու պարտաւոր են իրարու օգնելու՝ արտաքին սպառնալիքի կամ յարձակման պարագային»:
Հարցազրոյց ռուսական լրատուամիջոցի. Իլհամ Ալիեւ Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ ռազմախարիսխի մը հաստատման կարիքը չի տեսներ:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2024

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Ազնուական մարդը, որ իր սրտին մէջ ամբարած էր սէր եւ նուիրուածութիւն: Սէրը մարդուն նկատմամբ՝ ուր Եդուարդ կը ստեղծէր հաղորդականութիւն իր անմիջական շրջապատին մէջ ու տակաւին անդին: Եթէ ես ալ կայի «անդին»ին մէջ, ուր տեսած էի իր մարդկային ջերմ հաղորդականութիւնը՝ թէկուզ աշխարահգրականօրէն հեռու:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2024

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Անցնող 3 հոկտեմբերին, արաբական երկիրները նշեցին Մանուկներու համաշխարհային օրը, յենլով ԻՒՆԷՍՔՕ-էն եկած պաշտօնական թելադրութեան վրայ, որ ուղարկուած էր Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան անդամ բոլոր երկիրներուն:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հայ Եկեղեցւոյ լուսապայծառ ջահակիրներէն Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը՝ որ հեղինակն է «Հաւատով Խոստովանիմ»ին, այս աղօթքի նկատմամբ հետեւեալ խրատականը կ՚ուղղէ հայ հաւատացեալ եւ հաւատաւոր ժողովուրդին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2024

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Վարշաւիոյ նորանշանակ մետրապոլիտ Ատրիան Ժոզէֆ Կալպասի գահակալութեան արարողութեան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2024

Պէյօղլուի ընտանիքը շաբաթավերջին հիւրընկալեց հոգեբոյժ փրոֆ. Եանքը Եազկանը, որ Թուրքիոյ յառաջատար մասնագէտներու շարքին կը դասուի՝ կրթադաստիարակչական գծով։ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի եւ Էսաեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ասուլիսը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարը. «Երկինքի բարձրութիւնն ու երկրի խորութիւնը եւ թագաւորներուն սիրտը չեն քննուիր» (Առ 25.3):

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Օրհնութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութենէն լոյս տեսած «Կնքահայրութեան դերն ու նշանակութիւնը» գիրքին հեղինակը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանններէն Տ․ Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան իր աշխատութեան մէջ կու տայ կնքահօր առընչուող բազում հարցումներու պատասխաններ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ներկայ սերունդին նկարագրի ամենատխուր յատկանիշներէն մին է թեթեւաբարոյութիւնը։ Ո՛չ մէկ երկիւղածութիւն ունին անոնք բարոյական արժէքներու եւ սուրբ բաներու հանդէպ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկային կեանքի հիմնաքարերէն մէկը եղած է երազը եւ գուցէ այդ գիտակցութեամբ է, որ հոգելոյս Զարեհ. Արք. Ազնաւորեան իր գրութիւններէն մէկուն մէջ խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան՝ հետեւեալ յորդորը կը բարձրացնէ. «երա՛զ ունեցէք»:

Էջեր