ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Խաչվերացի տօնին առթիւ Սկիւտարի բարձունքին տեղի ունեցան աւանդական կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնք համախմբեցին թրքահայ ազգային-եկեղեցական շրջանակները։ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը նշուեցաւ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ամեն տարի Խաչվերացի տօնին կը նշուի՝ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը, որ կարծես յատուկ ժամադրութեան մը վերածուած է տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ։ 

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ, օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներով, որոնք ունկնդրեցին սրբազան երգեցողութեան, որ այնքան տպաւորիչ էր։ Երգեցողութիւնները կատարուեցաւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրաց-դաս երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր քարոզէն վերջ բազմաթիւ հաւատացեալներ Ս. Հաղորդութիւն ստացան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատար-ւեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։ 

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Բացօթեայ հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ։ Ատենապետ Պերճ Զնկըքի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր անոնք, որոնք համախմբուած էին սիրոյ սեղաններուն շուրջ։ Հիւրերու շարքին էին բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով։ 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2025