71-ՐԴ ՅՈՒԶԻՉ ՏԱՐԵԴԱՐՁ. «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐԸ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՆ 17-ՐԴ ԱՆԳԱՄ
Երէկ, նահատակ լրագրող-հրապարակագիր Հրանդ Տինք ոգեկոչուեցաւ իր ծննդեան տարեդարձին առթիւ։ Ան պիտի դառնար 71 տարեկան եւ իր տարեդարձը հերթական անգամ համախմբեց հոծ բազմութիւն մը։ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, այս տարի եւս, իր ծննդեան տարեդարձի օրին յանձնուեցան համանուն մրցանակները։ Հարպիյէի «Լիւթֆի Քըրտար» համագումարներու կեդրոնի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որու ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր։ Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինք ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր։ «Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակները այս տարի յանձնուեցան 17-րդ անգամ։
2025 թուականի մրցանակներու դափնեկիրները դարձան՝ Թուրքիայէն սնունդի ճարտարագէտ տքթ. Պիւլենտ Շըք եւ արտասահմանէն միջազգային իրաւապաշտպան Հելենա Մալենօ Կարցոն, որ գաղթականներու իրաւունքները կը պաշտպանէ։
Երեկոյթի ընթացքին հնչած ելոյթներու ընթացքին Հրանդ Տինք վերյիշուեցաւ բիւր յարգանքով ու անսահ-ման սիրով՝ մինչ բոլորը զգայնութիւն արտայայտեց՝ անոր աւանդին հաւատարիմ մնալու ուղղութեամբ։