Ս. ԽԱՉ. ԱՊԱՒԷՆ ՀԱՒԱՏԱՑԵԼՈՑ
«Խաչ քո եղիցի մեզ ապաւէն Տէր Յիսուս»
(Ժամագիրք)
Խաչի գաղափարը Աւետարանի մէջ առաջին անգամ կը նշուի Քրիստոսի քարոզութեան մէջ, ուր Աստուծոյ Միածին Որդին կ՚ըսէ. «Ով որ իր խաչը չ՚առներ եւ իմ ետեւէս չի գար, արժանի չէ ինծի» (Մատթէոս, 10.38)։ Քրիստոսի հետեւելու ճանապարհին ընդգրկելի զոհողութեանց մասին կը խօսի Քրիստոս, որ իր մէջ ունի թելադրական պատգամ, ըստ որուն Աւետարանի հետեւելու պարագային պէտք է յանձն առնել նեղութենէ չփախչիլ։ Ըստ Յովհաննէս Երզնկացիի մեկնութեան, նախ քան իր մահուան մասին յստակ կերպով արտայայտուիլը, Քրիստոս այս բառերով կը գուշակէ իր մահը, ինչ որ պիտի իրականանար Գողգոթայի բարձունքին վրայ։ Ցաւալի իրողութիւն է, թէ Երուսաղէմ մուտքին ովսաննաներով դիմաւորուած Քրիստոսի մասին Պիղատոսի առջեւ երկիցս լսուեցաւ. «Խաչը հանէ զայն» (Մարկոս, 15.13-15) աղաղակը։ Մոլեգնած հրեայ ամբոխի այս աղաղակին ընդմէջէն խաչը կը յայտարարուէր որպէս մահապատիժի գործիք՝ Քրիստոսը մահուան դատապարտել տալու համար։ Խաչը այս առումով թէեւ կը յիշեցնէ տառապանքը, չարչարանքը եւ մանաւանդ մահը, սակայն այս բոլորին առընթեր Խաչվերացի տաղաւարը առանց բաժնուելու խաչի տառապանքի եւ Քրիստոսի խաչի վրայի մահուան ճշմարտութենէն, որով փրկութիւն պարգեւուեցաւ մարդկութեան, իր վրայէն թօթափած է սուգի սեւազգեստ մթնոլորտը։ Ընդհակառակը կայ ուրախութիւն մը, հոգեւոր ցնծութիւն մը, քանի որ կը յիշատակուի Ս. Խաչի բարձրացումը եւ անով կատարուած աշխարհօրհնէքը։
Եօթներորդ դարուն, հաւատացեալներ՝ որոնք բոլորով սրտիւ հաւատացած էին, թէ աշխարհի Փրկչին Խաչի վրայ մատուցած անկրկնելի Սուրբ Պատարագով, Խաչի վրայ թափուած Սուրբ Արիւնով լուացուած եւ մաքրուած էին մեղքէն, այս Սուրբ Արեան գնով գնուած ըլլալով մեղքի ծառայութենէն։ Եւ դարձեալ հաւատացած էին, թէ այս անկրկնելի Սուրբ Պատարագին շնորհիւ Խաչը մերկացած էր չարչարանքի, տառապանքի գործիք ըլլալու իմաստէն եւ զգեցած՝ նոր իմաստ մը, որ էր Պօղոս առաքեալի բառերով «պարծանքի նշան»։ Տարսոնացի առաքեալը կը գրէր. «Սակայն քաւ լիցի որ ես պարծենալու ուրիշ բան ունենամ, քան մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչը միայն» (Գաղատացիս, 6.14)։
Այս զօրաւոր հաւատքն էր, որ Սուրբ Խաչի գերութեան ականատեսը եղած ի Քրիստոս հաւատացեալներուն մէջ յառաջացուց անհանդուրժողութեան ոգին ընդդէմ պարսից։ Անոնց համար անընդունելի էր իրենց պարծանքի նշանին ի ձեռս հեթանոսաց մատնուիլը։ Այն Խաչը, որ կարեւորութիւն զգեցած էր փրկութեան նշան ըլլալով, պէտք էր ազատագրուէր ու դուրս գար Պարսկաստանէն, ուր կը մնար գերեվարուած։ Հաւատքը եկաւ իր զօրութիւնը գործելով։ Հաւատացեալներ միացան Բիւզանդիոնի արքայական բանակին եւ ի վերջոյ Աստուածային օգնութեամբ տարուած յաղթանակի ուրախութիւնը կրկնապատկուեցաւ ազատագրուած Սուրբ Խաչին ներկայութեամբ։ Քրիստոնեայ հաւատացեալներ ազատագրուած Խաչափայտը բարձրացուցին եւ քրիստոնեայ ժողովուրդներու բնակած երկիրներէն թափօրներով անցան։ Մեծ էր հաւատացեալներու ուրախութիւնը, քանի որ անոնք կը վայելէին իրենց հոգեւոր կեանքի ապաւէնին՝ ազատագրուած Սուրբ Խաչին զօրութիւնն ու օրհնութիւնը։
Հայ Եկեղեցւոյ գոհար երգարանին՝ «Շարական»ի բառերով Սուրբ Խաչը կը ներկայացուի որպէս «գաւազան զօրութեան», «զէն յաղթութեան», «աթոռ տէրունեան», «սեղան սրբութեան»։ «Ժամագիրք»ի պահոց օրերու առաւօտեան ժամերգութիւնը մաղթանքով մը կը մօտենայ աւարտին, որուն առաջին բառերն են. «Խաչ քո եղիցի մեզ ապաւէն, Տէր Յիսուս»։ Աշխարհի վրայ չկայ մէկը, որ ապաւէնի, օգնութեան չկարօտի։ Անկարօտը Աստուած է միայն։ Հետեւաբար երբ նիւթական կամ աշխարհիկ առումով կարիքը կ՚ունենանք մեծ կամ փոքր օժանդակութեան, բնականաբար մեր երկրաւոր կեանքը, որ պատրաստութիւն է յաւիտենական կեանքի հասնելու, չենք կրնար վարել առանց բարոյական օժանդակութեան։ Պէտք է ի մտի ունենանք, թէ մեզի օժանդակութեան կը փութայ Սուրբ Գիրքը, երբ կը դրսեւորենք կամքը Անոր հասնելու։ Աստուած կը յայտնուի իր անբաւ մարդասիրութեամբը, որով կը սորվինք, թէ «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ հաւատայ անոր՝ չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յովհաննէս, 3.16-17)։ Այս սիրոյ ճշմարտութիւնն է մեր ապաւէնը, որ վստահութիւն կը ներշնչէ։
Սուրբ Խաչը մեր մեծագոյն ապաւէնն է, իր խորիմաստ խորհուրդով։ Ծերունիներ կամ անզօրութեան մատնուածներ կը կարօտին գաւազանի եւ այդպէս կը շարունակեն իրենց կեանքը։ Սուրբ Խաչը բարոյական իմաստով եւ դարձեալ շարականի բառերով «Գաւազան զօրութեան» է։ Երբ որ կը տկարանանք՝ կը լսենք Սուրբ Գիրքէն կոչ մը. «Զօրացուցէ՛ք թուլցած ձեռքերը ու դողդոջուն ծունկերը։ Թուլասիրտներուն ըսէ՛ք. զօրացէք եւ մի՛ վախնաք» (Եսայի, 35.3-4)։ Զօրութիւնը կու գայ Սուրբ Խաչէն։ Սուրբ Խաչէն տարածուած փրկագործութեան խորհուրդի զօրութեան աւետիսէն։ Այս աւետիսին նկատմամբ եղած աներեր հաւատքը, մեզ ոտքի կը պահէ։ Նեղութեան, դժուարութեան, անսպասելի ցաւերու պարագային կը հասնի օգնութեան, երբ բոլորով սրտիւ ու հաւատքով կ՚արտասանենք մեր ժողովուրդի մամիկներուն ժողովրդականացած եւ համակ հաւատք բուրող բառերը. «Մեծ է Քրիստոսի զօրութիւնը»։ Այդ բառերը ո՛չ միայն հաւատք կը բուրեն, այլ նաեւ՝ յոյս, հանդէպ Աստուծոյ Միածին Որդւոյն, որուն գերագոյն զոհողութեան եւ անսահման սիրոյ նշան Սուրբ Պատարագին կը պարտինք մեր փրկութիւնը։
Խաչը այն աստիճան կարեւոր է մեր կեանքին համար, որ եկեղեցին խաչին կարեւորութիւնը կը յիշեցնէ Սուրբ Զատկի պատրաստութեան սահմանուած Մեծ պահքի ապաշխարութեան շրջանին փակեալ վարագոյրին առջեւ տեղադրուած պահելով խաչելութեան սրբանկարը, որ ինքնին կը խօսի հաւատացեալներուն, թէ խաչի պատարագը մեղքին պատճառաւ փակուած կենաց ծառին ճանապարհին բացման բանալին է ։
Եկեղեցին Քրիստոսի մարմինն է եւ նոյնացած՝ խաչի նշանով։ Եկեղեցին անկարելի է երեւակայել առանց խաչի նշանին։ Տաճարներու գմբէթները, Սուրբ սեղանները կը կրեն բարձրադիր խաչի նշանը։ Նոյնն է պարագան հաւատացեալներու համար, որոնք «կենդանի Աստուծոյ տաճարներն» են (Բ. Կորնթացիս, 6.16) անոնց կեանքի բարոյական բարձունքներուն վրայ պարտի շողշողալ խաչի նշանին լոյսը, որպէս զօրութեան աղբիւր եւ ապաւէն։ Մերօրեայ պայմաններուն մէջ կ՚արժէ հարց տալ, թէ բարձր կը պահե՞նք խաչի խորհուրդը մեր կեանքէն ներս, թէ ոչ կամայ եւ ակամայ փախուստ կու տանք անկէ, կամ ստուեր կ՚ածենք անոր վրայ։ Եթէ բարձր կը պահենք խաչի խորհուրդը, այդ կը վերածուի օրհնութեան։ Պէտք չէ մոռնանք, որ Խաչեալը գերագոյն շնորհն է, տրուած մարդկութեան։ Եթէ կը մնանք կապուած այս շնորհին, զայն բարձր պահելով «անոր լիութենէն կը ստանանք շնորհք, շնորհի փոխարէն» (Յովհաննէս, 1.16-17)։ Նկատելով, որ հակառակը անբաղձալի է, մեզի համար ընտրենք խաչի խորհուրդին հաւատարիմ մնալու եւ զայն բարձր պահելու, խաչը մեր կեանքի որպէս ապաւէն ընկալելու ճանապարհը։
Խաչվերացի տաղաւարը առիթ մըն է Սուրբ Եկեղեցւոյ պատմութեան այս փառաւոր դէպքի իմաստին լաւագոյնս թափանցելու։ Այդ երբ իրականանայ՝ մեր վզերուն կրած խաչի նշանը ճշմարտապէս կ՚իմաստաւորուի, ձերբազատուելով զարդի երեւոյթէն։
Սուրբ Խաչը մեր կեանքին որպէս ապաւէն ընտրած, աղօթենք, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի բառերով. «Արարածները խնամող Տէր, քու խաչիդ նշանովը հեռու պահէ հոգիս եւ մարմինս՝ մեղքի խաբկանքներէն, դեւերու փորձութիւններէն, անիրաւ մարդերէն եւ հոգիի ու մարմնի ամէն տեսակի վտանգներէն» (Ժամագիրք)։
Աստուած ընդունի մեր աղօթքներն ու պաղատանքները եւ օգնէ բոլորիս։ Ամենայաղթ Սուրբ Խաչի նշանին հովանիին տակ հեռու մնանք սատանայական փորձութիւններէն։ Շնորհք, սէր եւ խաղաղութիւն ընդ մեզ եղիցի. ամէն։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
12 սեպտեմբեր, 2025, Գնալը կղզի