ԵՐԿԱՆԵԱՆՆԵՐՈՒ ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻ ԿՆԻՔԸ
Շաբաթավերջին, Թոփգաբուի ընտանիքը համայնքային շրջանակները հիւրընկալեց՝ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ամրակայուած շէնքի պաշտօնական բացման արարողութեան առթիւ, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ամրան արձակուրդի ամիսներուն Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը երկրաշարժի դէմ դիմադրունակ դարձնելու նպատակով տարուեցան ծաւալուն շինարարական աշխատանքներ։ Շէնքը ենթարկուեցաւ լուրջ աշխատանքներու, որոնց շնորհիւ արդէն ան այժմ շատ աւելի ապահով կը համարուի՝ հաւանական երկրաշարժի մը դէմ։ Սա իսկապէս լուրջ ձեռքբերում մըն է Թոփգաբուի ընտանիքին տեսակէտէ՝ մանաւանդ, որ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ հրատապ հարց դարձած է դպրոցական շէնքերու երկրաշարժի դէմ դիմադրողականութեան տկարութիւնը։
Պաշտօնական բացման արարողութիւնը անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Բացի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօրմէ, ներկաներու շարքին էին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։ Անշուշտ, Թոփգաբուի սիւներէն Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլը այս հանդիսութեան ընթացքին բոլորովին տարբեր զգացումներով համակուած էր։ Արդարեւ, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տեսակէտէ ճակատագրային այս նախագիծն ալ կեանքի կոչուած է անոնց զօրակցութեամբ։ Ուստի, Թոփգաբուի ընտանիքը պաշտօնական բացման արարողութիւնը պատեհ առիթ նկատած էր՝ համայնքային շրջանակներուն առջեւ ծանօթացնելու համար այն ցուցատախտակը, որ Երկանեան ամոլին ի պատիւ զետեղուած է դպրոցին մէջ։ Այդ ցուցատախտակին վրայ արձանագրուած է Երկանեան ամոլին անփոխարինելի դերակատարութիւնը՝ վարժարանի գործունէութեան յարատեւութեան ճանապարհին։
Պաշտօնական բացման արարողութեան յայտագրին ընթացքին տեղի ունեցան զանազան ելոյթներ։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին իր բարձր գնահատանքը արտայայտեց Երկանեան ամոլին նկատմամբ, որ տասնամեակներէ ի վեր անխափան իր ներդրումն ու նպաստը կը բերէ համայնքային կեանքին։